Միքիա մարգարեյի գիրք

5

1Հիմա, ով գունդի աղջիկ, քեզի գունդ կազմէ. Մեր վրայ պաշարում դրուեցաւ. Իսրայէլի դատաւորին ծնօտին գաւազանով պիտի զարնեն:

Տէրը Փրկիչ մը կը խոստանայ Բեթլէհէմին

2Եւ դուն, ով Բեթլէհէմ Եփրաթա, Թէև Յուդայի հազարաւորներուն մէջ ըլլալու պզտիկ ես, Բայց քեզմէ պիտի ելլէ ինծի ան որ Իսրայէլի վրայ պիտի ըլլայ, Ու անոր ելքը ի հնուց, յաւիտենական օրերէն, է: 3Անոր համար զանոնք ձեռք պիտի տայ` Մինչև ծնանողին ծնանելու ժամանակը, Եւ անոր եղբայրներուն մնացորդը Իսրայէլի որդիներուն պիտի դառնայ: 4Ու անիկա պիտի կենայ, ու Տէրոջը զօրութիւնովը Եւ իր Տէր Աստուծոյն անուանը մեծվայելչութիւնովը պիտի հովուէ, Ու անոնք պիտի բնակին. Քանզի հիմա մինչև երկրի ծայրերը պիտի մեծանայ:

Ազատում և պատիժ

5Եւ անիկա խաղաղութիւն պիտի ըլլայ Երբ Ասորեստանցին մեր երկիրը մտնէ, Ու մեր պալատներուն մէջ ոտք կոխէ, Անոր դէմ եօթը Եւ ութ իշխանաւոր մարդիկ պիտի հանենք: 6Ու անոնք Ասորեստանի երկիրը սրով Ու Նեբրովթի երկիրը իր դռներուն մէջ պիտի սպառեն. Եւ անիկա մեզ պիտի ազատէ Ասորեստանցիներէն, Երբ անոնք մեր երկիրը մտնեն Ու մեր սահմաններուն մէջ ոտք կոխեն: 7Եւ Յակոբի մնացորդը շատ ժողովուրդներու մէջ Ցօղի պէս պիտի ըլլայ՝ որ Տէրոջմէ կու գայ, Եւ շաղի պէս` որ կանանչ խոտի վրայ կ’իջնէ. Զոր մարդէ չսպասեր, Ու մարդու որդիներէն չյուսար: 8Եւ Յակոբի մնացորդը ազգերուն մէջ Շատ ժողովուրդներու մէջ, այնպէս պիտի ըլլայ, Ինչպէս առիւծ մը` անտառի գազաններուն մէջ, Կամ առոյգ առիւծ մը` ոչխարներու հօտերուն մէջ, Որ եթէ անցնի` կը կոխկռտէ ու կը պատառէ, Եւ ազատող մը չըլլար: 9Քու ձեռքդ քու հակառակորդներուդ վրայ պիտի վերնայ, Ու բոլոր թշնամիներդ պիտի կոտրին: 10Եւ պիտի ըլլայ որ այն օրը, կ’ըսէ Տէրը, Քու ձիերդ քու մէջէդ բնաջինջ պիտի ընեմ, Եւ քու կառքերդ պիտի կորսնցնեմ. 11Եւ քու երկրիդ քաղաքները բնաջինջ պիտի ընեմ, Ու բոլոր պարիսպներդ պիտի փլցնեմ. 12Եւ քու ձեռքէդ կախարդութիւնները բնաջինջ պիտի ընեմ, Ու ա°լ գուշակութիւն ընողներ պիտի չունենաս. 13Եւ քու մէջէդ քու դրօշեալներդ Ու արձաններդ բնաջինջ պիտի ընեմ, Ու մէյմըն ալ քու ձեռքերուդ գործերուն երկրպագութիւն պիտի չընես: 14Եւ քու մէջէդ Աստարովթի կուռքերդ պիտի կործանեմ, Ու քու քաղաքներդ պիտի աւրեմ: 15Եւ ինծի մտիկ չընող ազգերէն Սրտմտութեամբ ու բարկութեամբ վրէժ պիտի առնեմ:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)