Նէեմիայի գիրք
10
Ժողովուրդը համաձայնագիր մը կը ստորագրէ
1Եւ կնքողները ասոնք էին. Աքազիայի որդին Նէեմիա, Աթարսաթան, Սեդեկիա, 2Սարայիա, Ազարիա, Երեմիա, 3Փասուր, Ամարիա, Մեղքիա, 4Քետտուս, Սաբանիա, Մալուք, 5Հարիմ, Մերամօթ, Աբդիա, 6Դանիէլ, Կանաթոն, Բարուք, 7Մեսուղամ, Աբիա, Միամին, 8Մաազիա, Բեղգա ու Սեմայիա. ասոնք քահանաներն էին: 9Ու Ղեւտացիները, Ազանիայի որդին Յեսու, Բանուի ու Ենադադի որդիներէն Կադմիէլ, 10Եւ անոնց եղբայրները՝ Սաբանիա, Ովդիա, Կովղիտա, Փաղայիա, 11Անան, Միքա, Րոոբ, Ասաբիա, 12Զաքուր, Սարաբիա, Սաբանիա, 13Ովդիա, Բանի ու Բանինու: 14Ժողովուրդին իշխանները, Փարոս, Փաաթ-մովաբ, Եղամ, 15Զաթու, Բանի, Բունի, Ազգադ, 16Բեբայի, Ադոնիա, Բագուէ, Ադին, 17Ատեր, Եզեկիա, Ազուր, 18Ովդիա, Հասում, Բեսէի, 19Արիփ, Անաթովթ, Նովբայ, 20Մագփիաս, Մեսուղամ, Եզիր, 21Մասիզեբէլ, Սադովկ, Յադդուա, 22Փաղատիա, Անան, Անանիա, 23Ովսէէ, Անանիա, Ասուբ, 24Ալօէս Պիլա, Սօբէկ, 25Հռէում, Ասաբանա, Մաասիա, 26Աքիա, Անան, Օնան, 27Մալուք, Հարիմ ու Բաանա:
Համաձայնագիրը
28Եւ մնացած ժողովուրդը, քահանաները, Ղեւտացիները, դռնապանները, երգեցողները, Նաթանայիմները, ու երկիրներու ժողովուրդներէն Աստուծոյ օրէնքին հետևելու համար բոլոր զատուողները, իրենց կիները, տղաքները ու աղջիկները, այսինքն ամէն անոնք որ կրնային հասկընալ, 29Իրենց երևելի եղբայրներուն հետ միաբանեցան, ու անէծքով երդում ըրին, որ Աստուծոյ ծառային Մովսէսի ձեռքով տրուած Աստուծոյ օրէնքին մէջ քալեն, ու մեր Եհովա Տէրոջը բոլոր պատուիրանքները ու դատաստանները և կանոնները պահեն ու կատարեն: 30Եւ խօսք տուինք որ մեր աղջիկները երկրին ժողովուրդներուն չտանք, և անոնց աղջիկները մեր տղոցը չառնենք: 31Ու երկրին ժողովուրդներուն շաբաթ օրը ծախելու համար բերած ապրանքները և ամէն տեսակ ուտելիքը՝ շաբաթ օրը կամ սուրբ օրերը՝ անոնցմէ չառնենք. ու եօթներորդ տարին, ու ամէն պարտքի պահանջմունքը թողունք: 32Ու մեզի կանոն դրինք, որ մեր Աստուծոյն տանը ծառայութեանը համար ամէն տարի մէկ սիկղին երրորդ մասը տանք, 33Առաջաւորութեան հացին համար, մշտնջենաւոր հացի ընծային համար, մշտնջենաւոր ողջակէզին համար, շաբաթներուն համար, ամսագլուխներուն համար, տօներու համար, սուրբ բաներու համար, ու Իսրայէլի քաւութիւն ըլլալու մեղքի պատարագներուն համար, ու մեր Աստուծոյն տանը ամէն գործին համար, 34(Եւ փայտի ընծային համար՝ քահանաներուն, Ղեւտացիներուն ու ժողովուրդին վիճակ ձգեցինք, որ զանիկա մեր Տէր Աստուծոյն սեղանին վրայ վառելու համար, տարուէ տարի՝ որոշուած ատենները ըստ ազգատոհմից մեր Աստուծոյն տունը բերենք, ինչպէս օրէնքին մէջ գրուած է.) 35Ու մեր երկրին առաջին պտուղները, և ամէն ծառին ամէն առաջին պտուղները տարուէ տարի Տէրոջը տունը տանինք. 36Ու մեր որդիներուն ու մեր անասուններուն առջինեկները՝ ինչպէս օրէնքին մէջ գրուած է, ու մեր արջառներուն ու ոչխարներուն առջինեկները մեր Աստուծոյն տունը տանինք՝ մեր Աստուծոյն տանը մէջ պաշտօն կատարող քահանաներուն. 37Ու մեր խմորներուն երախայրիները, և մեր ընծաները, այսինքն ամէն ծառի պտուղը, գինի ու իւղ տանինք քահանաներուն, մեր Աստուծոյն տանը սենեակները, ու մեր երկրին տասանորդը Ղեւտացիներուն տանք, ու Ղեւտացիները մեր բոլոր երկրագործութեան քաղաքներուն մէջ տասանորդները առնեն: 38Ու Ահարոնի որդին, քահանան, Ղեւտացւոց տասանորդին մէջ Ղեւտացւոց մասնակից ըլլայ, ու Ղեւտացիք տասանորդին տասանորդը մեր Աստուծոյն տունը, գանձատանը սենեակները, տանին. 39Վասն զի Իսրայէլի որդիները ու Ղեւիի որդիները ցորենին ու գինիին ու իւղին ընծան այն սենեակները պիտի տանին, ուր սրբարանին անօթները ու պաշտօն կատարող քահանաները ու դռնապանները ու երգեցողները կը կենան. ու մեր Աստուծոյն տանը վրայով անհոգ պիտի չըլլանք:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981