Նաում մարգարեյի գիրք
3
1Վա՜յ արիւններու քաղաքին, Բոլորովին ստութեամբ ու յափշտակութեամբ լեցուն է. Հոն որսը պակաս չէ: 2Ահա խարազանին ձայնը, Ու անիւին շարժման ձայնը, Եւ սրընթաց ձիին ու ցնցուող կառքին շաչիւնը: 3Ձիաւորը կը վերցնէ փայլուն սուրը ու շողշողուն նիզակը*, Եւ շատ վիրաւորներ ու խիստ շատ մեռելներ կ’ըլլան, Ու դիերը անթիւ են, դիերուն վրայ կը գլորին, 4Այն պոռնիկին պոռնկութիւններուն շատութեանը համար, Որ խիստ շնորհալի ու կախարդութեանց տէր ըլլալով` Իր պոռնկութիւններովը ազգեր, Եւ իր կախարդութիւններովը ազգատոհմներ կը ծախէր: 5Ահա ես քեզի դէմ եմ, կ’ըսէ զօրաց Տէրը, Ու քու երեսիդ դէմ քու քղանցքդ պիտի բանամ, Եւ քու մերկութիւնդ ազգերուն, Ու քու անարգանքդ թագաւորութիւններուն պիտի ցուցնեմ. 6Եւ քու վրադ պղծութիւններ պիտի նետեմ, Ու քեզ խայտառակ պիտի ընեմ, Ու քեզ օրինակ պիտի դնեմ: 7Ու պիտի ըլլայ որ ամէն քեզ տեսնողը Քեզմէ պիտի փախչի, ու պիտի ըսէ, Նինուէ աւերակ եղաւ. Անոր վրայ ո՞վ պիտի ողբայ. Քեզի ուրկէ՞ մխիթարիչներ փնտռեմ: 8Միթէ դուն Նով-ամոնէ աղէ՞կ ես, Որ գետերուն մէջ կը բնակէր, Ու ջուրերով շրջապատուած էր, Որու խրամ եղած էր ծովը, Ու ծովը անոր պարիսպն էր. 9Անոր զօրութիւնը Եթէովպիա ու Եգիպտոս էր, Ու ծայր չունէր. Փուդացիք ու Լիբէացիք քեզի օգնական էին: 10Անիկա ալ աքսոր ու գերութեան գնաց, Անոր տղաքները անգամ ամէն ճամբու գլուխ գետինը զարնուեցան. Եւ անոր պատուականներուն վրայ վիճակ ձգեցին, Ու անոր բոլոր մեծամեծները շղթաներով կապուեցան: 11Դուն ալ պիտի գինովնաս ու անյայտ ըլլաս, Դուն ալ թշնամիէն ամրանալու տեղ պիտի փնտռես: 12Քու բոլոր բերդերդ կանխահաս պտուղներ ունեցող թզենիներու պէս պիտի ըլլան, Որոնք երբ թօթվուին, ուտողին բերանը կ’իյնան: 13Ահա քու ժողովուրդդ քու մէջդ կիներու պէս պիտի ըլլան, Քու երկրիդ դռները անշուշտ քու թշնամիներուդ պիտի բացուին, Կրակը պիտի ուտէ քու նիգերդ: 14Պաշարումի համար քեզի ջուրեր քաշէ, Բերդերդ ամրացուր. Ցեխի մէջ մտիր ու կաւը կոխէ, Եւ աղիւսին փուռը նորոգէ. 15Հոն կրակը քեզ պիտի ուտէ, Սուրը քեզ պիտի կոտրէ, Ու ջորեակի պէս քեզ պիտի հատցնէ. Քեզ ջորեակի պէս շատցուր, Քեզ մարախի պէս շատցուր: 16Քու վաճառականներդ երկինքի աստղերէն աւելի շատցուցիր. Ջորեակը տարածուեցաւ, ետքը թռաւ: 17Քու թագակիրներդ մարախի պէս, Ու զօրաւարներդ անթիւ մարախներու պէս են, Որոնք ցուրտ օրը ցանգերու վրայ կը հանգչին. Երբ արևը ծագի` կը չուեն, Ու անոնց տեղին ուր ըլլալը չգիտցուիր: 18Քու հովիւներդ կը քնանան, ով Ասորեստանի թագաւոր, Քու ազնուականներդ կը պառկին. Քու ժողովուրդդ լեռներուն վրայ ցրուեցան, Ու մէկը չկայ որ զանոնք ժողվէ: 19Քու բեկումիդ ճար չկայ, Քու վէրքդ անդարմանելի է. Ամէն անոնք որ քու լուրդ կը լսեն` քեզի համար ծափ պիտի զարնեն, Քանզի ամէն ժամանակ քու չարութիւնդ որո՞ւ վրայ անցած չէ: