Նէեմիայի գիրք
2
Նէեմիա Երուսաղէմ կ’երթայ
1Ու եղաւ որ Նիսան ամսուն մէջ, Արտաշէս թագաւորին քսաներորդ տարին, անոր առջև գինի կար, և գինին առի ու թագաւորին տուի. ու անոր առջև բնաւ տրտում չէի երևցած: 2Եւ թագաւորը ինծի ըսաւ, Ինչո՞ւ երեսդ տրտում է, որովհետև հիւանդ չես. ատիկա ուրիշ բան չէ, բայց եթէ սրտի տրտմութիւն. ու ես խիստ շատ վախցայ: 3Այն ատեն թագաւորին ըսի, Թագաւորը յաւիտեան ողջ կենայ. ի՞նչպէս իմ երեսս տրտում չըլլայ, որ իմ հայրերուս գերեզմաններուն տեղը եղող քաղաքը աւերակ՝ ու անոր դռները կրակով այրուած են: 4Եւ թագաւորը ինծի ըսաւ, Դուն ինծմէ ի՞նչ կը խնդրես այս բանին վրայով: Այն ատեն երկինքի Աստուծոյն աղօթք ըրի. 5Ու թագաւորին ըսի, Եթէ թագաւորին հաճոյ կ՚երևնայ, ու եթէ քու ծառադ քու առջևդ շնորհք գտաւ, զիս Հրէաստան ղրկես իմ հայրերուս գերեզմաններուն քաղաքը, որպէս զի զանիկա շինեմ: 6Եւ թագաւորը ինծի ըսաւ, (ու թագուհին անոր քով նստեր էր,) Քու ճամբորդութիւնդ ո՞րչափ ատեն պիտի քշէ, ու ե՞րբ պիտի դառնաս. և թագաւորին հաճոյ երևցաւ որ զիս ղրկէ. ես ալ անոր ժամանակ որոշեցի, 7Ու թագաւորին ըսի, Եթէ թագաւորին հաճոյ կ’երևնայ. ինծի նամակներ տրուին Գետին միւս կողմը եղող իշխաններուն, որպէս զի զիս անցնեն, մինչև որ Հրէաստան երթամ, 8Ու նամակ մը Ասափի՝ որ թագաւորական անտառին պահապանն է, որպէս զի ինծի փայտ տայ, Աստուծոյ տանը աշտարակին դռները և քաղաքին պարիսպը ու մտնելու տունս շինելու համար: Եւ թագաւորը զանոնք ինծի տուաւ, վասն զի իմ Աստուծոյս բարի ձեռքը իմ վրաս էր: 9Ու Գետին միւս կողմը եղող իշխաններուն գացի, ու թագաւորին նամակները անոնց տուի. և թագաւորը ինծի հետ զօրապետներ ու ձիաւորներ ղրկեց: 10Ու երբ Սանաբաղատ Որոնացի ու Ամմոնացի ծառան Տուբիա լսեցին, շատ նեղացան, որ Իսրայէլի որդիներուն աղէկութիւնը փնտռելու համար մարդ մը եկաւ. 11Ու Երուսաղէմ եկայ, և հոն երեք օր մնացի: 12Ու ես քանի մը մարդոց հետ գիշերով ելայ. ու ինչ որ իմ Աստուածս սրտիս մէջ դրեր էր Երուսաղէմի համար ընելու, զանիկա մարդո՛ւ չզրուցեցի. և ինծի հետ իմ հեծած անասունէս զատ ուրիշ անասուն մը չկար: 13Եւ գիշերով Ձորի դռնէն, Վիշապի աղբիւրին առջևէն, Աղբից դուռը ելայ, ու Երուսաղէմի փլած պարիսպները ու կրակէն այրուած դռները զննեցի: 14Եւ Աղբիւրի դուռը ու թագաւորին աւազանը անցայ. ու տակս եղող անասունին անցնելու տեղ չկար: 15Եւ գիշերով հեղեղատէն վեր ելայ ու պարիսպը զննեցի. ու դարձայ, Ձորի դռնէն մտայ, ու այսպէս նորէն իմ տեղս եկայ: 16Եւ ոստիկանները իմ ուր երթալս ու ինչ ընելս չիմացան. ու Հրեաներուն կամ քահանաներուն կամ ազնուականներուն կամ ոստիկաններուն և կամ ուրիշներուն, որոնք գործը կ՚ընէին, մինչև հիմա չզրուցեցի: 17Ետքը անոնց ըսի, Դուք կը տեսնէք այս թշուառութիւնը որուն մէջ կը գտնուինք, և թէ ի՛նչպէս Երուսաղէմ աւերակ՝ ու անոր դռները կրակով այրուած են. եկէք Երուսաղէմի պարիսպը շինենք, որպէս զի այսուհետև նախատինք չըլլանք: 18Եւ իմ Աստուծոյս բարի ձեռքը իմ վրաս ըլլալը. ու թագաւորին ինծի ըսած խօսքերն ալ անոնց պատմեցի. ու անոնք ըսին, Ելլենք շինենք. և իրենց ձեռքերը ուժովցուցին այս բարի գործին համար: 19Բայց Որոնացի Սանաբաղատ ու Ամմոնացի ծառան Տուբիա և Արաբացի Գեսամ լսելով՝ մեզ ծաղր ըրին, ու մեզ քամահրելով ըսին, Այս ձեր ըրած գործը ի՞նչ պիտի ըլլայ. միթէ դուք թագաւորէն ապստամբի՞լ կուզէք: 20Եւ անոնց պատասխան տուի ու ըսի, Երկինքի Աստուածը ինք մեզի յաջողութիւն պիտի տայ, ու մենք, որ անոր ծառաներն ենք, պիտի ելլենք ու շինենք, բայց դուք Երուսաղէմի մէջ բաժին, իրաւունք ու յիշատակ չունիք: