Միքիա մարգարեյի գիրք
4
Տէրոջը տիեզերական թագաւորութեան խաղաղութիւնը
1Բայց վերջին օրերը պիտի ըլլայ որ Տէրոջը տանը լեռը Լեռներուն գլխուն վրայ պիտի հաստատուի, Եւ բլուրներէն վեր պիտի բարձրանայ, Ու ժողովուրդները հեղեղի պէս անոր պիտի դիմեն. 2Եւ շատ ազգեր պիտի երթան ու ըսեն, Եկէք, Եհովայի լեռը, Յակոբի Աստուծոյն տունը, ելլենք, Որպէս զի մեզի իր ճամբաները սորվեցնէ, Ու անոր շաւիղներուն մէջ քալենք. Վասն զի օրէնքը Սիօնէ, Ու Տէրոջը խօսքը Երուսաղէմէ պիտի ելլէ. 3Եւ անիկա շատ ժողովուրդներու մէջ դատաստան պիտի ընէ, Ու զօրաւոր ազգեր մինչև հեռաւոր տեղեր պիտի յանդիմանէ. Ու անոնք իրենց սուրերը խոփեր, Եւ իրենց նիզակները յօտոցներ պիտի շինեն. Ազգ ազգի վրայ սուր պիտի չվերցնէ, Եւ ալ պատերազմ պիտի չսորուին. 4Հապա ամէն մարդ իր որթին տակ Ու իր թզենիին տակ պիտի նստի, Ու վախցնող պիտի չըլլայ. Վասն զի զօրաց Տէրոջը բերանը խօսեցաւ: 5Քանզի բոլոր ժողովուրդներէն Ամէն մէկը իր աստուծոյն անունովը կը քալէ, Բայց մենք յաւիտեանս յաւիտենից Մեր Տէր Աստուծոյն անունովը պիտի քալենք:
Իսրայէլ աքսորէ պիտի դառնայ
6Այն օրը, կ’ըսէ Տէրը, կաղը պիտի ժողվեմ, Ու աքսորուածը պիտի հաւաքեմ, Եւ զանիկա ալ զոր նեղեցի. 7Եւ կաղը մնացորդ պիտի ընեմ, Ու հեռուն վռնտուածը` զօրաւոր ազգ. Եւ Տէրը Սիօն լեռանը մէջ անոնց վրայ պիտի թագաւորէ Հիմակուընէ մինչև յաւիտեան: 8Ու դուն, ով հօտի աշտարակ, Սիօնի աղջկան բլուրը, Մինչև քեզի պիտի գայ, Քեզի պիտի հասնի, առաջուան իշխանութիւնը, Ու թագաւորութիւնը` Երուսաղէմի աղջըկան: 9Հիմա ինչո՞ւ բարձրաձայն կը պոռաս. Միթէ քու մէջդ թագաւոր չկա՞յ, Կամ թէ քու խորհրդականդ կորսուեցա՞ւ, Որ քեզ ծննդական կնոջ պէս ցաւ բռնեց: 10Ցաւ քաշէ ու ծննդականի պէս երկունքի մէջ եղիր, ով Սիօնի աղջիկ, Քանզի հիմա քաղաքէն պիտի ելլես, Ու դաշտի մէջ պիտի բնակիս, Ու մինչև Բաբելոն պիտի երթաս, Եւ հոն պիտի ազատիս. Հոն Տէրը պիտի ազատէ քեզ քու թշնամիներուդ ձեռքէն: 11Ու հիմա քու վրադ շատ ազգեր ժողվուեցան, որոնք կ’ըսեն, Թող անիկա պղծուի, Ու մեր աչքերը Սիօնը տեսնեն: 12Բայց անոնք Տէրոջը խորհուրդները չեն գիտեր, Ու անոր դիտաւորութիւնը չեն հասկընար. Քանզի ինք զանոնք կը ժողվէ` ինչպէս որաները կալին մէջ կը ժողվուին: 13Ելիր ու կալը ծեծէ, ով Սիօնի աղջիկ, Քանզի քու եղջիւրդ երկաթէ պիտի ընեմ, Եւ քու կճղակներդ պղնձէ պիտի ընեմ, Ու շատ ժողովուրդներ պիտի մանրես. Ու անոնց վաստակը Եհովայի, Եւ անոնց ստացուածքը բոլոր երկրին Տէրոջը պիտի նուիրեմ:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981