Թվոց գիրք
17
Ահարոնին ծաղկող գաւազանը
1Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի` ըսելով, 2Խօսէ Իսրայէլի որդիներուն, ու անոնցմէ իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ մէյմէկ գաւազան, այսինքն իրենց հայրերուն տուներուն բոլոր իշխաններէն տասուերկու գաւազան, առ. ամէն մարդուն անունը իր գաւազանին վրայ գրէ: 3Եւ Ահարոնի անունը Ղեւիի գաւազանին վրայ պիտի գրես. վասն զի անոնց հայրերուն տանը իշխանին համար մէկ գաւազան պիտի ըլլայ. 4Եւ զանոնք ժողովքի խորանը` վկայութիւնին առջև դնես, ուր ձեզի պիտի հանդիպիմ: 5Եւ պիտի ըլլայ որ իմ ընտրած մարդուս գաւազանը պիտի ծաղկի. ու պիտի դադրեցնեմ ինծմէ Իսրայէլի որդիներուն տրտունջը` որոնք կը տրտնջեն ձեր վրայով: 6Եւ Մովսէս խօսեցաւ Իսրայէլի որդիներուն. ու անոնց բոլոր իշխանները իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ տասուերկու գաւազան տուին անոր, ամէն մէկ իշխանին համար մէյմէկ գաւազան, և Ահարոնի գաւազանը անոնց գաւազաններուն մէջ էր: 7Եւ Մովսէս գաւազանները Տէրոջը առջև դրաւ վկայութեան խորանին մէջ: 8Եւ եղաւ որ հետեւեալ օրը Մովսէս վկայութեան խորանը մտաւ. և ահա Ղեւիի տանը կողմէն տրուած Ահարոնի գաւազանը ծաղկեցաւ ու ծլեցաւ և ծաղիկ բացաւ ու նուշեր հասցուց: 9Եւ Մովսէս բոլոր գաւազանները Տէրոջը առջեւէն դուրս հանեց Իսրայէլի բոլոր որդիներուն առջև. ու անոնք տեսան, և ամէն մէկը իր գաւազանը առաւ: 10Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսի, Ահարոնի գաւազանը վկայութիւնին առջև ետ դարձուր, որպէս զի ապստամբներուն նշան ըլլալու համար պահուի. ու անոնց տրտունջը ինծմէ վերցնես, որպէս զի չմեռնին: 11Եւ Մովսէս Տէրոջը իրեն պատուիրածին պէս ըրաւ, այնպէս ըրաւ: 12Եւ Իսրայէլի որդիները խօսեցան Մովսէսի` ըսելով, Ահա կը մեռնինք, կը կորսուինք. մենք ամէնքս կը կորսուինք. 13Ամէն ով որ Տէրոջը խորանին մօտենայ` կը մեռնի. ամէնքս ալ պիտի մեռնի՞նք:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981