Ավետարան ըստ Մատթէոսի

24

Տաճարին աւերման մասինկը խօսի Յիսուս

1Եւ Յիսուս տաճարէն դուրս ելլելով կ’երթար, ու աշակերտները անոր քով գացին տաճարին շէնքերը իրեն ցուցնելու։ 2Եւ Յիսուս անոնց ըսաւ, Չէ՞ք տեսներ այդ ամէն բաները. ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Պիտի չմնայ հոս քար քարի վրայ՝ որ չքակուի։

Նեղութիւններ և հալածանքներ

3Ու երբ անիկա Ձիթենեաց լեռը նստեր էր, աշակերտները իրեն եկան առանձին ու ըսին, Ըսէ մեզի, ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները. և քու գալուստիդ ու աշխարհիս վերջին նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ։ 4Եւ Յիսուս պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց, Զգոյշ կեցէք, չըլլայ որ մէկը ձեզ խաբէ։ 5Վասն զի շատերը պիտի գան իմ անունովս ու ըսեն թէ Ես եմ Քրիստոսը, ու շատերը պիտի մոլորեցնեն։ 6Եւ պիտի լսէք պատերազմներ ու պատերազմներու լուրեր. զգոյշ կեցէք որ չխռովիք. վասն զի այն ամէն բաները պէտք է որ ըլլան, բայց դեռ վերջը չէ։ 7Վասն զի ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ, ու թագաւորութիւն թագաւորութեան վըրայ, և տեղ տեղ սովեր ու մահտարաժամներ և երկրաշարժութիւններ պիտի ըլլան։ 8Բայց ասոնք ամէնը ցաւերուն սկիզբն են։ 9Այն ատեն ձեզ նեղութեան պիտի մատնեն և ձեզ պիտի սպաննեն, ու իմ անուանս համար ամէն ազգերուն ատելի պիտի ըլլաք։ 10Եւ այն ատեն շատերը պիտի գայթակղին, ու մէկզմէկ պիտի մատնեն և մէկզմէկ պիտի ատեն։ 11Եւ շատ սուտ մարգարէներ պիտի ելլեն ու շատերը պիտի մոլորեցնեն. 12Եւ անօրէնութեան շատնալուն համար շատերուն սէրը պիտի պաղի։ 13Բայց ով որ մինչև վերջը համբերէ, անիկա պիտի ապրի։ 14Եւ արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու, և անկէ ետև վերջը պիտի գայ։

Սոսկալի աւերումներ

15Ուստի երբ տեսնէք աւերմունքին պղծութիւնը՝ որ Դանիէլ մարգարէին ձեռքով ըսուած է, թէ սուրբ տեղը կը կենայ. (ով որ կարդայ, թող հասկնայ.) 16Այն ատեն Հրէաստանի մէջ եղողները լեռները թող փախչին. 17Եւ ան որ տանիքին վրայ է, թող չիջնէ իր տունէն բան մը առնելու. 18Եւ ան որ արտին մէջ է, թող ետ չդառնայ իր հանդերձները առնելու։ 19Բայց վայ այն օրերը յղի եղողներուն ու ծիծ տուողներուն։ 20Եւ ըրէք որ ձեր փախչիլը ձմեռը չըլլայ, ոչ ալ օրը. 21Քանզի այն ատեն այնպիսի մեծ նեղութիւն պիտի ըլլայ, որու նմանը աշխարհի սկզիբէն մինչև հիմա եղած չէ, ոչ ալ պիտի ըլլայ։ 22Եւ եթէ այն օրերը չքիչնային, բնաւ մարմին մը պիտի չապրէր. բայց ընտրեալներուն համար այն օրերը պիտի քիչնան։ 23Այն ատեն եթէ մէկը ձեզի ըսէ թէ Ահա հոս է Քրիստոսը կամ Հոն, մի հաւատաք: 24Վասն զի սուտ Քրիստոսներ և սուտ մարգարէներ պիտի ելլեն, ու մեծ նշաններ և հրաշքներ պիտի ցուցնեն, որ եթէ կարելի է՝ ընտրեալներն ալ մոլորեցնեն։ 25Ահա ձեզի առաջուընէ ըսի։ 26Ուստի եթէ ձեզի ըսեն թէ Ահա անապատին մէջ է, մի ելլէք, և թէ՝ Ահա ներքին սենեակներուն մէջ է, մի հաւատաք։ 27Վասն զի ինչպէս փայլակը արևելքէն կ’ելլէ ու մինչև արևմուտք կ’երևնայ, այնպէս պիտի ըլլայ Որդւոյ մարդոյ գալուստը։ 28Քանզի ուր մեռած մարմին կայ, հոն պիտի ժողվուին արծիւները։

Որդւոյ մարդոյ գալուստը

29Եւ շուտ մը այն նեղութեան օրերէն ետև արեգակը պիտի խաւարի, ու լուսինը իր լոյսը պիտի չտայ, և աստղերը երկինքէն պիտի իյնան, ու երկինքի զօրութիւնները պիտի շարժին։ 30Եւ այն ատեն Որդւոյ մարդոյ նշանը պիտի երևնայ երկինքի մէջ, ու այն ատեն երկրի բոլոր ազգերը կոծ պիտի ընեն, ու պիտի տեսնեն Որդին մարդոյ երկինքի ամպերուն վրայ եկած զօրութիւնով ու մեծ փառքով։ 31Եւ անիկա իր հրեշտակները պիտի ղրկէ մեծաձայն փողով, ու պիտի ժողվեն իր ընտրեալները չորս հովերէն, երկինքի մէկ ծայրէն մինչև միւս ծայրը։

Թզենիին դասը

32Թզենիէն մը սորվեցէք, որ երբ անոր ոստերը կը կակուղնան ու տերևները կը ցցուին, գիտէք թէ ամառը մօտ է։ 33Նոյնպէս դուք երբ այս ամէն բաները տեսնէք, գիտցէք որ մօտ է դռներուն քով։ 34Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի որ այս ազգը պիտի չանցնի մինչև այս ամէն բաները ըլլան։ 35Երկինք ու պիտի անցնին, բայց իմ խօսքերս բնաւ պիտի չանցնին։

Ոչ ոք գիտէ օրը եւ ժամը

36Իսկ այն օրուան և այն ժամուն համար մա՛րդ չգիտեր, ոչ ալ երկինքի հրեշտակները, հապա միայն իմ Հայրս։ 37Բայց ինչպէս Նոյի օրերը եղաւ, Որդւոյ մարդոյ գալուստն ալ այնպէս պիտի ըլլայ։ 38Քանզի ինչպէս էին այն օրերը ջրհեղեղէն առաջ, կ’ուտէին, կը խմէին, կ’առնէին ու էրկան կու տային, մինչև այն օրը որ տապանը մտաւ, 39Եւ չգիտցան՝ մինչև ջրհեղեղը եկաւ ու ամէնը վերցուց, Որդւոյ մարդոյ գալուստն ալ այնպէս պիտի ըլլայ։ 40Այն ատեն եթէ երկու արտի մը մէջ ըլլան, մէկը պիտի առնուի ու միւսը ձգուի. 41Եւ եթէ երկու կին մէկ աղօրիքի մէջ աղալու վրայ գտնուին, մէկը պիտի առնուի ու միւսը ձգուի։ 42Ուրեմն արթուն կեցէք, վասն զի չէք գիտեր թէ որ ժամուն ձեր Տէրը կու գայ։ 43Բայց զայս գիտցէք, որ եթէ տանուտէրը գիտնար թէ գիշերուան ո՛ր պահուն գողը կու գայ, արթուն կը կենար և թող չէր տար որ իր տունը ծակեն։ 44Անոր համար դուք ալ պատրաստ կեցէք, քանզի Որդին մարդոյ կու գայ այնպիսի ժամու մէջ՝ որ դուք չէք կարծեր։

Հաւատարիմ ու անհաւատարիմ ծառան

45Ուստի ո՞վ է այն հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան՝ զոր իր տէրը իր ծառաներուն վրայ դրաւ, որպէս զի ատենին անոնց կերակուր տայ։ 46Երանի՜ է այն ծառային, զոր իր տէրը եկած ատեն այնպէս ըրած պիտի գտնէ։ 47Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի որ իր բոլոր ունեցածին վրայ պիտի կեցնէ զանիկա։ 48Հապա եթէ այն չար ծառան իր սրտին մէջ ըսէ, Իմ տէրս իր գալը կ’ուշացնէ։ 49Եւ սկսի իր ծառայակիցները ծեծել, ու գինովներուն հետ ուտել ու խմել, 50Այն ծառային տէրը պիտի գայ այնպիսի օր մը՝ որ չ’սպասեր, և այնպիսի մը՝ որ չգիտեր։ 51Եւ զանիկա մէջտեղէն պիտի կտրէ, ու անոր բաժինը կեղծաւորներուն հետ պիտի դնէ. հոն պիտի ըլլայ լալ ու ակռաներ կրճտել։

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981