Նէեմիայի գիրք
6
Նէեմիային դէմ դաւեր
1Ու երբ Սանաբաղատ, Տուբիա ու Արաբացի Գեսամ ու մեր միւս թշնամիները լսեցին որ ես պարիսպը շինեցի, ու հոն փլած տեղ մը չմնաց, (թէպէտև մինչև այն ատեն դռներուն փեղկերը դրած չէի,) 2Սանաբաղատ ու Գեսամ ինծի մարդ ղրկեցին ու ըսին, Եկուր, Ովնովի դաշտին գեղերուն մէջ իրարու հետ տեսնուինք. բայց անոնք ինծի չարութիւն ընել կը խորհէին: 3Եւ անոնց պատգամաւորներ ղրկեցի ու ըսի, Ես մեծ գործով մը զբաղած եմ, ու չեմ կրնար իջնել. ինչո՞ւ համար գործը դադրի, երբ զանիկա թողում ու ձեզի իջնեմ: 4Եւ անոնք ինծի չորս անգամ այսպիսի խօսքեր ղրկեցին, ես ալ անոնց նոյն պատասխանը տուի: 5Ու հինգերորդ անգամին Սանաբաղատ նոյն խօսքերով իր մանչը ինծի ղրկեց՝ ձեռքը բաց թուղթով մը, 6Որուն մէջ այսպէս գրուած էր. Ազգաց մէջ լսուեցաւ, ու Գեսամ կ՚ըսէ որ դուն ու Հրեաները ապըստամբիլ կը խորհիք. դուն անոր համար կը շինես պարիսպը, որ անոնց թագաւոր ըլլաս, ինչպէս կ՚ըսուի*: 7Ու նաև Երուսաղէմի մէջ մարգարէներ հաստատեցիր, որպէս զի քարոզեն ու քեզի համար ըսեն, թէ Անիկա Հրէաստանի թագաւոր է. ու հիմա այս խօսքերը թագաւորին ականջը պիտի հասնին. ուրեմն եկուր որ մէկտեղ խորհուրդ ընենք: 8Բայց ես անոր մարդ ղրկեցի ու ըսի, Բանը քու ըսած խօսքերուդ պէս չէ, հապա ատոնք դուն քու սրտէդ հնարեցիր: 9(Վասն զի անոնց ամէնը մեզ կը վախցնէին՝ ըսելով, Թող անոնց ձեռքը այն գործէն թուլնայ, որպէս զի չկատարուի: Ու հիմա, ով Տէր, իմ ձեռքերս ուժովցուր:) 10Ու ես Մետաբէելի որդւոյն Դաղայիայի որդւոյն Սեմայիայի տունը մտայ. և անիկա տանը մէջ գոցուած էր, ու ըսաւ, Եկուր մէկտեղ Աստուծոյ տունը, տաճարին մէջ, երթանք, ու տաճարին դռները գոցենք, վասն զի քեզ մեռցնելու կու գան. ու անոնք գիշերով պիտի գան քեզ մեռցնելու: 11Ու ես ըսի, Միթէ ինծի պէս մարդը կը փախչի՞. և ո՞վ կայ ինծի պէս՝ որ տաճարը մտնէ ապրելու համար. չեմ մտներ: 12Ու աղէկ հասկցայ որ զանիկա Աստուած ղրկած չէր, հապա իմ վրաս այս մարգարէութիւնը ինքիրմէ խօսեցաւ. վասն զի Տուբիա ու Սանաբաղատ զանիկա վարձքով բռներ էին: 13Եւ ասոր համար վարձքով բռներ էին զանիկա, որպէս զի ես վախնամ, ու այսպէս ընելով մեղանչեմ, որպէս զի զիս բամբասելու ու իմ անունս աւրելու պատճառ մը ունենան: 14Ով Աստուած իմ, Տուբիան ու Սանաբաղատը այս իրենց գործերուն համեմատ, ու Նովադիա մարգարէուհին, ու զիս վախցնող միւս մարգարէները յիշէ:
Գործին վերջաւորութիւնը
15Եւ պարիսպը Իլուլ ամսուն քսանըհինգերորդ օրը յիսունուերկու օրուան մէջ լմնցաւ: 16Ու երբ մեր ամէն թշնամիները լսեցին, մեր բոլորտիքը եղող ամէն ազգերը վախցան ու շատ ամչցան, ու իմացան որ այս գործը մեր Աստուծոյն օգնականութիւնովը կատարուեցաւ: 17Եւ այն օրերը Յուդայի ազնուականներէն Տուբիայի շատ նամակներ կ՚երթային, Տուբիայէ ալ անոնց կու գային. 18Վասն զի Յուդայի շատ մարդիկը անոր հետ երդումով միաբաներ էին. քանզի անիկա Արահեան Սեքենիայի փեսան էր, ու անոր որդին Յօհանան Բարաքիայի որդւոյն Մեսուղամի աղջիկը առեր էր: 19Նաև իմ առջևս անոր աղէկութիւնները կը զրուցէին, ու իմ խօսքերս անոր կը հասցընէին. և Տուբիա ինծի նամակներ կը ղրկէր զիս վախցնելու համար:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981