Միքիա մարգարեյի գիրք

6

Տէրոջը դատը Իսրայէլին դէմ

1Հիմա Տէրոջը ըսածը մտիկ ըրէք. Ելիր ու լեռներուն առջև դատ վարէ, Եւ բլուրները քու ձայնդ թող լսեն: 2Ով լեռներ ու երկրի ամուր հիմերը, Տէրոջը դատը մտիկ ըրէք, Քանզի Տէրը իր ժողովուրդին հետ դատ ունի, Ու Իսրայէլի հետ պիտի վիճի: 3Ով իմ ժողովուրդս, քեզի ի՞նչ ըրի. Ու ի՞նչ բանով քեզ յոգնեցուցի. Ինծի դէմ պատասխան տուր, 4Վասն զի քեզ Եգիպտոսի երկրէն հանեցի, Ու ծառայութեան տունէն քեզ փրկեցի, Եւ քու առջևէդ Մովսէսը, Ահարոնը ու Մարիամը ղրկեցի: 5Ով իմ ժողովուրդս, միտքդ բեր Ինչ որ Մովաբացվոց Բաղակ թագաւորը խորհեցաւ, Ու ինչ որ Բէովրեան Բաղաամ անոր պատասխանեց. Եւ ինչ որ եղաւ Սատիմէ մինչև Գաղգաղա, Որպէս զի Տէրոջը արդարութիւնը գիտնաս:

Տէրը ի՞նչ կը պահանջէ

6Տէրոջը առջև ինչո՞վ երթամ, Ու Բարձրեալ Աստուծոյն առջև իյնամ. Արդեօք անոր առջև ողջակէզներո՞վ, Մէկ տարեկան որթերո՞վ երթամ: 7Արդեօք Տէրը հազարաւոր խոյերու Կամ բիւրաւոր իւղի գետերու պիտի հաւնի՞. Արդեօք իմ յանցանքիս համար իմ անդրանի՞կս, Ու հոգւոյս մեղքին համար որովայնիս պտո՞ւղը տամ: 8Քեզի յայտնեց, ով մարդ, թէ ի°նչ է աղէկը. Ու Տէրը քեզմէ ի°նչ կը պահանջէ, Բայց միայն ընել, ողորմութիւն սիրել, Ու խոնարհութիւնով քու Աստուծոյդ հետ քալել: 9Տէրոջը ձայնը քաղաքին կը կանչէ, Ու իմաստունը քու անունդ պիտի տեսնէ. Գաւազանը ու անոր հրամայողը լսեցէք: 10Անօրէնին տանը մէջ տակաւին անօրէնութեան գանձեր կա՞ն, Ու պակաս արդու` որ պիղծ է: 11Միթէ անօրէնութեան կշիռներ Ու խարդախ քարերու քսակ ունեցողը մաքուր պիտի սեպե՞մ: 12Քանզի անոր հարուստները զրկանքով լեցուն են, Եւ անոր բնակիչները սուտ կը խօսին, Ու իրենց բերնին մէջ նենգաւոր լեզու ունին: 13Ուստի ես ալ քեզ զարնելով հիւանդ պիտի ընեմ, Եւ քու մեղքերուդ համար քեզ աւերակ պիտի ընեմ: 14Դուն պիտի ուտես ու պիտի չկըշտանաս, Եւ քու անօթութիւնդ փորիդ մէջ պիտի ըլլայ. Պիտի յափշտակես, բայց պիտի չկարենաս ազատել, Ու ազատածդ սուրի պիտի մատնեմ: 15Դուն պիտի սերմանես, բայց պիտի չհնձես. Դուն ձիթապտուղ պիտի կոխես, բայց իւղով պիտի չօծուիս. Քաղցու պիտի պատրաստես, բայց պիտի չխմես: 16Քանզի Ամրիի հրամանները կը պահուին, Եւ Աքաաբի տանը բոլոր գործերը. Եւ դուք անոնց խորհուրդներովը կը քալէք, Որպէս զի քեզ ամայի ընեմ, Եւ քու բնակիչներդ* սուլելու ենթակայ. Ուստի իմ ժողովուրդիս նախատինքը պիտի կրէք:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)