Թվոց գիրք

18

Քահանաներուն և Ղեւտացիներուն պարտականութիւնները

1Եւ Տէրը ըսաւ Ահարոնի, Դուն ու քեզի հետ քու որդիներդ և քու հօրդ տունը սրբարանին անօրէնութիւնը պիտի կրէք. և դուն ու քեզի հետ քու որդիներդ ձեր քահանայութեան անօրէնութիւնը պիտի կրէք: 2Եւ քու հօրդ ցեղէն, այսինքն Ղեւիի ցեղէն, եղող քու եղբայրներդ մօտեցնես, որպէս զի քեզի հետ միանան, ու քեզի սպասաւորութիւն ընեն. և դուն ու քեզի հետ քու որդիներդ վկայութեան խորանին առջև պիտի ըլլաք: 3Եւ քու պահպանութիւնդ ու բոլոր խորանին պահպանութիւնը պիտի պահեն. միայն թէ սրբարանին անօթներուն ու սեղանին չմօտենան, որպէս զի ոչ անոնք մեռնին` ոչ ալ դուք: 4Եւ անոնք ձեզի հետ պիտի միանան, ու ժողովքի խորանին պահպանութիւնը պիտի պահեն` խորանին ամէն պաշտօնին նայելով. և օտար մէկը պիտի չմօտենայ ձեզի: 5Եւ սրբարանին պահպանութիւնը ու սեղանին պահպանութիւնը պիտի պահէք, որպէս զի ալ Իսրայէլի որդիներուն վրայ բարկութիւն չըլլայ: 6Եւ ահա ես Իսրայէլի որդիներուն մէջէն ձեր եղբայրները, Ղեւտացիները, առի. անոնք ձեզի Տէրոջը համար պարգև տրուած են, որպէս զի ժողովքի խորանին պաշտօնը ընեն: 7Եւ դուն ու քեզի հետ քու որդիներդ սեղանին բոլոր բաներուն համար և վարագուրին ներսը եղած բաներուն համար ձեր քահանայութիւնը պիտի պահէք, ու պաշտօնը կատարէք. ձեր քահանայութիւնը ձեզի պարգեւի պաշտօն տուի, և մօտեցող օտարականը պիտի մեռցուի: 8Եւ Տէրը խօսեցաւ Ահարոնի, Եւ ես ահա Իսրայէլի որդիներուն բոլոր սուրբ բաներէն իմ ընծաներուս պահպանութիւնը քեզի տուի. և անոնք օծման իրաւունքի համար քեզի և քու որդիներուդ տուի յաւիտենական կանոնով: 9Ասոնք քուկդ պիտի ըլլան ամենասուրբ բաներէն` որ չեն այրուիր*. անոնց ամէն հացի ընծաներուն, անոնց ամէն մեղքի պատարագներուն և անոնց ամէն յանցանքի պատարագներուն բոլոր ընծաները, զորոնք ինծի պիտի հատուցանեն, ամենասուրբ են քեզի ու քու որդիներուդ համար: 10Ամենասուրբ տեղին մէջ պիտի ուտես զայն. ամէն արու պիտի ուտէ զայն. անիկա սուրբ պիտի ըլլայ քեզի: 11Այս ալ քուկդ պիտի ըլլայ. անոնց պարգեւներուն բարձրացնելու ընծան, և Իսրայէլի որդիներուն բոլոր երերցնելու ընծաները. քեզի և քեզի հետ քու որդիներուդ ու քու աղջիկներուդ տուի զանոնք յաւիտենական կանոնով. քու տանդ մէջ ամէն մաքուր եղողը անկէ պիտի ուտէ: 12Ամէնէն աղէկ իւղին և ամէնէն աղէկ գինիին ու ցորենին բոլոր երախայրիները, զորոնք Տէրոջը պիտի մատուցանեն, քեզի տուի: 13Անոնց երկրին մէջ եղած ամէն բերքերուն երախայրիները, զորոնք Տէրոջը պիտի բերեն, քուկդ պիտի ըլլան. քու տանդ մէջ ամէն մաքուր եղողը անկէ պիտի ուտէ: 14Իսրայէլի մէջ ամէն նուիրուած բանը քուկդ պիտի ըլլայ: 15Ամէն մարմինի ամէն արգանդ բացողը զոր Տէրոջը կ’ընծայեն, թէ° մարդ ըլլայ և թէ° անասուն, քուկդ պիտի ըլլայ. միայն թէ մարդուն առջինեկը անշուշտ պիտի փրկես. և անասունին առջինեկն ալ պիտի փրկես: 16Ու երբ փրկուելու տղաքը մէկ ամսուան ըլլան, սրբարանին սիկղին համեմատ հինգ սիկղ արծաթի գնով պիտի փրկես. սիկղը քսան կերատ է: 17Բայց կովին առջինեկը և ոչխարին առջինեկը կամ այծին առջինեկը պիտի չփրկես. անոնք սուրբ են. անոնց արիւնը սեղանին վրայ պիտի սրսկես, ու անոնց ճարպը պիտի այրես անուշահոտ ըլլալու Տէրոջը. 18Եւ անոնց միսը քուկդ պիտի ըլլայ, երերցնելու երբուծին ու աջ զիստին քուկդ ըլլալուն պէս: 19Սուրբ բաներէն ամէն բարձրացնելու ընծաները, զորոնք Իսրայէլի որդիները Տէրոջը կը մատուցանեն, քեզի և քեզի հետ քու որդիներուդ ու աղջիկներուդ տուի յաւիտենական կանոնով. անիկա Տէրոջը առջև քեզի և քեզի հետ քու սերունդիդ աղի ուխտ մըն է յաւիտեան: 20Եւ Տէրը ըսաւ Ահարոնի, Անոնց երկրին մէջ դուն ժառանգութիւն պիտի չունենաս, ու անոնց մէջ բաժին չունենաս. Իսրայէլի որդիներուն մէջ քու բաժինդ ու ժառանգութիւնդ ես եմ:

Ղեւտացիներուն բաժինը

21Եւ ահա Իսրայէլի բոլոր տասանորդը Ղեւիի որդիներուն տուի ժառանգութեան համար իրենց պաշտօնին փոխարէն, ժողովքի խորանին պաշտօնը ընելնուն համար: 22Եւ Իսրայէլի որդիները ա°լ ժողովքի խորանին պիտի չմօտենան, որպէս զի չկրեն ու չմեռնին: 23Եւ ժողովքի խորանին պաշտօնը Ղեւտացիները պիտի ընեն, ու իրենց անօրէնութիւնը իրենք պիտի կրեն. ասիկա ձեր ազգերուն մէջ յաւիտենական պիտի ըլլայ, որ անոնք Իսրայէլի որդիներուն մէջ ժառանգութիւն չունենան: 24Քանզի Իսրայէլի որդիներուն տասանորդը, զորոնք Տէրոջը կ’ընծայեն, Ղեւտացւոց ժառանգութիւն տուի. այս պատճառաւ անոնց համար ըսի որ Իսրայէլի որդիներուն մէջ ժառանգութիւն չունենան:

Ղեւտացիներուն տասանորդը

25Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի` ըսելով, 26Այսպէս խօսէ Ղեւտացիներուն ու ըսէ անոնց, Երբ Իսրայէլի որդիներէն տասանորդը առնէք զոր անոնց կողմանէ ձեզի ժառանգութեան համար տուի, այն ատեն անկէ տասանորդին տասներորդ մասը բարձրացնելու ընծայ պիտի մատուցանէք Տէրոջը: 27Եւ այս ձեր բարձրացնելու ընծան կալի ցորենի պէս և հնձանի բերքի պէս պիտի սեպուի ձեզի: 28Այսպէս Իսրայէլի որդիներէն ձեր բոլոր տասանորդներէն դուք ալ բարձրացնելու ընծայ պիտի մատուցանէք Տէրոջը. և անոնցմէ` Տէրոջը բարձրացնելու ընծան քահանային պիտի տաք: 29Բոլոր ձեզի եղած ընծաներէն Տէրոջը ամէն բարձրացնելու ընծան բոլորովին անոր ամենալաւէն, անոր սուրբ մասէն, պիտի մատուցանէք: 30Ուստի պիտի ըսես անոնց, Երբ անոր ամենալաւէն մատուցանէք, այն ատեն մնացածը կալի արդիւնքի պէս, ու հնձանի արդիւնքի պէս սեպուի Ղեւտացիներուն: 31Եւ ամէն տեղ պիտի ուտէք զայն դուք ու ձեր ընտանիքները. վասն զի ժողովքի խորանին մէջ ձեր ընելու պաշտօնին փոխարէն ձեր վարձքն է այն: 32Եւ անկէ ամենալաւը մատուցանելէն ետքը անոր համար մեղք պիտի չկրէք, ու Իսրայէլի որդիներուն սուրբ բաները չպղծէք, որպէս զի չմեռնիք:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981