Միքիա մարգարեյի գիրք

3

Միքիայի ազդարարութիւնը Իսրայէլի իշխաններուն

1Ու ըսի, Հիմա մտիկ ըրէք, ով Յակոբի գլխաւորները, Ու Իսրայէլի տանը իշխանները. Պէտք չէ՞ որ դուք իրաւունքը ճանչնաք. 2Դուք որ աղէկութիւնը կ’ատէք ու չարութիւնը կը սիրէք, Մարդոց վրայէն մորթերը, ու անոնց ոսկորներէն միսերը կը հանէք. 3Ու անոնք որ իմ ժողովուրդիս միսը կ’ուտեն, Եւ անոնց վրայէն մորթերը կը հանեն, Ու անոնց ոսկորները կը փշրեն, Եւ զանոնք պտուկի մէջ ու կաթսայի մէջ եփելու միսի պէս կտոր կտոր կ’ընեն, 4Այն ատեն Տէրոջը պիտի աղաղակեն, Բայց անոնց պատասխան պիտի չտայ, Ու այն ժամանակ իր երեսը անոնցմէ պիտի ծածկէ, Վասն զի անոնք չար գործեր ըրին: 5Այսպէս կ’ըսէ Տէրը այն մարգարէներուն համար` Որոնք իմ ժողովուրդս կը մոլորեցնեն, Ու իրենց ակռաներովը կը խածնեն, Եւ խաղաղութիւն կը քարոզեն, Ու ով որ անոնց բերանը բան չդներ, Անոր դէմ կը հրատարակեն: 6Անոր համար ձեզի գիշեր պիտի ըլլայ, Որպէս զի չտեսնէք. Եւ ձեզի խաւար պիտի ըլլայ, Որպէս զի գուշակութիւն չընէք. Ու մարգարէներուն վրայ արևը պիտի մտնէ, Եւ անոնց վրայ օրը պիտի խաւարի. 7Ու տեսանողները պիտի ամչնան, Եւ գուշակողները ամօթով պիտի ըլլան. Ամէնն ալ իրենց շրթունքը պիտի ծածկեն, Վասն զի Աստուծմէ պատասխան մը պիտի չըլլայ: 8Սակայն ես Տէրոջը Հոգիովը` Զօրութեամբ, դատաստանով և արիութեամբ լեցուած եմ, Որպէս զի Յակոբի իր յանցանքը, Ու Իսրայէլի իր մեղքը յայտնեմ: 9Հիմա ասիկա մտիկ ըրէք, Ով Յակոբի տանը գլխաւորները Ու Իսրայէլի տանը իշխանները, Դուք որ իրաւունքէն կը զզուիք, Ու ամէն ուղղութիւնը կը ծռէք, 10Սիօնը արիւններով, Ու Երուսաղէմը անիրաւութեամբ կը շինէք: 11Անոր գլխաւորները կաշառքով կը դատեն, Ու անոր քահանաները վարձքով կը սորվեցնեն, Եւ անոր մարգարէները ստակով գուշակութիւն կ’ընեն, Ու Տէրոջը վրայ կը կռթնին ու կ’ըսեն, Չէ՞ որ Տէրը մեր մէջ է. Մեր վրայ չարիք պիտի չգայ: 12Ուրեմն ձեր պատճառաւ ագարակի պէս պիտի հերկուի, Ու աւերակներու դէզեր, Ու Տէրոջը տանը լեռը անտառի բարձր տեղերու պէս պիտի ըլլայ:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981