Ավետարան ըստ Մարկոսի

13

Յիսուս տաճարին աւերման մասին կը խօսի

1Ու երբ տաճարէն դուրս կ’ելլէր, իր աշակերտներէն մէկը ըսաւ իրեն, Վարդապետ, նայէ ի՛նչպէս քարեր են, և ի՛նչ կերպ շէնքեր։ 2Եւ Յիսուս պատասխան տալով՝ ըսաւ անոր, Կը տեսնե՞ս այդ մեծ շէնքերը. քար մը քարի վրայ պիտի չմնայ որ չքակուի:

Նեղութիւններ և հալածանքներ

3Ու երբ անիկա Ձիթենեաց լեռը տաճարին դիմաց նստեր էր, ու և Յովհաննէս ու Անդրէաս հարցուցին իրեն առանձին, 4Ըսէ մեզի, ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները, և ի՞նչ նշան պիտի ըլլայ այդ ամէն բաներուն կատարելու ատենը: 5Եւ Յիսուս պատասխան տուաւ անոնց ու սկսաւ ըսել, Զգոյշ կեցէք, չըլլայ որ մէկը ձեզ խաբէ. 6Վասն զի շատերը պիտի գան իմ անունովս ու ըսեն թէ Ես եմ Քրիստոսը, ու շատերը պիտի մոլորեցնեն: 7Բայց երբ լսէք պատերազմներ և պատերազմներու լուրեր՝ մի խռովիք, վասն զի պէտք է ըլլայ. բայց դեռ վերջը չէ: 8Վասն զի ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ, ու թագաւորութիւն թագաւորութեան վրայ, և տեղ տեղ երկրաշարժութիւններ պիտի ըլլան. սովեր ու խռովութիւններ ալ պիտի ըլլան. ասոնք ցաւերուն սկիզբներն են: 9Զգուշացէք ձեր անձերուն. քանզի ձեզ ատեաններու պիտի մատնեն, ու ժողովարաններուն մէջ ձեզ պիտի ծեծեն, և իմ անուանս համար կուսակալներու ու թագաւորներու առջեւ պիտի կենաք՝ անոնց վկայութիւն ըլլալու համար: 10Եւ առաջ պէտք է որ աւետարանը քարոզուի բոլոր ազգերուն: 11Բայց երբ ձեզ մատնելու տանին, առաջուընէ հոգ մի ընէք և մի մտածէք թէ ի՛նչ պիտի խօսիք, հապա այն ժամուն ինչ որ ձեզի տրուի՝ զանիկա խօսեցէք. վասն զի ոչ թէ դուք էք որ կը խօսիք, հապա Հոգին Սուրբ:

Սոսկալի աւերումներ

12Ու եղբայրը մահուան պիտի մատնէ, և հայրը՝ որդին, և որդիներ իրենց ծնողքներուն վրայ պիտի ելլեն ու մեռցնեն զանոնք: 13Եւ իմ անուանս համար ամէնուն ատելի պիտի ըլլաք. բայց ով որ մինչև վերջը համբերէ՝ անիկա պիտի ապրի: 14Ու երբ տեսնէք աւերմունքին պղծութիւնը՝ որ Դանիէլ մարագարէին ձեռքով ըսուած է, թէ արժան չեղած տեղը կը կենայ, (ով որ կարդայ՝ թող հասկընայ,) այն ատեն Հրէաստանի մէջ եղողները լեռները թող փախչին. 15Եւ ան որ տանիքին վրայ է՝ թող չիջնէ, ու չմտնէ իր տունէն բան մը առնելու. 16Եւ ան որ արտին մէջ է՝ թող ետ չդառնայ իր հանդերձը առնելու: 17Բայց վա՜յ այն օրերը յղի եղողներուն ու ծիծ տուողներուն: 18Եւ ըրէք որ ձեր փախչիլը ձմեռը չըլլայ: 19Քանզի այն օրերը այնպիսի նեղութիւն պիտի ըլլայ, որուն նմանը Աստուծոյ ստեղծած արարածներուն սկիզբէն մինչեւ հիմա եղած չէ, ոչ ալ պիտի ըլլայ: 20Եւ եթէ Տէրը այն օրերը չկարճեցնէր, բնաւ մարմին մը պիտի չապրէր. բայց ընտրեալներուն համար զորոնք ընտրեց՝ այն օրերը կարճեցուց: 21Եւ այն ատեն եթէ մէկը ձեզի ըսէ, Ահա հոս է Քրիստոսը՝ կամ Ահա հոն, մի հաատաք. 22Վասն զի սուտ քրիստոսներ և սուտ մարգարէներ պիտի ելլեն, ու նշաններ եւ հրաշքներ պիտի ցուցնեն, որպէս զի եթէ կարելի էր, ընտրեալներն ալ մոլորեցընեն: 23Իսկ դուք զգոյշ կեցէք. ահա առաջուընէ ըսի ձեզի ամէնը:

Որդի մարդոյ գալուստը

24Բայց այն օրերը այն նեղութենէն ետեւ արեգակը պիտի խաւարի, ու լուսինը իր լոյսը պիտի չտայ, 25Եւ աստղերը երկինքնէն պիտի թափթփին, ու երկինքին մէջի զօրութիւնները պիտի շարժին: 26Եւ այն ատեն պիտի տեսնեն Որդին մարդոյ՝ ամպերու մէջ եկած մեծ զօրութիւնով ու փառքով: 27Եւ այն ատեն իր հրեշտակները պիտի ղրկէ, ու իր ընտրեալները պիտի ժողվէ չորս հովերէն, երկրի ծայրէն մինչեւ երկինքի ծայրը:

Թզենիին դասը

28Թզենիէն մը սորվեցէք. երբ անոր ոստերը կը կակուղնան ու տերեւները կը ցցուին, գիտէք թէ ամառը մօտ է: 29Նոյնպէս ալ դուք երբ այս բաները եղած տեսնէք, գիտցէք որ մօտ է դռներուն քով: 30Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, որ այս ազգը պիտի չանցնի, մինչեւ որ այս ամէն բաները ըլլան: 31Երկինք ու պիտի անցնին, բայց իմ խօսքերս բնաւ պիտի չանցնին:

Ոչ ոք չգիտի օրը և ժամը

32Իսկ այն օրուան ու ժամուն համար մէ՛կը չգիտեր, ոչ երկինքի մէջ եղող հրեշտակները և ոչ Որդին, հապա միայն Հայրը: 33Զգոյշ կեցէք, արթուն մնացէք և աղօթք ըրէք, վասն զի չէք գիտեր ատենը ե՛րբ է: 34ԻՆչպէս օտար երկիր գացող մարդ մը իր տունը կը թողու, ու իր ծառաներուն իշխանութիւն կու տայ, և ամէն մէկուն իր գործը, ու դռնապանին կ’ապսպրէ որ արթուն կենայ: 35Ուրեմն արթուն կեցէք, վասն զի չէք գիտեր թէ ե՛րբ կու գայ տանուտէրը, իրիկո՞ւնը՝ թէ կէսգիշերի՞ն՝ թէ հաւախօսի՞ն և թէ առտուա՞նց: 36Չըլլայ որ յանկարծակի գայ ու ձեզ քունի մէջ գտնէ: 37Եւ ինչ որ կ’ըսեմ ձեզի՝ ամէնուն կ’ըսեմ, Արթուն կեցէք:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981