Նէեմիայի գիրք

13

Օտարներէն զատուիլ

1Այն օրը Մովսէսի գիրքէն կարդա-ցուեցաւ ու ժողովուրդը լսեց*, ու հոն գրուած գտնուեցաւ որ Ամմոնացիք ու Մովաբացիք Աստուծոյ ժողովքին մէջ յաւիտեան չմտնեն. 2Որովհետև անոնք Իսրայէլի որդիները հացով ու ջրով չդիմաւորեցին, հապա Բաղաամը անոնց դէմ վարձքով բռնեցին, որպէս զի զանոնք անիծէ. բայց մեր Աստուածը անէծքը օրհնութեան դարձուց: 3Ու երբ օրինաց խօսքերը լսեցին, բոլոր խառնուած մարդիկը Իսրայէլէ զատեցին:

Նէեմիային բարեկարգութիւնները

4Բայց ասկէ առաջ մեր Աստուծոյն տանը սենեակներուն վերակացուն, Եղիասիբ քահանան, Տուբիայի հետ ազգական եղեր էր, 5Ու անոր մեծ սենեակ մը շիներ էր այն տեղ՝ ուր առաջ հացի ընծաները, կնդրուկը ու անօթները, ու Ղեւտացիներուն, երգեցողներուն և դռնապաններուն համար որոշուած ցորենին, գինիին ու իւղին տասանորդները, ու քահանաներուն տրուած ընծաները կը դնէին: 6Եւ այս ամէն բաներուն ատենը ես Երուսաղէմի մէջ չէի, վասն զի Բաբելոնի Արտաշէս թագաւորին երեսունուերկուերորդ տարին թագաւորին գացի: Ու ժամանակէ մը ետքը թագաւորէն հրաման առի, 7Ու գալով Եղիասիբի ըրած չարութիւնը իմացայ, որ Աստուծոյ տանը գաւիթին մէջ Տուբիայի համար սենեակ մը շիներ էր: 8Եւ շատ դժուարեցայ, ու Տուբիայի բոլոր կարասիները սենեակէն դուրս նետեցի. 9Եւ հրաման ըրի, ու սենեակները մաքրեցին, և Աստուծոյ տանը անօթները ու հացի ընծան և կնդրուկը նորէն հոն տարի: 10Ու նաև իմացայ որ Ղեւտացւոց բաժինները տրուած չէին, վասն զի սպասաւորութիւն ընող Ղեւտացիները ու երգեցողները ամէնն ալ իրենց ագարակները փախեր էին: 11Անոր համար ոստիկաններուն հետ վիճեցայ ու ըսի, Աստուծոյ տունը ի՞նչ պատճառաւ այսպէս թողուած է. և Ղեւտացիները ժողվեցի, ու զանոնք իրենց պաշտօններուն մէջ հաստատեցի: 12Եւ բոլոր Յուդա ցորենին, գինիին ու իւղին տասանորդները գանձարանները տարին, 13Եւ գանձարաններուն վրայ Սեղեմիա քահանան ու Սադովկ դպիրը և Ղեւտացիներէն Փադայիան գանձապետ կարգեցի. ու անոնց քով Մաթանիայի որդւոյն Զաքուրի որդին Անան էր. վասն զի անոնք հաւատարիմ կը սէպուէին, ու անոնց գործը իրենց եղբայրներուն բաժին տալ էր: 14Ով իմ, ասոր համար զիս յիշէ, ու իմ Աստուծոյս տանը մէջ և անոր ծառայութեանը մէջ իմ ըրած բարեգործութիւններս մի ջնջեր: 15Այն օրերը Հրէաստանի մէջ տեսայ որ օրը կը կոխէին. Ու ցորենի որաներ կը բերէին, ու էշերու վրայ բեռ կը բեռցնէին, նաև , խաղող, թուզ ու ամէն տեսակ բեռ տեսայ, զորոնք շաբաթ օրը Երուսաղէմ կը բերէին. ու ես ուտելիք ծախած օրերնին զանոնք յանդիմանեցի*: 16Եւ հոն բնակող Տիւրացիք ու ամէն տեսակ ապրանք կը տանէին, և շաբաթ օրը Յուդայի որդիներուն ու Երուսաղէմի բնակիչներուն կը ծախէին: 17Եւ Յուդայի ազնուականներուն հետ վիճեցայ, ու անոնց ըսի, Այս ի՞նչ գէշ բան է զոր դուք կ՚ընէք, ու շաբաթ օրը կը պղծէք: 18Ահա ձեր հայրերն ալ այսպէս ըրին, ու մեր Աստուածը մեր վրայ ու այս քաղաքին վրայ այս բոլոր չարիքները բերաւ. և դուք շաբաթը պղծելով՝ Իսրայէլի վրայ բարկութիւն կ՚աւելցնէք: 19Ուստի շաբաթէն առաջ Երուսաղէմի դռներէն արևը քաշուածին պէս*, հրամայեցի որ դռները գոցուին. նաև հրամայեցի որ շաբաթը չանցած չբացուին. ու դռները իմ մանչերէս կայնեցուցի, որպէս զի շաբաթ օրը ներսը բեռ չմտնէ: 20Եւ վաճառականները ու ամէն տեսակ ապրանք ծախողները մէկ երկու անգամ Երուսաղէմի դուրսը անցուցին գիշերը: 21Ու ես զանոնք յանդիմանեցի՝ ըսելով, Դուք ինչո՞ւ համար պարսպին քով գիշերը կ՚անցնէք. եթէ մէյմըն ալ այդպէս ընէք, ձեռքս ձեր վրայ կը դնեմ: Այն ատենէն ի վեր մէյմըն ալ շաբաթ օրը չեկան: 22Ու Ղեւտացիներուն ըսի որ զիրենք սրբեն, ու շաբաթ օրը սրբելու համար երթան դռները պահպանութիւն ընեն: Ով Աստուած իմ, ասոր համար ալ զիս յիշէ, ու քու մեծ ողորմութեանդ համեմատ ինծի ողորմէ: 23Եւ այն օրերը Հրեաներ տեսայ, որոնք Ազովտացի, Ամմոնացի ու Մովաբացի կիներ առեր էին. 24Ու անոնց տղաքը Հրէարէն խօսիլը աղէկ չգիտնալով՝ կէս մը Ազովտացւոց լեզուն կը խօսէին, նմանապէս ուրիշ ազգերուն լեզուները: 25Այս պատճառաւ անոնց հետ վէճ ըրի ու զանոնք նզովեցի, և անոնցմէ մէկ քանին ծեծեցի ու մազերնին փետեցի. և Աստուծոյ անունովը զանոնք երդմնցուցի, ըսելով, Ձեր աղջիկները անոնց տղոցը չտաք, ու անոնց աղջիկներէն ձեր տղոցը կամ ձեզի չառնէք: 26Ասոնց պատճառաւ չէ՞ր, որ Իսրայէլի թագաւորը մեղանչեց. ու թէպէտև շատ ազգերու մէջ անոր պէս թագաւոր չկար, և իր Աստուծոյն սիրելի էր, ու Աստուած զանիկա բոլոր Իսրայէլի վրայ թագաւոր դրաւ, սակայն օտարազգի կիները անոր ալ մեղանչել տուին: 27Եւ հիմա ձեզ թողո՞ւնք որ այս բոլոր մեծ չարութիւնը ընէք, ու օտարազգի կիներ առնելով՝ մեր Աստուծոյն դէմ գործէք: 28Եւ մեծ քահանային Եղիասիբի որդւոյն Յովիադայի որդիներէն մէկը Որոնացի Սանաբաղատի փեսան էր. անոր համար զանիկա քովէս վռնտեցի: 29Ով Աստուած իմ, զանոնք յիշէ՝ քահանայութիւնը և քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն ուխտը պղծելնուն համար: 30Այսպէս զանոնք բոլոր օտարազգիներէն մաքրեցի, ու քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն դասերը հաստատեցի, անոնց ամէն մէկը իր պաշտօնին վրայ դնելով. 31Նաև որոշուած ժամանակներուն բերուելու փայտի ընծային համար՝ ու երախայրի պտուղներուն համար հոգ տարի: Ով Աստուած իմ, զիս ի բարին յիշէ:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981