Ավետարան ըստ Մարկոսի

2

Յիսուս անդամալոյծ մը կը բժշկէ

1Եւ նորէն Կափառանյում մտաւ քանի մը օրէն ետև. 2Ու լսուեցաւ որ անիկա տան մէջ է, և շուտով շատ մարդիկ ժողվուեցան, այնպէս որ ա°լ տեղ չկար, ոչ ալ դրանը քովերը. ու կը խօսէր անոնց Աստուծոյ խօսքը։ 3Եւ կու գային իրեն՝ չորս մարդով վերցուած անդամալոյծ մը կը բերէին։ 4Ու երբ բազմութենէն չէին կրնար անոր մօտենալ, քակեցին տանը յարկը ուր Յիսուս էր, ու ծակ մը բանալով վար իջեցուցին մահիճը, որուն վրայ պառկած էր անդամալոյծը։ 5Եւ Յիսուս անոնց հաւատքը տեսնելով՝ ըսաւ անդամալոյծին, Որդեակ, քու մեղքերդ քեզի ներուած են։ 6Ու դպիրներէն մէկ քանիները կային որ հոն նստեր էին, և իրենց սիրտերուն մէջ կը խորհէին՝ ըսելով, 7Ինչո՞ւ համար ասիկա այսպիսի հայհոյութիւններ կը խօսի. ո՞վ կրնայ մեղքերու թողութիւն տալ, բայց միայն ։ 8Եւ Յիսուս իսկոյն իմանալով իր հոգւոյն մէջ՝ որ անոնք այնպէս կը խորհին իրենց մէջ, ըսաւ անոնց, Այդ ի՞նչ կը խորհիք սիրտերնուդ մէջ։ 9Ո՞րը աւելի դիւրին է, անդամալոյծին ըսե՞լ՝ Քու մեղքերդ ներուած են, թէ՝ ըսել Ելիր, մահիճդ առ ու քալէ: 10Բայց որպէս զի գիտնաք թէ Ոդին մարդոյ իշխանութիւն ունի երկրի վրայ մեղքերու թողութիւն տալու, (ըսաւ անդամալոյծին), 11Քեզի կ’ըսեմ, ելիր, մահիճդ առ ու տունդ գնա։ 12Ան ալ շուտ մը ելաւ, և իր մահիճը առնելով՝ ամէնուն առջև դուրս ելաւ, այնպէս որ ամէնը ապշած մնացին, և տուին Աստուծոյ, ու ըսին թէ Այսպիսի բան մը ամենւին տեսած չենք։

Յիսուս Ղևին կը կանչէ

13Եւ ելաւ նորէն ծովեզերքը, ու բոլոր ժողովուդրը իրեն կու գային, և կը սորվեցնէր անոնց։ 14Ու երբ կ’անցնէր, տեսաւ Ղևի Ալփէոսեանը, որ մաքս ընդունելու տեղը նստեր էր, ու ըսաւ անոր, Եկուր իմ ետևէս. ան ալ ելաւ անոր ետևէն գնաց։ 15Ու եղաւ որ երբ նստած էր անոր տանը մէջ, շատ ու մեղաւորներ ալ սեղան նստած էին Յիսուսի հետ ու անոր աշակերտներուն հետ. քանզի շատուոր էին, ու անոր ետևէն կ’երթային։ 16Եւ դպիրները ու փարիսեցիները երբ տեսան թէ անիկա մաքսաւորներուն ու մեղաւորներուն հետ կ’ուտէ, ըսին անոր աշակերտներուն, Ինչո՞ւ համար մաքսաւորներուն ու մեղաւորներուն հետ կ’ուտէ ու կը խմէ։ 17Եւ Յիսուս երբ լսեց՝ ըսաւ անոնց, Առողջներուն բժիշկ պետք չէ, հապա հիւանդներուն. ես արդարները կանչելու չեկայ, հապա մեղաւորները։

Ծոմապահութեան հարցը

18Եւ Յովհաննէսի ու փարիսեցիներուն աշակերտները ծոմ կը պահէին. և եկան ու ըսին անոր, Ինչո՞ւ Յովհաննէսի ու փարիսեցիներուն աշակերտները ծոմ կը պահեն, ու քու աշակերտներդ ծոմ չեն պահեր։ 19Եւ Յիսուս ըսաւ անոնց, Միթէ կարելի՞ է որ հարսնիքին տղաքը, քանի որ փեսան իրենց հետ է, ծոմ պահեն. որչափ ժամանակ որ փեսան իրենց հետ ունին, կարելի չէ ծոմ պահել։ 20Բայց օրեր պիտի գան՝ որ երբ փեսան իրենցմէ վերցուի, ապա այն օրը ծոմ պիտի պահեն։ 21Մէկը կարկտան չձգեր նոր լաթի կտոր մը հին հանդերձի վրայ. եթէ ոչ՝ այն նորը որ անոր լրութեանը համար դրուած էր, հինէն կ’առնէ ու պատռուածքը ա°լ աւելի գէշ կ’ըլլայ, 22Ոչ ալ մէկը նոր գինին հին տիկերու մէջ կը դնէ. եթէ ոչ՝ նոր գինին տիկերը կը պատռէ, ու գինին կը թափի և տիկերը կը կորսուին. հապա նոր գինին նոր տիկերու մէջ դնելու է։

Շաբաթ օրուան հարցը

23Ու եղաւ որ օրը ինք արտերուն մէջէն կ’անցնէր, և իր աշակերտները երբ կ’երթային, սկսան ցորենի հասկեր փրցնել։ 24Ու փարիսեցիները ըսին իրեն, Նայէ շաբաթ օրը ի՛նչ կ’ընեն, որ արժան չէ։ 25Ինք ալ անոնց ըսաւ, Բնաւ չէ՞ք կարդացեր դուք Դաւիթի ըրածը՝ երբ պետք ունեցաւ, և անօթեցաւ ինք ու անոնք որ իրեն հետ էին։ 26Ի՛նչպէս մտաւ Աստուծոյ տունը Աբիաթար քահանայապետին օրով, և առաջաւորութեան հացերը կերաւ, ու տուաւ անոնց ալ որ իրեն հետ էին, զոր մեկո’ւն օրինաւոր չէ ուտել, բայց միայն քահանաներուն։ 27Եւ ըսաւ անոնց, Շաբաթը մարդուն համար եղաւ, ու ոչ թէ մարդը շաբաթին համար։ 28Ուրեմն Որդին մարդոյ շաբաթին ալ տէրն է։

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)