Նէեմիայի գիրք
11
Երուսաղէմ բնակող ժողովուրդը
1Եւ ժողովուրդին իշխանները Երուսաղէմի մէջ բնակեցան. ու մնացած ժողովուրդը վիճակ ձգեցին, որպէս զի տասնէն մէկը բերեն Երուսաղէմ սուրբ քաղաքը բնակելու, ու միւս ինը բաժինը ուրիշ քաղաքներու մէջ բնակին: 2Եւ ժողովուրդը օրհնեց այն ամէն մարդիկը՝ որոնք յօժար կամքով իրենց անձը ընծայեցին Երուսաղէմի մէջ բնակելու: 3Ու Երուսաղէմի մէջ բնակող գաւառին իշխանները ասոնք էին. (սակայն Յուդայի քաղաքներուն մէջ՝ Իսրայէլ, քահանաները, Ղեւտացիները, Նաթանայիմները ու Սողոմոնի ծառաներուն որդիները, ամէն մարդ իրենց կալուածքին մէջ, իրենց քաղաքներուն մէջ բնակեցան:) 4Ու Երուսաղէմի մէջ Յուդայի որդիներէն ու Բենիամինի որդիներէն բնակեցան: Յուդայի որդիներէն՝ Մաղաղիելի որդւոյն Սափատիայի որդւոյն Ամարիայի որդւոյն Զաքարիայի որդւոյն Ոզիայի որդին Աթայիա, որ Փարէսի որդիներէն էր. 5Եւ Սիլօնիի որդւոյն Զաքարիայի որդւոյն Յովարիբի որդւոյն Ադայիայի որդւոյն Ազայիայի որդւոյն Քոլողէի որդւոյն Բարուքի որդին Մաասիա: 6Երուսաղէմի մէջ բնակող Փարէսի որդիներուն ամէնը չորս հարիւր վաթսունըութ զօրաւոր մարդիկ էին: 7Ու Բենիամինի որդիները ասոնք էին. Եսայիի որդւոյն Իթիէլի որդւոյն Մաասիայի որդւոյն Կովղիայի որդւոյն Փադայիայի որդւոյն Յովադի որդւոյն Մեսուղամի որդին Սալլու: 8Եւ անկէ ետքը Գեբէի, Սելէի, և այլն, ինը հարիւր քսանըութ հոգի. 9Ու անոնց վրայ իշխան՝ Զեքրիի որդին Յովէլ էր. ու Սենուայի որդին Յուդա քաղաքին վրայ տեղակալ էր: 10Քահանաներէն՝ Յովարիբի որդին Յեդայիա, Յաքին, 11Աստուծոյ տանը վերակացուն, Աքիտովբի որդւոյն Մարիօթի որդւոյն Սադովկի որդւոյն Մեսուղամի որդւոյն Քեղկիայի որդին Սարայիա, 12Եւ անոնց եղբայրները, որոնք Աստուծոյ տանը գործը կը բանէին, ութ հարիւր քսանուերկու էին, ու Մեղքիայի որդւոյն Փասուրի որդւոյն Զաքարիայի որդւոյն Ամասիի որդւոյն Փաղաղիայի որդւոյն Յերոամի որդին Ադայիա, 13Ու անոր եղբայրները, տոհմապետները, երկու հարիւր քառասունուերկու էին. ու Եմմերի որդւոյն Մեսեղամօթի որդւոյն Ահզայի որդւոյն Ազարիէլի որդին Ամեսայի, 14Եւ անոնց եղբայրները հարիւր քսանըութ զօրաւոր կտրիճներ էին. ու անոնց վրայ իշխան Ագեդողիմի որդին Զաբդիէլ էր: 15Ու Ղեւտացիներէն՝ Բունիի որդւոյն Ասաբիայի որդւոյն Եզրիկամի որդւոյն Ասուբի որդին Սեմայիա, 16Նաև Սաբեդա ու Յովզաբադ, որոնք Ղեւտացւոց իշխաններէն էին, Աստուծոյ տանը արտաքին գործին վրայ էին: 17Եւ Ասափի որդւոյն Զաբդիի որդւոյն Միքայի որդին Մաթանիա երգեցողներուն գլխաւորն էր, ու աղօթքներուն օրհնութիւնները նախ անիկա կը սկսէր երգել. և անոր եղբայրներէն Բակբոկիա երկրորդն էր, ու անկէ ետքը Իդիթունի որդւոյն Գաղաղի որդւոյն Սամուայի որդին Աբդա էր: 18Սուրբ քաղաքին մէջ բնակող բոլոր Ղեւտացիները երկու հարիւր ութսունըչորս էին: 19Եւ դռնապանները՝ Ակկուբ ու Տեղմոն, ու անոնց եղբայրները, դռներուն պահապանները, հարիւր եօթանասունուերկու էին: 20Եւ Իսրայէլի, քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն մնացորդը, Յուդայի բոլոր քաղաքներուն մէջ, ամէն մարդ իր ժառանգութեանը մէջ էր: 21Բայց Նաթանայիմները Ոփաղի մէջ կը բնակէին. և Սիա ու Գիսփա Նաթանայիմներուն վրայ էին: 22Ու Երուսաղէմի մէջ Ղեւտացւոց վերակացուն՝ Միքայի որդւոյն Մաթանիայի որդւոյն Ասաբիայի որդւոյն, Բանիի որդին Ոզի էր, Ասափի որդիներէն, երգեցողներէն, որոնք Աստուծոյ տանը գործին վրայ էին. 23Վասն զի անոնց համար թագաւորը հրաման տուեր էր, որ երգեցողներուն օրէ օր ռոճիկ տրուի: 24Եւ Յուդայեան Զարայի որդիներէն Մասիզեբէլի որդին Փեթայիա ժողովուրդին ամէն գործին մէջ թագաւորին գործակալն էր:
Ուրիշ քաղաքներու ժողովուրդը
25Ու Յուդայի որդիներէն գեղերու ու արտերու մէջ բնակեցան, այսինքն Կարիաթ-արբայի ու անոր գեղերուն մէջ, Դեբօնի ու անոր գեղերուն մէջ, Կաբեսէէլի ու անոր գեղերուն մէջ, 26Ու Յեսուայի ու Մօլադայի ու Բեթփաղեթի, 27Եւ Ասեր-սուաղի ու Բերսաբէէի ու անոր գեղերուն մէջ, 28Եւ Սիկելակի, ու Մեքոնայի և անոր գեղերուն մէջ, 29Ու Ենռեմօնի, Սարաայի, Յերիմութի, 30Զանովի, Ոդողոմի ու անոնց գեղերուն մէջ, Լաքիսի ու անոր արտերուն մէջ, Ազեկայի ու անոր գեղերուն մէջ, ու Բերսաբէէէ մինչև Ենովմի ձորը բնակեցան: 31Ու Բենիամինի որդիները՝ Գաբայէ մինչև Մաքմաս, Այիա, ու Բեթէլ ու անոր գեղերուն մէջ, 32Անաթովթ, Նոբ, Անանիա, 33Հասոր, Ռամա, Գեթթայիմ, 34Հադիդ, Սեբոյիմ, Նեբաղադ, 35Ղովդ, Ովնով ու Գեքարասիմ բնակեցան: 36Ու Ղեւտացիներէն ոմանք Յուդայի ու Բենիամինի մէջ բաժնուած էին:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981