Նաում մարգարեյի գիրք
2
Նինուէին անկումը
1Խորտակողը քու երեսիդ դէմ ելաւ. Պարիսպը պահպանէ, ճամբան դիտէ, Մէջքերդ ուժովցուր ու բոլոր ոյժդ վրադ ժողվէ: 2Քանզի Տէրը Յակոբի վայելչութիւնը Իսրայէլի վայելչութեանը պէս նորոգեց. Վասն զի պարպողները զանոնք պարպեցին, Ու անոնց որթի ուռերը աւրեցին: 3Անոր զօրաւորներուն վահանը կարմըրեցաւ, Անոր քաջ մարդիկը կարմիրով ներկուեցան. Անոր պատրաստութեանը օրը կառքը պողպատի փայլունութիւն* պիտի ունենայ, Ու նիզակները պիտի երերցուին: 4Կառքերը փողոցներուն մէջ պիտի կատղին, Հրապարակներուն մէջ իրար պիտի բաղխեն. Անոնց երևոյթը ջահերու պէս պիտի ըլլայ, Ու փայլակներու պէս պիտի վազեն: 5Իր կտրիճները պիտի յիշէ. Անոնք քալած ատեննին պիտի գլորին, Իսկ թշնամիները պարսպին մօտենալու պիտի արտորան, Ու պատսպարան պիտի պատրաստուի: 6Գետերուն դռները պիտի բացուին, Եւ պալատը պիտի փլչի: 7Ու նախասահմանուեցաւ որ* անիկա գերութեան պիտի ելլէ, Եւ անոր աղախինները կուրծքերնուն զարնելով Ու աղաւնիի պէս մնչելով անոր հետ պիտի երթան: 8Եւ Նինուէ շատ ժամանակէ ի վեր ջուրերու աւազանի պէս էր. Սակայն անոնք փախչելով` Կայնեցէք, կայնեցէք` պիտի ըսեն, Բայց դարձող պիտի չըլլայ: 9Արծաթ յափշտակեցէք, ոսկի յափըշտակեցէք, Քանզի անոր զարդերը անթիւ են, Ու ամէն ցանկալի սպասներու առատութիւն կայ: 10Պարապ ու պարպած ու դատարկացած է. Եւ սիրտերը կը հալին, ու ծունկերը իրարու կը զարնեն, Եւ ամէն մէջքերը կը դողան, Ու ամէնուն երեսները գոյներնին կը նետեն: 11Ո՞ւր է առիւծներուն բնակարանը, Եւ առոյգ առիւծներուն արօտը, Ուր արու առիւծը, մատակ առիւծը Ու առիւծի կորիւնը կը պտըտէին, Ու զանոնք վախցնող մը չկար: 12Առիւծը իր կորիւններուն բաւական եղածին չափ կը պատառէր Ու իր մատակ առիւծներուն համար կը խեղդէր, Եւ իր մորիները որսով` Ու իր բնակարանները յափշտակութեամբ կը լեցնէր: 13Ահա ես քեզի դէմ եմ, կ’ըսէ զօրաց Տէրը, Եւ անոր կառքերը պիտի այրեմ ու ծուխի պիտի դարձնեմ, Եւ քու առոյգ առիւծներդ սուրը պիտի ուտէ. Ու քու որսդ երկրի վրայէն պիտի ջնջեմ, Եւ քու դեսպաններուդ ձայնը մէյմըն ալ պիտի չլսուի:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981