Նաում մարգարեյի գիրք
1
Աստուծոյ բարկութիւնը Նինուէին հանդէպ
1Նինուէի պատգամը. Ելկեսացի Նաւումի տեսիլքին գիրքը: 2Եհովա նախանձոտ ու վրէժխնդիր Աստուած է. Եհովա վրէժ առնող ու բարկութեան տէր է. Եհովա իր հակառակորդներէն վրէժ կ’առնէ, Ու իր թշնամիներուն բարկութիւն կը պահէ: 3Եհովա երկայնամիտ է, ու անոր զօրութիւնը մեծ է, Բայց յանցաւորը ամենևին անպարտ չթողուր. Եհովայի ճամբան մրրիկի ու թոփորիկի մէջ է, Ու ամպերը անոր ոտքերուն փոշին են: 4Ծովուն կը սաստէ ու զանիկա կը ցամքեցնէ, Եւ բոլոր գետերը կը չորցնէ. Բասան ու Կարմեղոս կը թառամին, Եւ Լիբանանի ծաղիկը կը թառամի: 5Լեռները անկէ կը դողան ու բլուրները կը հալին. Երկիր անոր երեսէն կը խախտի, Աշխարհ ու անոր բոլոր բնակիչները: 6Անոր ցասումին առջև ո՞վ կրնայ կայնիլ, Եւ անոր սաստիկ բարկութեանը ո՞վ կրնայ դէմ դնել. Անոր սրտմտութիւնը կրակի պէս կը թափի, Ու ապառաժները անկէ կը խորտակին: 7Եհովա բարի է, նեղութեան օրը ամրութիւն է, Ու իրեն ապաւինողները կը ճանչնայ: 8Բայց այն քաղաքին տեղը յորդահոս հեղեղով բոլորովին պիտի աւրէ, Եւ խաւարը պիտի հալածէ անոր թշնամիները: 9Եհովայի դէմ ի՞նչ կը խորհիք. Բնաջինջ ընողը անիկա է. Նեղութիւնը երկրորդ անգամ պիտի չելլէ: 10Քանզի քանի որ անոնք փուշերու պէս փաթթուած են, Ու իրենց ըմպելիքովը գինովցածի պէս են, Բոլորովին չորցած յարդի պէս պիտի այրին: 11Քեզմէ Եհովայի դէմ չարութիւն մտածող մը, Անօրէն խորհրդական մը, ելաւ: 12Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Թէև անոնք խաղաղութեան մէջ են ու բազմաթիւ են, Սակայն անոնք պիտի կոտրին երբ անիկա անցնի. Թէև քեզ նեղեցի, ա°լ պիտի չնեղեմ: 13Եւ հիմա քու վրայէդ անոր լուծը պիտի կոտրեմ, Ու քու կապերդ պիտի կտրեմ: 14Եւ Տէրը քեզի համար հրամայեց, Որ մէյմըն ալ քու անունէդ մարդ չտարածուի. Քու աստուածներուդ տունէն Քանդակած և ձուլածոյ կուռքերը բնաջինջ պիտի ընեմ. Զանիկա քու գերեզմանդ պիտի ընեմ, Քանզի դուն անարգ եղար: 15Ահա լեռներուն վրայ աւետիս բերողին, Խաղաղութիւն քարոզողին, ոտքերը. Տօներդ պահէ, ով Յուդա, ուխտերդ կատարէ. Քանզի մէյմըն ալ քու մէջէդ անօրէն պիտի չանցնի, Անիկա բոլորովին կոտրեցաւ: