Ավետարան ըստ Մատթէոսի

6

Ուսուցում ողորմութեան շուրջ

1Զգոյշ եղէք որ ձեր ողորմութիւնը մարդոց առջև չընէք՝ անոնց երևնալու համար, եթէ ոչ՝ վարձք չէք առներ ձեր Հօրմէն որ երկինքն է։ 2Ուստի երբ ողորմութիւն կ’ընես, առջևդ փող մի հնչեցներ, ինչպէս կեղծաւորները ժողովարաններուն ու փողոցներուն մէջ կ’ընեն, որպէս զի մարդոցմէ փառաւորուին. ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Անոնք իրենց վարձքը կ’ըլլան։ 3Իսկ դուն երբ ողորմութիւն կ’ընես, ձախ ձեռքդ թող չգիտնայ աջ ձեռքիդ ինչ գործելը. 4Որպէս զի քու ողորմութիւնդ գաղտուկ ըլլայ, և քու Հայրդ որ գաղտուկը կը տեսնէ, քեզի յայտնապէս հատուցում պիտի ընէ։

Ուսուցում աղօթքի շուրջ

5Ու երբ կ’ընես, կեղծաւորներուն նման չըլլաս, որոնք կը սիրեն ժողովարաններու մէջ ու հրապարակներուն անկիւնները կայնելով աղօթք ընել, որպէս զի մարդոց երևնան. ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Անոնք իրենց վարձքը առած կ’ըլլան։ 6Իսկ դուն երբ աղօթք կ’ընես, մտիր քու ներքին սենեակդ ու դուռդ գոցէ, և աղօթք ըրէ քու Հօրդ որ գաղտուկ տեղ կը գտնուի. և քու Հայրդ որ գաղտուկը կը տեսնէ, քեզի յայտնապէս հատուցում պիտի ընէ։ 7Ու երբ աղօթք կ’ընէք, հեթանոսներուն պէս շատախօս մի ըլլաք, վասն զի կը կարծեն թէ իրենց շատ խօսելուն համար պիտի լսուին։ 8Ուրեմն անոնց չնմանիք, վասն զի ձեր Հայրը ձեզի պէտք եղածը գիտէ՝ դեռ դուք իրմէ չխնդրած։ 9Ուստի այսպէս աղօթք ըրէք դուք.

Տէրունական աղօթք

Ով մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ. 10Քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ, ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ. 11Մեր ամէն օրուան հացը այսօր մեզի տուր: 12Եւ մեզի ներէ մեր պարտքերը, ինչպէս մենք ալ կը ներենք մեր պարտապաններուն. 13Ու մեզ փորձութեան մի տանիր, հապա չարէն մեզ ազատէ. քանզի քուկդ է թագաւորութիւնը և զօրութիւնը ու փառքը յաւիտեանս։ Ամէն։ 14Վասն զի եթէ դուք ներէք մարդոց իրենց յանցանքները, ձեր երկնաւոր Հայրն ալ ձեզի կը ներէ. 15Հապա եթէ դուք չներէք մարդոց իրենց յանցանքները, ձեր Հայրն ալ ձեզի չներեր ձեր յանցանքները։

Ուսուցում ծոմապահութեան շուրջ

16Ու երբ ծոմ կը պահէք, կեղծաւորներուն պէս տրտումերես մի ըլլաք. քանզի իրենց երեսները կ’աւրեն որպէս զի մարդոց երևնան թէ ծոմ կը պահեն. ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Անոնք իրենց վարձքը առած կ’ըլլան։ 17Բայց դուն երբ ծոմ կը պահես, գլուխդ օծէ ու երեսդ լուա, 18Որպէս զի մարդոց ծոմ պահողի պէս չերևնաս, հապա քու Հօրդ՝ որ գաղտուկ տեղ կը գտնուի. և քու Հայրդ որ գաղտուկը կը տեսնէ, քեզի հատուցում պիտի ընէ։

Երկնային գանձեր (Ղուկ. 12:33-34)

19Երկրի վրայ ձեզի գանձեր մի դիզէք, ուր ցեցը ու ժանգը կ’ապականեն, և ուր գողերը պատ կը ծակեն ու կը գողնան: 20Հապա ձեզի գանձեր դիզեցէք երկինքը, ուր ոչ ցեցը և ոչ ժանգը կ’ապականէ, ու ոչ գողերը պատ կը ծակեն և կը գողնան։ 21Քանզի ձեր գանձը ուր որ է, սիրտերնիդ ալ հոն պիտի ըլլայ։

Մարմնին ճրագը (Ղուկ. 11:34-36)

22Մարմինին ճրագը աչքն է. հապա եթէ քու աչքդ պարզ է, բոլոր մարմինդ լուսաւոր կ’ըլլայ։ 23Բայց եթէ քու աչքդ վատ է, բոլոր մարմինդ մութ կ’ըլլայ. ուրեմն եթէ քու մէջդ եղած լոյսը խաւար է, ալ այն խաւարը ո՜րչափ է։

Աստուած և ստացուածք

24Մարդ մը չկրնար երկու տէրոջ ծառայութիւն ընել. վասն զի կա՛մ մէկը պիտի ատէ և միւսը սիրէ, կա՛մ մէկուն պիտի յարի և միւսը պիտի արհամարհէ. չէք կրնար ծառայել Աստուծոյ ու մամոնայի։ 25Ուստի կ’ըսեմ ձեզի, Հոգ մի ընէք ձեր կեանքին համար թէ ի՛նչ պիտի ուտէք, կամ ի՛նչ պիտի խմէք. ոչ ալ ձեր մարմիններուն համար թէ ի՛նչ պիտի հագնիք. չէ՞ որ կեանքը կերակուրէն աւելի է, ու մարմինը հագուստէն։ 26Նայեցէք երկինքի թռչուներուն որոնք ոչ կը սերմանեն և ոչ կը հնձեն և ոչ ամբարի մէջ կը ժողվեն, ու ձեր երկնաւոր Հայրը կը կերակրէ զանոնք. չէ՞ որ դուք անոնցմէ աւելի լաւ էք։ 27Հիմա ձեզմէ ո՞վ կրնայ իր հոգ ընելովը իր հասակին վրայ կանգուն մը աւելցնել։ 28Ու հագուստի համար ինչո՞ւ հոգ կ’ընէք. նայեցէք դաշտի շուշաններուն, ի՜նչպէս կ’աճին. ոչ կաշխատին և ոչ կը մանեն. 29Բայց ձեզի կ’ըսեմ որ ալ իր բոլոր փառաւորութեանը մէջ անոնցմէ մէկո՛ւն պէս չհագուեցաւ։ 30Ուստի եթէ դաշտի խոտը, որ այսօր կայ և վաղը փուռը կը ձգուի, այնպէս կը հագուեցնէ, հապա ո՜րչափ աւելի ձեզ, թերահաւատներ։ 31Ուրեմն հոգ մի ընէք՝ ըսելով, Ի՞նչ պիտի ուտենք, կամ Ի՞նչ պիտի խմենք, կամ Ի՞նչ պիտի հագնինք: 32(Քանզի այդ բոլոր բաները հեթանոսները կը խնդրեն.) վասն զի ձեր երկնաւոր Հայրը գիտէ՝ թէ այդ բոլոր բաները ձեզի պէտք են։ 33Բայց առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը և անոր արդարութիւնը, ու այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին։ Ուստի վաղուան համար հոգ մի ընէք, վասն զի վաղուան օրը իրեն համար հոգ պիտի ընէ, հերիք է օրուան իր նեղութիւնը։

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981