Միքիա մարգարեյի գիրք
2
Աղքատը նեղողներուն ճակատագիրը
1Վա՜յ անոնց` որ անօրէնութիւն կը խորհին, Ու իրենց անկողիններուն վրայ չարութիւն կը հնարեն. Անոնք առաւօտեան լոյսին ատենը զանիկա ի գործ կը դնեն, Քանզի իրենց ձեռքերուն մէջ ոյժ կայ: 2Ու անոնք ագարակներու կը ցանկան ու զանոնք կը յափշտակեն, Եւ տուներու` ու զանոնք կ’առնեն. Եւ մարդուն ու իր տանը, Մարդուն ու իր ժառանգութեանը, զրկանք կ’ընեն: 3Անոր համար Տէրը այսպէս կըսէ. Ահա ես այս ազգին վրայով չարիք մը կը խորհիմ, Ուրկէ պիտի չկրնաք ձեր պարանոցը հանել, Ու պիտի չկրնաք հպարտութեամբ քալել, Վասն զի ժամանակը չար է: 4Այն օրը ձեր վրայ առակ պիտի խօսին, Ու տրտմալի ողբով պիտի ողբան ու ըսեն, Բոլորովին յափշտակուեցանք. Իմ ժողովուրդիս բաժինը փոխեց, Զանիկա ի՜նչպէս ինծմէ վերցուց. Մեր ագարակները ետ տալու տեղ` բաժնեց: 5Անոր համար Տէրոջը ժողովքին մէջ Վիճակով լար քաշող մը պիտի չունենաս: 6Մարգարէութիւն ընողներուն` Մարգարէութիւն մի ընէք` կ’ըսեն. Անոնց մարգարէութիւն պիտի չընեն, քանզի նախատինքը պիտի չվերնայ: 7Ով Յակոբի տուն ըսուող, միթէ Տէրոջը ոգին կարճըցա՞ւ, Անոր գործերը ասո՞նք են. Միթէ ուղղութեամբ քալողին իմ խօսքերս աղէկ չե՞ն: 8Եւ իմ ժողովուրդս շատոնցմէ ոտք ելաւ թշնամի ըլլալու համար. Ապահովութեամբ անցնողներէն, պատերազմէ դարձողներէն, Հանդերձներուն վրայէն պատմուճանը կը կողոպտէք: 9Իմ ժողովուրդիս կիները իրենց զուարճալի տուներէն կը վռնտէք, Անոնց տղաքներէն յաւիտեան իմ փառքս կ’առնէք: 10Ելէք ու գացէք, Քանզի ասիկա հանգստութեան տեղ չէ. Պիղծ ըլլալուն պատճառաւ Մեծ կործանումով բնաջինջ պիտի ըլլայ: 11Եթէ մարդ մը հովի և ունայնութեան ետևէ երթայ, Ու ստութիւն խօսի` ըսելով, Գինիի ու օղիի համար քեզի մարգարէութիւն ընեմ, Անիկա պիտի ըլլայ այս ժողովուրդին մարգարէն: 12Ով Յակոբ, ամէնդ անշուշտ պիտի ժողվեմ, Իսրայէլի մնացորդը պիտի հաւաքեմ, Ու Բօսրայի ոչխարներուն պէս, Իրենց փարախին մէջ եղող հօտերուն պէս, մէկտեղ պիտի դնեմ. Մարդոց բազմութեանը համար աղմուկ պիտի ըլլայ: 13Խրամատութիւն ընողը անոնց առջև ելաւ. Անոնք խրամատեցին ու դռնէն անցան և անկէ ելան. Ու անոնց թագաւորը անոնց առջև անցաւ, Եւ Տէրը իբրև անոնց գլուխ առջևէ կ’երթար:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981