Ավետարան ըստ Մարկոսի
7
Նախնիքներուն ուսուցումը
1Եւ իր քով ժողվուեցան փարիսեցիները ու դպիրներէն ոմանք՝ որ Երուսաղէմէ եկած էին։ 2Ու երբ տեսան որ անոր աշակերտներէն ոմանք պիղծ, այսինքն անլուայ, ձեռքերով հաց կ’ուտէին, մեղադրեցին. 3Վասն զի փարիսեցիները ու բոլոր Հրեաները մինչև աղէկ մը ձեռքերնին չլուան՝ հաց չեն ուտեր, քանզի ծերերուն աւանդութիւնը կը բռնեն։ 4Եւ շուկայէն եկած ատեննին եթէ չլուացին՝ չեն ուտեր. և ուրիշ շատ բաներ կան զորոնք ընդունուած են ու կը բռնեն, այսինքն գաւաթներու և փարչերու ու պղնձէ ամաններու և անկողիններու լուացմունքներ։ 5Այն ատեն փարիսեցիները ու դպիրները հարցուցին անոր, թէ Ինչո՞ւ քու աշակերտներդ ծերերուն աւանդութեանը պէս չեն երթար, հապա անլուայ ձեռքերով հաց կ’ուտեն։ 6Ան ալ պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց, Աղէկ մարգարէութիւն ըրաւ Եսայի ձեզի կեղծաւորներուդ համար, ինչպէս գրուած է, Այս ժողովուրդը միայն շրթունքներովը զիս կը պատուէ, բայց իրենց սիրտը հեռացած զատուած է ինծմէ. 7Ու պարապ տեղ զիս կը պաշտեն, մարդոց պատուիրած բաները իբրև վարդապետութիւն սորվեցնելով։ 8Վասն զի Աստուծոյ պատուիրանքը թողելով՝ մարդոց աւանդութիւնը կը բռնէք, ինչպէս՝ փարչերու և գաւաթներու լուացմունքներ, և ասոնց նման շատ ուրիշ բաներ կ’ընէք։ 9Ու ըսաւ անոնց, Աղէկ կ’անարգէք Աստուծոյ պատուիրանքը, որպէս զի ձեր աւանդութիւնը պահէք։ 10Քանզի Մովսէս ըսաւ, Քու հայրդ ու մայրդ պատուէ. և, Ով որ իր հայրը կամ մայրը անիծէ, մահով թող մեռնի։ 11Բայց դուք կ’ըսէք, Եթէ մէկը իր հօրը կամ մօրը ըսէ, Այն բանը զոր ինծմէ պիտի շահիս, Աստուծոյ տալու կորբան է, (որ ըսել է ընծայ,) ազատ կ’ըլլայ անիկա. 12Եւ ա՛լ թող չէք տար անոր բան մը ընել իր հօրը կամ իր մօրը. 13Ու Աստուծոյ խօսքը կը խափանէք ձեր աւանդութիւնովը զոր կ’աւանդէք. և ասոր նման շատ ուրիշ բաներ կ’ընէք։
Բաներ, որ մարդը կ’ապականեն
14Եւ բոլոր ժողովուրդը իրեն կանչելով՝ ըսաւ անոնց, Լսեցէք ինծի ամէնդ ու հասկցէք։ 15Բան մը չկայ որ դուրսէն մարդուն ներսը մտնէ, ու կարող ըլլայ զանիկա պղծել, հապա այն բաները որ անկէ կ’ելլեն, անոնք են որ մարդը կը պղծեն։ 16Ով որ լսելու ականջ ունի՝ թող լսէ։ 17Ու երբ այն բազմութենէն զատուելով տուն մտաւ, իր աշակերտները հարցուցին իրեն այն առակին համար։ 18Ու ըսաւ անոնց, Դո՞ւք ալ այդպէս անմիտ էք. չէ՞ք հասկնար թէ ամէն ինչ որ դուրսէն մարդուն ներսիդին կը մտնէ, չկրնար զանիկա պղծել. 19Վասն զի ոչ թէ անոր սրտին մէջ կը մտնէ, հապա փորը, և արտաքնոցը կ’ելլէ, ու բոլոր կերածները կը մաքրէ։ 20Եւ կ’ըսէր թէ Ինչ որ կ’ելլէ մարդուն ներսէն, անիկա կը պղծէ մարդը։ 21Վասն զի ներսէն, մարդոց սրտէն, կ’ելլեն չար խորհուրդներ, շնութիւններ, պոռնÁկութիւններ, սպանութիւններ, 22Գողութիւններ, ագահութիւններ, չարութիւններ, նենգութիւն, գիճութիւն, չար աչք, հայհոյութիւն, ամբարտաւանութիւն, անզգամութÇւն։ 23Այս բոլոր չար բաները ներսէն կ’ելլեն, ու կը պղծեն մարդը։
Կնոջ մը հաւատքը (Մատթ. 15:21-28)
24Եւ անկէ ելլելով Տիւրոսի ու Սիդոնի սահմանները գնաց, և տուն մը մտնելով՝ չէր ուզեր որ մէկուն յայտնուի, բայց չկրցաւ ծածկուիլ. 25Քանզի կին մը, որուն աղջիկը պիղծ ոգի ունէր իր ներսիդին, լսեց անոր վրայով, ու եկաւ, անոր ոտքը ինկաւ։ 26Եւ այն կինը հեթանոս էր, ազգով Փիւնիկ Ասորի, ու կ’աղաչէր անոր՝ որ դևը իր աղջիկէն հանէ։ 27Եւ Յիսուս ըսաւ անոր, Թող տուր որ առաջ տղաքը կշտանան, քանզի աղէկ չէ տղոց հացը առնել ու շուներուն ձգել։ 28Անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր, Այո, Տէր, վասն զի շուներն ալ սեղանին տակ տղոցը փշրանքներէն կը կերակրուին։ 29Եւ ըսաւ անոր, Այդ խօսքիդ համար գնա, քու աղջիկէդ դևը ելաւ։ 30Եւ կինը իր տունը երթալով, գտաւ որ դևը ելած՝ ու աղջիկը անկողինին վրայ պառկած էր։
Յիսուս խուլ և համր մարդ մը կը բժշկէ
31Եւ նորէն Տիւրոսի ու Սիդոնի սահմաններէն ելլելով, եկաւ Գալիլեայի ծովեզերքը, Դեկապոլիսի սահմաններուն մէջէն։ 32Եւ մէկը բերին անոր առջև, խուլ ու դժուարախօս, ու կ’աղաչէին որ անոր վրայ ձեռք դնէ։ 33Եւ ժողովուրդէն մէկդի առնելով զանիկա, իր մատերը անոր ականջներուն մէջ խոթեց ու թքաւ, և անոր լեզուին դպաւ, 34Ու երկինք նայելով՝ հառաչեց ու ըսաւ անոր, Եփփաթա, (որ ըսել է Բացուէ.) 35Եւ իսկոյն անոր ականջները բացուեցան, ու անոր լեզուին կապը քակուեցաւ, և շիտակ կը խօսէր։ 36Ու պատուիրեց անոնց որ մարդո՛ւ չըսեն. և որչափ ինք կը պատուիրէր անոնց, անոնք ա՛լ աւելի կը քարոզէին. 37Ու չափէ դուրս կը զարմանային և կ’ըսէին, Ամէն բաները աղէկ ըրաւ ասիկա, որ խուլերուն լսել կու տայ և համրերուն խօսիլ։