Թվոց գիրք

10

Արծաթէ փողերը

1Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի` ըսելով, 2Քեզի երկու հատ արծաթէ փող շինէ. կռածոյ պիտի շինես զանոնք, որպէս զի ժողովքը կանչելու համար ու բանակներուն չուելուն համար գործածես: 3Եւ երբ զանոնք հնչեցնեն, բոլոր ժողովքը քովդ պիտի ժողվուին ժողովքի խորանին դուռը: 4Եւ եթէ փողին մէկը հնչեցնեն, իշխանները, Իսրայէլի հազարապետները, քովդ պիտի ժողվուին: 5Եւ երբ ազդարարութեան համար հնչեցնէք, արեւելքը իջեւան ընող բանակները պիտի չուեն: 6Ու երբ երկրորդ անգամ ազդարարութեան փողը հնչեցնէք, հարաւային կողմը իջեւան ընող բանակները պիտի չուեն. անոնց չուելուն համար ազդարարութեան փողը պիտի հնչեցնեն: 7Եւ երբ ժողովուրդը ժողվելու ըլլաք, փող պիտի հնչեցնէք, բայց ազդարարութիւն պիտի չընէք: 8Եւ փողերը հնչեցնողները Ահարոնի որդիները, քահանաները, պիտի ըլլան. և ասիկա ձեր ազգերուն մէջ յաւիտենական ըլլայ ձեզի: 9Եւ եթէ պատերազմելու երթաք ձեր երկրին մէջ ձեզի նեղութիւն տուող թշնամիին դէմ, փողերով ազդարարութիւն պիտի ընէք. ու պիտի յիշուիք Տէրոջը ձեր Աստուծոյն առջև, և ձեր թշնամիներէն ազատուիք: 10Եւ ձեր ուրախութեան օրերուն ու ձեր տօներուն և ձեր ամսագլուխներուն մէջ փողերը պիտի հնչեցնէք ձեր ողջակէզներուն վրայ ու ձեր խաղաղութեան զոհերուն վրայ, որպէս զի ձեզի յիշատակի համար ըլլան ձեր Աստուծոյն առջև. ես եմ Տէրը ձեր Աստուածը:

Իսրայէլացիք բանակատեղին կը լքեն

11Եւ եղաւ որ երկրորդ տարին երկրորդ ամսուն քսաներորդ օրը վկայութեան խորանին վրայէն ամպը վեր ելաւ: 12Եւ Իսրայէլի որդիները իրենց գնացքին համեմատ չուեցին Սինայի անապատէն. ու ամպը Փառանի անապատին մէջ կեցաւ: 13Եւ առաջ Մովսէսի ձեռքով տրուած Տէրոջը հրամանին պէս չուեցին: 14Եւ առաջ Յուդայի որդիներուն բանակին դրօշակը չուեց իրենց գունդերուն կարգովը. ու անոր գունդին վրայ Ամինադաբի որդին Նաասոն էր: 15Եւ Իսաքարի որդիներուն ցեղին գունդին վրայ Սովգարի որդին Նաթանայէլ էր: 16Եւ Զաբուղոնի որդիներուն ցեղին գունդին վրայ Քեղոնի որդին Եղիաբ էր: 17Եւ խորանը վար իջեցուցին. ու խորանը վերցնող Գերսոնի որդիները և Մերարիի որդիները չուեցին: 18Եւ Ռուբէնի բանակին դրօշակը չուեց իրենց գունդերուն կարգովը. ու անոր գունդին վրայ Սեդիուրի որդին Եղիսուր էր: 19Եւ Շմաւոնի որդիներուն ցեղին գունդին վրայ Սուրիսադայի որդին Սաղամիէլ էր: 20Եւ Գադի որդիներուն ցեղին գունդին վրայ Դագուէլի որդին Եղիասափ էր: 21Եւ սրբարանը վերցնող Կահաթացիները չուեցին. ու խորանը կը կանգնուէր մինչև անոնց գալը: 22Եւ Եփրեմի որդիներուն բանակին դրօշակը չուեց իրենց գունդերուն կարգովը. ու անոր գունդին վրայ Ամիուդի որդին Եղիսամա էր: 23Եւ Մանասէի որդիներուն ցեղին գունդին վրայ Փադասուրի որդին Գամաղիէլ էր: 24Եւ Բենիամինի որդիներուն ցեղին գունդին վրայ Գեդէօնիի որդին Աբիդան էր: 25Եւ Դանի որդիներուն բանակին դրօշակը իրենց գունդերուն կարգովը բոլոր բանակներուն ետեւէն չուեց*. ու անոր գունդին վրայ Ամիսադայի որդին Աքիեզեր էր: 26Եւ Ասերի որդիներուն ցեղին գունդին վրայ Եքրանի որդին Փագիէլ էր: 27Եւ Նեփթաղիմի որդիներուն ցեղին գունդին վրայ Ենանի որդին Աքիրէ էր: 28Այս էր Իսրայէլի որդիներուն չուելուն կարգը իրենց գունդերուն համեմատ, երբ կը չուէին: 29Եւ իր աներոջ, այսինքն Մադիանացի Ռագուէլի որդւոյն Յոբաբի, ըսաւ, Մենք կը չուենք այն տեղը` որուն համար Տէրը ըսաւ որ Ձեզի պիտի տամ. մեզի հետ եկուր, ու բարիք պիտի ընենք քեզի. վասն զի Տէրը Իսրայէլի բարիք խոստացաւ*: 30Եւ անիկա ըսաւ անոր, Չեմ երթար, այլ իմ երկիրս ու իմ ազգականներուս պիտի երթամ: 31Եւ ինք ըսաւ, Շնորհք ըրէ, մեզ մի թողուր. քանզի անապատին մէջ մեր իջեւան ընելու տեղերը գիտես, ու մեզի առաջնորդ կ’ըլլաս: 32Եւ եթէ մեզի հետ երթալու ըլլաս, ինչ բարութիւն որ Տէրը մեզի ընէ, մենք ալ քեզի նոյն բարութիւնը կ’ընենք:

Ժողովուրդը կը չուէ

33Եւ անոնք Տէրոջը լեռնէն երեք օրուան ճամբայ չուեցին. ու Տէրոջը ուխտին տապանակը երեք օրուան ճամբայով անոնց առջեւէն կ’երթար, անոնց հանգըստանալու տեղ գտնելու համար: 34Եւ երբ բանակէն կը չուէին, Տէրոջը ամպը ցորեկը անոնց վրայ էր: 35Եւ տապանակին չուելու ատենը Մովսէս կ’ըսէր, Ելիր, ով Տէր, ու քու թշնամիներդ թող ցրուին, ու քեզ ատողները առջեւէդ փախչին: 36Եւ անոր կենալու ատենը ինք կ’ըսէր, Ով Տէր, Իսրայէլի հազարաց բիւրաւորներուն դարձիր:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981