Նէեմիայի գիրք

8

Եզրաս օրէնքը կը կարդայ ժողովուրդին

1Եւ բոլոր ժողովուրդը մէկ մարդու պէս՝ Ջուրի դրանը առջև եղող հրապարակին մէջ ժողվուեցան, ու Եզրաս դպիրին ըսին, որ Մովսէսի օրինաց գիրքը բերէ, զոր Տէրը Իսրայէլի պատուիրած էր: 2Ու եօթներորդ ամսուն առաջին օրը Եզրաս քահանան օրինաց գիրքը ժողովքին առջև բերաւ, որ այր ու մարդոցմէ, ու ամէն լսելու ու հասկնալու կարողութիւն ունեցողներէ բաղկացած էր. 3Եւ զանիկա Ջուրի դրանը առջև եղող հրապարակին մէջ առտուընէ մինչև կէսօր այր ու կին մարդոց ու հասկցողներուն առջև կարդաց. և բոլոր ժողովուրդը իրենց ականջները օրինաց գիրքին տուեր էին: 4Ու Եզրաս դպիրը յատուկ ասոր համար շինուած փայտեղէն բեմին վրայ կայնեցաւ. ու անոր քով աջ կողմը Մատաթիա, Սեմա, Անանիա, Ուրիա, Քեղկիա ու Մաասիա, և ձախ կողմը Փադայիա, Միսայէլ, Մեղքիա, Հասում, Ասբադանա, Զաքարիա ու Մեսուղամ կայնեցան: 5Ու Եզրաս գիրքը բացաւ բոլոր ժողովուրդին աչքերուն առջև. վասն զի ինք բոլոր ժողովուրդէն բարձր էր. ու զանիկա բացածին պէս բոլոր ժողովուրդը ոտքի վրայ ելաւ: 6Այն ատեն Եզրաս Եհովա մեծ Աստուածը օրհնեց. ու բոլոր ժողովուրդը ձեռքերնին վերցուցին, ու Ամէն, Ամէն՝ ըսին. և իրենց երեսին վրայ գետինը ծռելով Տէրոջը երկըրպագութիւն ըրին: 7Ու , Բանի, Սարաբիա, Յամին, Ակկուբ, Սաբեթա, Ովդիա, Մաասիա, Կովղիտա, Ազարիա, Յովզաբադ, Անան, Փաղայիա ու Ղեւտացիք օրէնքը ժողովուրդին կը հասկցնէին, և ժողովուրդը իրենց կարգովը կայներ էին: 8Անոնք Աստուծոյ օրինաց գիրքը յստակ կերպով կարդացին, ու մեկնութիւնը տալով կարդացածնին հասկցուցին: 9Ու Նէեմիա Աթարսաթան ու Եզրաս քահանան ու դպիրը և ժողովուրդին հասկըցնող Ղեւտացիները բոլոր ժողովուրդին ըսին, Այս օրը ձեր Տէր Աստուծոյն սուրբ օր մըն է. սուգ մի ընէք ու մի լաք. վասն զի բոլոր ժողովուրդը կու լային երբ օրէնքին խօսքերը կը լսէին: 10Եւ անոնց ըսաւ, Գացէք պարարտ բաներ կերէք ու անոյշ բաներ խմեցէք, ու պատրաստութիւն չունեցողներուն բաժիններ ղրկեցէք, քանզի այս օրը մեր Տէրոջը սուրբ օր մըն է, ու մի տրտմիք. վասն զի Տէրոջը ուրախութիւնը ձեր զօրութիւնն է: 11Այն ատեն Ղեւտացիք բոլոր ժողովուրդը լռեցուցին՝ ըսելով, Լուռ կեցէք, քանզի ասիկա սուրբ օր է, ու մի տրտմիք: 12Եւ բոլոր ժողովուրդը ուտելու ու խմելու, ու բաժիններ ղրկելու և մեծ ուրախութիւն ընելու գացին. վասն զի իրենց բացատրուած խօսքերը հասկցան:

Տաղաւարներու տօնը

13Ու երկրորդ օրը՝ բոլոր ժողովուրդին տոհմապետները, քահանաները ու Ղեւտացիները Եզրաս դպիրին քով ժողվուեցան, որպէս զի օրէնքին խօսքերը հասկնան: 14Եւ օրինաց գիրքին մէջ գրուած գտան որ Տէրը Մովսէսի ձեռքով հրամայեր է, որ եօթներորդ ամսուն տօնին ատենը Իսրայէլի որդիները տաղաւարներու մէջ բնակին, 15Նաև իրենց ամէն քաղաքներուն մէջ ու Երուսաղէմի մէջ հրատարակեն ու քարոզեն՝ ըսելով, Լեռը ելէք, ու ձիթենիի ոստեր, իւղի ծառի ոստեր ու մրտենիի ոստեր և արմաւենիի ոստեր ու տերևախիտ ծառերու ոստեր բերէք, որպէս զի տաղաւարներ շինէք, ինչպէս գրուած է: 16Եւ ժողովուրդը ելաւ ու բերաւ. ու ամէն մարդ իր տանիքին վրայ ու իր գաւիթին մէջ և Աստուծոյ տանը գաւիթներուն մէջ ու Ջուրի դրանը հրապարակին մէջ ու Եփրեմի դրանը հրապարակին մէջ՝ իրենց տաղաւարներ շինեցին: 17Ու գերութենէ դարձողներուն բոլոր ժողովքը տաղաւարներ շինեցին, ու տաղաւարներու մէջ նստան. վասն զի Իսրայէլի որդիները՝ Նաւեան Յեսուի օրերէն մինչև այն օրը՝ այնպէս ըրած չէին. ու խիստ մեծ ուրախութիւն եղաւ: 18Եւ առաջին օրէն մինչև վերջին օրը ամէն օր Աստուծոյ օրինաց գիրքը կարդացուեցաւ. ու եօթը օր տօն ըրին, և ութերորդ օրը հանդիսաւոր ժողով եղաւ, ինչպէս հրամայուած էր:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981