Թվոց գիրք

15

Զոհի համար կանոններ

1Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի` ըսելով, 2Խօսէ Իսրայէլի որդիներուն և ըսէ անոնց, Երբ մտնէք ձեր բնակութեան երկիրը զոր ձեզի պիտի տամ, 3Եւ Տէրոջը անոյշ հոտ նուիրելու համար` արջառներէն կամ հօտերէն պիտի մատուցանէք Տէրոջը, ողջակէզ կամ ուխտ կատարելու ` թէ° կամաւոր ընծայի համար, և թէ° ձեր տօներուն մէջ, 4Այն ատեն իր զոհը Տէրոջը մատուցանողը հացի ընծայի համար հիմէնի մը չորրորդ մասը իւղով շաղուած մէկ բարակ ալիւր պիտի մատուցանէ: 5Եւ ողջակէզին կամ զոհին հետ մէկ գառի համար` հիմէնի մը չորրորդ մասը թափելու նուէր պիտի ընես. 6Կամ խոյի մը համար` հիմէնի մը երրորդ մասը իւղով շաղուած երկու տասանորդ բարակ ալիւր հացի ընծայ պիտի ընես. 7Եւ թափելու նուէրի համար հիմէնի մը երրորդ մասը գինի` անոյշ հոտի համար Տէրոջը պիտի մատուցանես: 8Եւ երբ ողջակէզի համար, կամ ուխտ կատարելու զոհի համար, կամ խաղաղութեան զոհի համար զուարակ մը մատուցանես Տէրոջը, 9Այն ատեն զուարակին հետ կէս հիմէն իւղով շաղուած երեք տասանորդ բարակ ալիւրէ հացի ընծայ մատուցանես. 10Եւ թափելու նուէրի համար կէս հիմէն գինի մատուցանես. ասիկա Տէրոջը անուշահոտ պատարագ մըն է: 11Ամէն մէկ զուարակի կամ խոյի համար, կամ ոչխարի կամ այծի համար այսպէս պիտի ըլլայ: 12Ձեր պատրաստելու թիւին նայելով` անոնց թիւին համեմատ ամէն մէկուն այնպէս պիտի ընէք: 13Երկրին ամէն բնակը այս բաները այնպէս պիտի ընէ, Տէրոջը անուշահոտ պատարագ մատուցանելու համար: 14Եւ եթէ ձեր քով պանդխտացած օտարականը, կամ ձեր ազգերուն մէջ ձեր մէջ բնակողը Տէրոջը անուշահոտ պատարագ ընելու ըլլայ, ձեր ըրածին պէս անիկա ալ այնպէս պիտի ընէ: 15Ով ժողովք, ձեզի համար և ձեր քով պանդխտացած օտարականին համար մէկ պիտի ըլլայ. ձեր ազգերուն մէջ յաւիտենական կանոնով` Տէրոջը առջև ինչպէս էք դուք, այնպէս պիտի ըլլայ օտարականն ալ: 16Ձեզի համար և ձեր քով պանդխտացած օտարականին համար մէկ օրէնք ու մէկ կարգադրութիւն պիտի ըլլայ: 17Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի` ըսելով, 18Խօսէ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ անոնց, Երբ այն երկիրը մտնէք ուր ձեզ պիտի տանիմ, 19Եւ ըլլայ որ երբ այն երկրին հացէն ուտէք, բարձրացնելու ընծայ մատուցանէք Տէրոջը. 20Ձեր առաջին խմորէն շօթ մը բարձրացնելու ընծայ պիտի մատուցանէք. կալի բարձրացնելու ընծան ինչպէս կ’ընէք, այս ալ այնպէս պիտի բարձրացնէք: 21Ձեր առաջին խմորէն բարձրացնելու ընծայ պիտի մատուցանէք Տէրոջը ձեր ազգերուն մէջ: 22Իսկ եթէ սխալիք ու չընէք այս բոլոր պատուիրանքները` զորոնք Տէրը ըսաւ Մովսէսի, 23Նաև այն ամէնը զորոնք Տէրը ձեզի պատուիրեց Մովսէսի ձեռքով այն օրէն ի վեր` որ Տէրը պատուիրեց ձեր ազգերուն մէջ յաւիտեան. 24Եւ ըլլայ որ եթէ ժողովքը սխալմամբ յանցանք մը ընէ, այն ատեն բոլոր ժողովքը Տէրոջը անուշահոտ ողջակէզի համար` մէկ զուարակ պիտի մատուցանէ ըստ օրինի հացի ընծայով ու թափելու նուէրով, և մեղքի պատարագի համար այծերէն մէկ նոխազ: 25Եւ քահանան քաւութիւն պիտի ընէ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովքին համար, ու թողութիւն պիտի ըլլայ անոնց, վասն զի սխալմունք էր. և անոնք իրենց սխալելուն համար իրենց ընծան Տէրոջը պատարագ բերին, ու նաև իրենց մեղքի պատարագը` Տէրոջը առջև. 26Ուստի Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովքին ու անոնց մէջ պանդխտացած օտարականներուն թողութիւն պիտի ըլլայ. քանզի բոլոր ժողովուրդը սխալման մէջ էր: 27Եւ եթէ անձ մը սխալմամբ գործէ, այն ատեն մեղքի պատարագի համար մէկ տարեկան էգ այծ մը պիտի բերէ. 28Եւ քահանան քաւութիւն պիտի ընէ սխալմամբ մեղք գործող անձին համար. երբ Տէրոջը առջև սխալմամբ մեղք գործէ, անոր համար քաւութիւն պիտի ընէ, ու անոր թողութիւն ըլլայ: 29Սխալմամբ մեղք գործողին համար թէ° Իսրայէլի որդիներուն մէջի բնակին համար, և թէ° անոնց մէջ պանդխտացած օտարականին համար, մէկ օրէնք պիտի ունենաք: 30Բայց այն անձը որ յանդգնութեամբ բան մը կ’ընէ, թէ° երկրին բնակը ըլլայ և թէ° օտարական, անիկա Տէրը կը նախատէ. այն անձը իր ժողովուրդին մէջէն պիտի կորսուի, 31Տէրոջը խօսքը արհամարհելուն ու անոր պատուիրանքը զանց ընելուն համար այն անձը անշուշտ պիտի կորսուի. անոր անօրէնութիւնը իր վրայ պիտի ըլլայ:

Շաբաթը բեկանող մարդը

32Եւ երբ Իսրայէլի որդիները անապատն էին, մարդ մը գտան որ օրը փայտ կը ժողվէր: 33Եւ անոնք որ փայտ ժողվելու վրայ գտան զանիկա, Մովսէսի ու Ահարոնի և բոլոր ժողովքին առջև բերին: 34Եւ բանտարկեցին զանիկա, վասն զի անոր ինչ ընելիքնին ծանուցուած չէր: 35Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսի, Այն մարդը անպատճառ պիտի մեռցուի. բոլոր ժողովքը բանակէն դուրս քարերով պիտի քարկոծեն զանիկա: 36Եւ բոլոր ժողովքը Տէրոջը Մովսէսի պատուիրածին պէս` բանակէն դուրս հանեցին զանիկա, և քարերով քարկոծեցին, ու մեռաւ:

Ծոպերուն կանոնները

37Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի` ըսելով, 38Խօսէ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ անոնց, որ իրենց ծոպեր շինեն իրենց հանդերձներուն քղանցքներուն վրայ` իրենց ազգերուն մէջ. ու քղանցքի ծոպերուն վրայ կապոյտ ժապաւէն մը դնեն. 39Եւ անիկա ձեզի ծոպ պիտի ըլլայ, որպէս զի դուք տեսնէք զայն ու Տէրոջը բոլոր պատուիրանքները միտքերնիդ բերէք, և ընէք զանոնք ու ձեր սիրտերուն և ձեր աչքերուն ցանկութիւններուն չհետեւիք, որոնց ետեւէն դուք կը մոլորիք*. 40Այնպէս որ միտքերնիդ բերէք ու ընէք իմ բոլոր պատուիրանքներս, ու սուրբ ըլլաք ձեր Աստուծոյն առջև: 41Ես եմ ձեր Տէր Աստուածը, որ ձեզի ըլլալու համար` ձեզ Եգիպտոսի երկրէն հանեցի. ես եմ Եհովա ձեր Աստուածը:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)