Թվոց գիրք

1

Իսրայէլի առաջին մարդահամարը

1Եւ Տէրը Մովսէսի խօսեցաւ Սինայի անապատը ժողովքի խորանին մէջ՝ անոնց Եգիպտոսի երկրէն ելլելուն երկրորդ տարին երկրորդ ամսուն առաջին օրը՝ ըսելով, 2Առէք Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովքին գումարը իրենց ազգատոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ՝ ամէն մէկ արուն իրենց անուններուն թուովը համրելով: 3Դուն ու Իսրայէլի մէջ բոլոր պատերազմելու կարող եղողները* քսան տարեկանէն վեր անոնց գունդերուն համեմատ պիտի համրէք: 4Եւ ձեզի հետ ամէն ցեղէն մէյմէկ մարդ պիտի ըլլայ. անոնց ամէն մէկը իր հօրը տանը իշխանը ըլլայ: 5Եւ ձեզի հետ կենալու մարդոց անունները ասոնք են. Ռուբէնէ՝ Սեդիուրի որդին Եղիսուր, 6Շմաւոնէ՝ Սուրիսադայի որդին Սաղամիէլ, 7Յուդայէ՝ Ամինադաբի որդին Նաասոն, 8Իսաքարէ՝ Սովգարի որդին Նաթանայէլ, 9Զաբուղոնէ՝ Քեղոնի որդին Եղիաբ, 10Յովսէփի որդիներէն Եփրեմէ՝ Ամիուդի որդին Եղիսամա, Մանասէէ՝ Փադասուրի որդին Գամաղիէլ, 11Բենիամինէ՝ Գեդէօնիի որդին Աբիդան, 12Դանէ՝ Ամիսադայի որդին Աքիեզեր, 13Ասերէ՛ Եքրանի որդին Փաքիէլ, 14Գադէ՝ Դագուէլի որդին Եղիասափ, 15Նեփթաղիմէ՝ Ենանի որդին Աքիրէ: 16Ասոնք էին ժողովքին երեւելիները, իրենց հայրերուն ցեղերուն իշխանները, Իսրայէլի հազարապետները: 17Եւ ու Ահարոն այս իրենց անուններովը յիշուած մարդիկը առին. 18Եւ երկրորդ ամսուն առաջին օրը բոլոր ժողովքը ժողվեցին, որոնք իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ՝ քսան տարեկանէն վեր ամէնը մէկ մէկ համրուելով իրենց անուններուն թիւովը արձանագրուեցան: 19Տէրը Մովսէսի ինչպէս որ պատուիրեց, անիկա Սինայի անապատին մէջ այնպէս համրեց զանոնք: 20Եւ Իսրայէլի անդրանիկ որդւոյն Ռուբէնի որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, ամէն մէկ արուն իրենց անուններուն թիւովը, 21Ռուբէնի ցեղէն համրուածները քառասունըվեց հազար հինգ հարիւր էին: 22Շմաւոնի որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, ամէն մէկ արուն իրենց անուններուն թիւովը, 23Շմաւոնի ցեղէն համրուածները յիսունըինը հազար երեք հարիւր հոգի էին: 24Գադի որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, իրենց անուններուն թիւովը, 25Գադի ցեղէն համրուածները քառասունըհինգ հազար վեց հարիւր յիսուն հոգի էին: 26Յուդայի որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, իրենց անուններուն թիւովը, 27Յուդայի ցեղէն համրուածները եօթանասունըչորս հազար վեց հարիւր հոգի էին: 28Իսաքարի որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, իրենց անուններուն թիւովը, 29Իսաքարի ցեղէն համրուածները յիսունըչորս հազար չորս հարիւր հոգի էին: 30Զաբուղոնի որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, իրենց անուններուն թիւովը, 31Զաբուղոնի ցեղէն համրուածները յիսունըեօթը հազար չորս հարիւր հոգի էին: 32Յովսէփի որդիներէն Եփրեմի որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, իրենց անուններուն թիւովը, 33Եփրեմի ցեղէն համրուածները քառասուն հազար հինգ հարիւր հոգի էին: 34Մանասէի որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, իրենց անուններուն թիւովը, 35Մանասէի ցեղէն համրուածները երեսունուերկու հազար երկու հարիւր հոգի էին: 36Բենիամինի որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, իրենց անուններուն թիւովը, 37ԲենիամինÇ ցեղէն համրուածները երեսունըհինգ հազար չորս հարիւր հոգի էին: 38Դանի որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, իրենց անուններուն թիւովը, 39Դանի ցեղէն համրուածները վաթսունուերկու հազար եօթը հարիւր հոգի էին: 40Ասերի որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, իրենց անուններուն թիւովը, 41Ասերի ցեղէն համրուածները քառասունÁմէկ հազար հինգ հարիւր հոգի էին: 42Նեփթաղիմի որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, իրենց անուններուն թիւովը, 43Նեփթաղիմի ցեղէն համրուածները յիսունուիրեք հազար չորս հարիւր հոգի էին: 44Ասոնք են այն համրուած հոգիները, զորոնք Մովսէս, Ահարոն ու Իսրայէլի իշխանները համրեցին, այս իշխանները տասուերկու մարդիկ էին, ամէն մէկը իր հայրերուն տանը կողմէն: 45Այսպէս Իսրայէլի որդիներուն ամէնը իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, Իսրայէլի մէջ քսան տարեկանէÝ վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները համրուեցան: 46Եւ բոլոր համրուածները վեց հարիւր երեք հազար հինգ հարիւր յիսուն հոգի էին: 47Բայց Ղեւտացիները իրենց հայրերուն ցեղովը ասոնց հետ չհամրուեցան. 48Քանզի Տէրը խօսեր էր Մովսէսի՝ ըսելով, 49Միայն Ղեւտացւոց ցեղը պիտի չհամրես, և Իսրայէլի որդիներուն հետ անոնց գումարը պիտի չառնես. 50Բայց դուն Ղեւտացիները վկայութեան խորանին ու անոր բոլոր կարասիներուն և անոր վերաբերեալ բոլոր բաներուն վերակացու պիտի դնես. անոնք պիտի վերցնեն խորանը ու անոր բոլոր կարասիները, և անոր սպասաւորութիւնը անոնք պիտի ընեն. ու խորանին բոլորտիքը անոնք պիտի բանակին: 51Եւ խորանին չուելու ատենը Ղեւտացիները վար պիտի առնեն զայն, ու խորանին իջեւան ընելու ատենը Ղեւտացիները պիտի կանգնեն զայն. և անոր մօտեցող օտարականը պիտի մեռցուի: 52Եւ Իսրայէլի որդիները իրենց գունդերովը ամէն մէկը իր բանակին քով ու ամէն մէկը իր դրօշակին քով իջեւան պիտի ընեն: 53Բայց Ղեւտացիները վկայութեան խորանին բոլորտիքը պիտի բանակին, որպէս զի Իսրայէլի որդիներուն ժողովքին վրայ բարկութիւն չգայ. ու Ղեւտացիները վկայութեան խորանին պահպանութիւնը պիտի ընեն: 54Եւ Իսրայէլի որդիները Տէրոջը Մովսէսի ամէն պատուիրածին պէս ըրին. այնպէս ըրին:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981