Թվոց գիրք

14

Ժողովուրդին տրտունջը

1Եւ բոլոր ժողովքը ձայնը վերցնելով աղաղակեց. և ժողովուրդը լացաւ այն գիշերը: 2Եւ Իսրայէլի բոլոր որդիները տրտնջեցին Մովսէսի ու Ահարոնի դէմ. ու բոլոր ժողովքը ըսաւ անոնց, Երանի՜ թէ Եգիպտոսի երկրին մէջ մեռած ըլլայինք. կամ երանի՜ թէ այս անապատին մէջ մեռած ըլլայինք: 3Եւ ինչո՞ւ համար Տէրը մեզ այս երկիրը բերաւ, որ սրով իյնանք, և մեր կիները ու մեր որդիները յափշտակուին. աղէկ չը՞լլար մեզի որ դառնանք: 4Եւ իրարու ըսին, Մեզի զօրագլուխ մը ընտրենք, ու Եգիպտոս դառնանք: 5Եւ ու իրենց երեսին վրայ ինկան Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողվուած ժողովքին առջև: 6Եւ երկիրը լրտեսողներէն Նաւէի որդին ու Յեփոնէի որդին Քաղէբ իրենց հանդերձները պատռեցին. 7Եւ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովքին խօսեցան` ըսելով, Այն երկիրը, որուն մէջտեղէն անցանք զանիկա լրտեսելու համար, խիստ մըն է. 8Եթէ Տէրը մեզի հաճի, մեզ այն երկիրը պիտի տանի, և զանիկա մեզի պիտի տայ, որ կաթ ու մեղր բղխող երկիր մըն է: 9Միայն թէ Տէրոջը դէմ ապստամբ մի ըլլաք. և այն երկրին ժողովուրդէն մի վախնաք, քանզի անոնք մեր կերակուրն են. անոնց պաշտպանութիւնը գացած է իրենց վրայէն, ու Տէրը մեզի հետ է. անոնցմէ մի վախնաք: 10Եւ բոլոր ժողովքը ըսին թէ քարերով քարկոծեն զանոնք. բայց Տէրոջը փառքը ժողովքի խորանին մէջ բոլոր Իսրայէլի որդիներուն երեւցաւ:

Մովսէս կ’աղօթէ ժողովուրդին համար

11Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսի, Այս ժողովուրդը մինչև ե՞րբ զիս պիտի արհամարհէ, և իրենց մէջ ըրած բոլոր հրաշքներովս ալ մինչև ե՞րբ պիտի չհաւատան ինծի: 12Ես զանոնք ժանտախտով պիտի զարնեմ, ու կորսնցնեմ զանոնք. և քեզ անոնցմէ մեծ ու զօրաւոր ազգ մը պիտի ընեմ: 13Եւ Մովսէս ըսաւ Տէրոջը, Այն ատեն Եգիպտացիք պիտի լսեն. (քանզի դուն քու կարողութիւնովդ այս ժողովուրդը անոնց մէջէն հանեցիր.) 14Եւ անոնք պիտի պատմեն այս երկրին բնակիչներուն. քանզի անոնք լսած են որ դուն, ով Տէր, այս ժողովուրդին մէջտեղն ես, որ դուն, ով Տէր, դէմ առ դէմ կը տեսնուիս, և որ քու ամպդ անոնց վրայ կը կայնի, և որ ցորեկը ամպի սիւնով ու գիշերը կրակի սիւնով կը քալես անոնց առջեւէն: 15Հիմա եթէ այս ժողովուրդը մէկ մարդու պէս մեռցնելու ըլլաս, քու համբաւդ լսող ազգերը պիտի խօսին` ըսելով, 16Տէրը այս ժողովուրդը, անոնց երդումով խոստացած երկիրը տանելու կարող չըլլալուն համար, անապատին մէջ մեռցուց զանոնք: 17Եւ հիմա թող իմ Տէրոջս կարողութիւնը մեծ ըլլայ, ինչպէս խօսեցար` ըսելով, 18Տէրը երկայնամիտ է, և առատ` ողորմութիւնով, անօրէնութիւնը ու յանցանքը ներող. բայց յանցաւորը ամենեւին անպարտ չթողուր, հայրերուն անօրէնութիւնը որդիներուն վրայ` մինչև երրորդ ու չորրորդ ազգը հատուցանելով: 19Կաղաչեմ, քու մեծ ողորմութեանդ համեմատ ներէ այս ժողովուրդին անօրէնութիւնը, ինչպէս ներեցիր այս ժողովուրդին Եգիպտոսէ մինչև հոս: 20Եւ Տէրը ըսաւ, Քու խօսքիդ պէս ներեցի. 21Բայց կենդանի եմ ես, որ բոլոր երկիր Տէրոջը փառքովը պիտի լեցուի. 22Քանզի բոլոր այն մարդիկը որոնք Եգիպտոսի մէջ ու անապատին մէջ իմ փառքս ու իմ ըրած հրաշքներս տեսան, և մինչև հիմա զիս տասը անգամ փորձեցին, ու իմ խօսքս մտիկ չրին, 23Պիտի չտեսնեն այն երկիրը զոր իրենց հայրերուն տալու ըրի. զիս արհամարհողներուն մէ°կն ալ պիտի չտեսնէ զայն. 24Բայց որովհետև իմ ծառաս Քաղէբ ուրիշ միտք ունեցաւ, ու ինծի բոլոր սրտով հնազանդեցաւ, ես ալ զանիկա իր գացած երկիրը պիտի տանիմ, և անոր սերունդը պիտի ժառանգէ զայն: 25Եւ Ամաղեկացիք ու քանանացիք ձորերու մէջ կը նստին. վաղը դարձէք, և դէպ ի անապատը Կարմիր ծովուն ճամբան չուեցէք:

Տէրը կը պատժէ ժողովուրդը տրտունջին համար

26Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի ու Ահարոնի` ըսելով, 27Մինչև ե՞րբ այս չար ժողովքին ինծի դէմ տրտնջելու համբերէմ. ես լսեցի Իսրայէլի որդիներուն տրտունջը որ ինծի դէմ կը տրտնջեն: 28Ըսէ անոնց, Ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէրը, որ ինչպէս դուք իմ ականջներուս խօսեցաք, այնպէս պիտի ընեմ ձեզի. 29Ձեր դիերը այս անապատին մէջ պիտի իյնան. և ձեր բոլոր հաշիւին համեմատ, ձեզմէ ամէն համրուածները, քսան տարեկանէ վեր եղողները, դուք ամէնդ որ ինծի դէմ տրտնջեցիք, 30Անշուշտ պիտի չմտնէք այն երկիրը` որուն մէջ ձեզ բնակեցնելու երդում ըրի*, բաց ի Յեփոնէի որդիէն Քաղէբէ ու Նաւէի որդիէն Յեսուէ: 31Բայց ձեր որդիները, որոնց համար դուք ըսիք թէ պիտի յափըշտակուին, զանոնք պիտի տանիմ, և ձեր չհաւնած երկիրը անոնք պիտի տեսնեն: 32Բայց ձեր դիերը այս անապատին մէջ պիտի իյնան: 33Եւ ձեր որդիները անապատին մէջ քառասուն տարի պիտի մոլորին, ու ձեր պոռնկութիւնները կրեն, մինչև որ ձեր դիերը անապատին մէջ սպառին: 34Ինչպէս երկիրը քառասուն օրուան մէջ լրտեսեցիք, այնպէս ալ այն օրերուն թիւին համեմատ` ամէն մէկ օրուան տեղ մէյմէկ տարի սեպելով` քառասուն տարի պիտի կրէք ձեր անօրէնութիւնները, ու իմ ձեզմէ հեռանալս ճանչնաք: 35Ես Տէրս ըսի, Ինծի դէմ ժողվուած բոլոր այդ չար ժողովքին անշուշտ պիտի ընեմ այս բանը. անոնք այս անապատին մէջ պիտի սպառին, ու հոն մեռնին: 36Եւ այն մարդիկը զորոնք Մովսէս ղրկեց այն երկիրը լրտեսելու, որոնք դարձան ու երկրին վրայով գէշ լուր հանելով բոլոր ժողովքը անոր դէմ տրտնջելու գրգռեցին, 37Այն մարդիկը որոնք այն երկրին վրայով գէշ լուր հանեցին, հարուածով մեռան Տէրոջը առջև: 38Բայց Նաւէի որդին Յեսու և Յեփոնէի որդին Քաղէբ, որոնք երկիրը լրտեսելու գացող մարդոցմէն էին, ողջ մնացին:

Երկիրը գրաւելու առաջին փորձը

39Եւ Մովսէս այս խօսքերը Իսրայէլի բոլոր որդիներուն զրուցեց, ու ժողովուրդը մեծ սուգ ըրաւ: 40Եւ առտուանց կանուխ լեռանը գլուխը ելան` ըսելով, Ահա մենք պատրաստ ենք, և Տէրոջը ըսած տեղը պիտի ելլենք. վասն զի գործեցինք: 41Եւ Մովսէս ըսաւ, Ինչո՞ւ այդպէս Տէրոջը հրամանէն դուրս կ’ելլէք. այդ բանը պիտի չյաջողի: 42Մի ելլէք, (քանզի Տէրը ձեր մէջ չէ,) չըլլայ որ ձեր թշնամիներուն առջև ջարդուիք. 43Վասն զի Ամաղեկացիք ու Քանանացիք հոն ձեր առջև են, և սրով պիտի իյնաք. դուք Տէրոջմէն ետ դառնալնուդ համար` Տէրը ձեզի հետ պիտի չըլլայ: 44Բայց անոնք յամառութիւն ընելով` լեռանը գլուխը ելան. սակայն Տէրոջը ուխտին տապանակը ու Մովսէս բանակին մէջէն չզատուեցան: 45Այն ատեն այն լեռանը վրայ բնակող Ամաղեկացիք ու Քանանացիք իջան, և զարկին զանոնք, ու հալածեցին զանոնք մինչև Հօրմա:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981