Նէեմիայի գիրք

4

Նէեմիա իր ընդդիմադիրներուն կը յաղթէ

1Ու երբ Սանաբաղատ լսեց որ մենք պարիսպը կը շինենք, սիրտը նեղացաւ, ու շատ սրդողելով Հրեաները ծաղր ըրաւ: 2Եւ իր եղբայրներուն ու Սամարիայի զօրքին առջև խօսեցաւ ու ըսաւ, Այս տկար Հրեաները ի՞նչ կը շինեն. միթէ թոյլտուութիւն կ՚ըլլա՞յ անոնց. միթէ պիտի զոհեն, ու այսօ՞ր լմնցնեն. միթէ այրուած քարերը փոշիի դէզերէն պիտի կենդանացնե՞ն: 3Եւ Ամմոնացի Տուբիա անոր քով էր, ու ըսաւ, Եթէ աղուէս մըն ալ ելլէ անոնց շինածին վրայ, անոնց քարէ պարիսպը պիտի փլցնէ: 4Ով մեր Աստուածը, լսէ, վասն զի նախատուեցանք. ու անոնց նախատինքը իրենց գլուխը դարձուր, ու զանոնք գերութեան երկրի մէջ աւար ըլլալու մատնէ. 5Եւ անոնց անօրէնութիւնը մի ծածկեր, ու քու առջեւէդ անոնց մեղքը չջնջուի. քանզի շինողներուն առջև քեզ բարկացուցին: 6Եւ պարիսպը շինեցինք, ու բոլոր պարիսպը մինչև կէսը հասաւ. վասն զի ժողովուրդը գործելու սիրտ ունէր: 7Ու երբ Սանաբաղատ ու Տուբիա և Արաբացիք ու Ամմոնացիք ու Ազովտացիք լսեցին, որ Երուսաղէմի պարիսպներուն նորոգութիւնը յառաջ կ՚երթայ, ու փլած տեղերը սկսեր են շինուիլ, շատ սրդողեցան. 8Եւ ամէնը մէկտեղ ըրին, որ գան Երուսաղէմի դէմ ընեն, ու անոր վնաս տան: 9Բայց մենք մեր Աստուծոյն ըրինք, ու մեզ անոնցմէ պաշտպանելու համար* ցորեկ ու գիշեր անոնց դէմ պահապաններ դրինք: 10Եւ Յուդա ըսաւ, Բեռնակիրներուն ոյժը հատաւ, ու հողը շատ է. մենք պիտի չկըրնանք պարիսպը շինել: 11Ու մեր թշնամիները կ՚ըսէին, Չգիտնան ու չտեսնեն, մինչև մենք անոնց մէջ մտնենք ու զանոնք մեռցնենք, և անոնց գործը խափանենք: 12Ու եղաւ որ անոնց քով բնակող Հրեաները մեզի եկան, և տասը անգամ մեզի ըսին թէ Ամէն կողմանէ ուր որ դառնաք, մեր վրայ պիտի յարձակին: 13Ուստի ցած տեղերը՝ պարսպին ետևը, ու բարձր տեղերը* ժողովուրդը իրենց ազգատոհմներուն համեմատ բաժնելով կայնեցուցի, ու իրենց սուրերովը, նիզակներովը ու աղեղներովը կայնեցուցի: 14Եւ նայեցայ ու ելայ, և իշխաններուն ու ոստիկաններուն ու մնացած ժողովուրդին ըսի, Անոնց երեսէն մի վախնաք. յիշեցէք Տէրը որ մեծ ու ահեղ է, և ձեր եղբայրներուն, տղաքներուն, աղջիկներուն, կիներուն ու տուներուն համար պատերազմ ըրէք: 15Ու երբ մեր թշնամիները լսեցին որ մենք իմացեր ենք, և անոնց խորհուրդը ցրուեց, մենք ամէնս պարիսպը շինելու դարձանք, ամէն մէկը իր գործին: 16Եւ այն օրէն ի վեր իմ մարդոցս կէսը կ’աշխատէին, ու կէսն ալ նիզակներ, ասպարներ, աղեղներ ու զրահներ կը բըռնէին. ու իշխանները Յուդայի բոլոր ազգատոհմներուն ետևը կը կայնէին: 17Պարիսպը շինողները ու բեռնակիրները ու բեռցնողները, ամէն մէկը իր մէկ ձեռքովը կը բանէր, ու միւս ձեռքովը զէնքը կը բռնէր: 18Եւ շինողներուն ամէն մէկը իր սուրը մէջքը կապած՝ կը գործէր. ու փողահարը իմ քովս էր: 19Եւ ազնուականներուն ու ոստիկաններուն ու մնացած ժողովուրդին ըսի, Այս գործը մեծ ու ընդարձակ է, ու մենք պարսպին վրայ ցրուած ենք, և իրարմէ հեռու ենք. 20Ուստի փողին ձայնը ուր տեղ որ լսէք, հոն մեր քով ժողվուիք. մեզի համար մեր Աստուածը պատերազմ պիտի ընէ: 21Ու մենք այսպէս մեր գործը կ՚ընէինք. և ժողովուրդին կէսը, արշալոյսին ծագած ատենէն մինչև աստղերուն երևցած ատենը, նիզակներ բռնած կը կենային: 22Եւ այն ատեն ժողովուրդին ըսի, Ամէն մարդ իր ծառային հետ գիշերները Երուսաղէմի մէջ մնայ, որպէս զի գիշերը մեզի համար պահպանութիւն ընէ ու ցորեկը գործէ: 23Ու ես ու իմ եղբայրներս և իմ ծառաներս ու իմ ետևէս եկող պահապան մարդիկը՝ ամենևին մեր հանդերձները չէինք հաներ՝ լուացուելու ատենէն զատ*:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981