Միքիա մարգարեյի գիրք
7
Իսրայէլին հերոսական անկումը
1Վա՜յ ինծի, որ ամառնային պտուղը քաղուածի պէս, Այգեկութէն մնացած ճիռերու պէս եղայ. Ուտելու ողկոյզ չկայ. Հոգիս կանխահաս պտուղներուն կը ցանկայ: 2Բարեպաշտը երկրէ կորսուեցաւ, Ու մարդոց մէջ ուղիղ մէկը չկայ. Ամէնը արիւններու համար դարան կը գործեն, Ամէն մարդ իր եղբայրը որոգայթով կ’որսայ, 3Ձեռքերով շատ չարութիւն ընելու համար Իշխանը պարգև կը պահանջէ, Եւ դատաւորը կաշառքի կը նայի, Ու մեծ մարդը իր սրտին ցանկութեանը համեմատ կը խօսի. Այսպէս զանիկա կը ծռեն: 4Անոնց աղէկը փուշի պէս Շիտակը փշեղէն ցանգէն գէշ է. Քու դէտերուդ օրը քու այցելութիւնդ եկաւ, Անոնց շփոթութիւնը հիմա պիտի ըլլայ: 5Բարեկամի մի հաւատաք, Մտերիմ բարեկամի մի ապաւինիք, Ծոցդ պառկողէն բերնիդ դռները պահէ: 6Քանզի տղան իր հայրը կ’անարգէ, Աղջիկը իր մօրը վրայ, ու հարսը իր կեսուրին վրայ կ’ելլէ. Մարդուն թշնամիները իր ընտանիքն են: 7Բայց ես Տէրոջը պիտի սպասեմ, Իմ փրկութեանս Աստուծոյն պիտի յուսամ, Իմ Աստուածս ինծի պիտի լսէ:
Տէրը Փրկութիւն կը բերէ
8Ով իմ թշնամիս, վրաս մի խնդար. Թէև իյնամ` պիտի ելլեմ, Թէև խաւարի մէջ նստիմ` Տէրը ինծի լոյս պիտի ըլլայ: 9Տէրոջը բարկութիւնը պիտի կրեմ, (Քանզի անոր դէմ մեղք գործեցի,) Մինչև անիկա իմ դատս պաշտպանէ ու ինծի իրաւունք ընէ, Զիս լոյսը հանէ ու անոր արդարութիւնը տեսնեմ: 10Այն ատեն իմ թշնամիս պիտի տեսնէ. Ամօթը պիտի ծածկէ զանիկա որ ինծի կ’ըսէր թէ Ո՞ւր է քու Տէր Աստուածդ. Իմ աչքերս զանիկա պիտի տեսնեն. Հիմա անիկա փողոցներուն ցեխին պէս ոտքի կոխան պիտի ըլլայ: 11Այն օրը որ քու պարիսպներդ պիտի շինուին, Նոյն օրը պատուէրը հեռացած պիտի ըլլայ: 12Այն օրը Ասորեստանէ և պարըսպաւոր քաղաքներէն, Ու պարիսպէն մինչև Գետը, Եւ ծովէ ծով ու լեռնէ լեռ քեզի պիտի գան: 13Սակայն երկիրը ամայի պիտի ըլլայ իր բնակիչներուն պատճառաւ, Որպէս զի իրենց գործերուն պտուղէն ուտեն:
Աստուած Իսրայէլին կը կարեկցի
14Քու գաւազանովդ հովուէ քու ժողովուրդդ, Քու ժառանգութեանդ խաշինքը, Որ առանձին անտառ մը կը նստի Կարմեղոսի մէջ. Անոնք առաջուան օրերուն պէս Բասանի ու Գաղաադի մէջ թող արածին: 15Անոր հրաշքներ պիտի ցուցնեմ, Ինչպէս այն օրերը որ Եգիպտոսի երկրէն ելար: 16Ազգերը պիտի տեսնեն, Ու իրենց բոլոր քաջութենէն պիտի ամչընան. Բերնի վրայ ձեռք պիտի դնեն, Ու անոնց ականջները պիտի խլանան: 17Օձի պէս հող պիտի լզեն, Երկրի սողուններուն պէս Իրենց պահուըտած տեղերէն պիտի դողան, Մեր Տէր Աստուծմէն պիտի զարհուրին, Ու քեզմէ պիտի վախնան: 18Քեզի պէս Աստուած ո՞վ կայ, Որ անօրէնութիւնը կը ներէ, Ու իր ժառանգութեանը մնացորդին յանցանքը անտես կ’ընէ. Իր բարկութիւնը յաւիտեան չպահեր, Քանզի ողորմութիւն կը սիրէ: 19Անիկա պիտի դառնայ, մեզի ողորմութիւն պիտի ընէ, Մեր անօրէնութիւնները ոտքին տակ պիտի առնէ. Այո, անոնց բոլոր մեղքերը Ծովուն խորութեանը մէջ պիտի նետես: 20Յակոբի ճշմարտութիւն պիտի ընես, Եւ Աբրահամի ողորմութիւն, Ինչպէս առաջուան օրերէն ի վեր Մեր հայրերուն երդումով խոստացար:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981