Թվոց գիրք
24
1Երբ Բաղաամ տեսաւ որ Տէրը կը հաճի Իսրայէլը օրհնել, միւս անգամներուն պէս հմայքներ փնտռելու չգնաց, այլ իր երեսը դէպ ի անապատը դարձուց: 2Ու Բաղաամ իր աչքերը վերցնելով տեսաւ որ Իսրայէլ իր ցեղերուն կարգովը դաշտին մէջ բանակած է. ու Աստուծոյ Հոգին անոր վրայ եկաւ. 3Ու իր առակը սկսելով` ըսաւ, Բէովրի որդւոյն Բաղաամի խօսքը, Ու աչքը բաց մարդուն խօսքը, 4Աստուծոյ խօսքերը լսող, Ու Ամենակարողին տեսիլքը տեսնող, Քնանալու պէս գետինը ինկող Ու աչքերը բաց եղողին խօսքը այս է. 5Ով Յակոբ, քու վրաններդ, Ու, ով Իսրայէլ, քու խորաններդ ի՜նչ գեղեցիկ են. 6Ձորերու պէս տարածուեցան. Գետերու քով եղող պարտէզներու պէս, Տէրոջը տնկած հալուէի ծառերուն Ու ջուրին եզերքը եղող եղեւիններուն պէս են: 7Անոր դոյլերէն ջուր պիտի վազէ, Ու անոր սերմը առատ ջուրերու մէջ պիտի ըլլայ. Անոր թագաւորը Ագագէ աւելի պիտի բարձրանայ, Ու թագաւորութիւնը աճի: 8Զանիկա Եգիպտոսէ հանողը Աստուած է. Միեղջերուի պէս ոյժ ունի. Իրեն թշնամի եղող ազգերը պիտի ուտէ, Անոնց ոսկորները պիտի կոտրտէ, ու զանոնք իր նետերովը պիտի զարնէ: 9Առիւծի պէս նստաւ պառկեցաւ, ու մատակ առիւծի պէս. Զանիկա ո՞վ պիտի արթնցնէ: Քեզ օրհնողները օրհնեալ ըլլան, Ու քեզ անիծողները` անիծեալ: 10Այն ատեն Բաղակ շատ սրդողեցաւ Բաղաամի, ու ձեռքերը իրարու զարկաւ. և Բաղակ ըսաւ Բաղաամի, Ես քեզ կանչեցի որպէս զի իմ թշնամիներուս անէծք տաս, և ահա այս երեք անգամ է որ անոնց օրհնութիւն տուիր: 11Ուստի դուն հիմա քու տեղդ փախիր. Քեզի շատ պատիւ ընեմ` ըսի, բայց ահա Տէրը քեզ պատիւէ զրկեց: 12Եւ Բաղաամ ըսաւ Բաղակի, Ես քու ղրկած դեսպաններուդ ալ չխօսեցա՞յ` ըսելով, 13Բաղակ եթէ ինծ իր տունովը լեցուն արծաթ ու ոսկի տայ, ես Տէրոջը խօսքէն չեմ կրնար անցնիլ` որ ինքիրմէս աղէկ կամ գէշ բան մը ընեմ. Տէրը ինչ որ ըսէ, զայն պիտի խօսիմ:
Բաղաամին վերջին մարգարէութիւնը
14Եւ ահա ես հիմա իմ հայրենիքս կ’երթամ. եկուր, քեզի հասկցնեմ թէ այս ժողովուրդը վերջին օրերը ի°նչ պիտի ընէ քու ժողովուրդիդ: 15Այն ատեն իր առակը սկսելով` ըսաւ, Բէովրի որդւոյն Բաղաամի խօսքը, Ու աչքը բաց մարդուն խօսքը, 16Աստուծոյ խօսքերը լսող, Եւ Բարձրեալին գիտութիւնը գիտցող, Ու Ամենակարողին տեսիլքը տեսնող, Եւ քնանալու պէս գետինը ինկող Ու աչքը բաց եղող մարդուն խօսքը այս է. 17Զանիկա պիտի տեսնեմ, բայց հիմա չէ. Զանիկա պիտի զննեմ, բայց մօտերս չէ. Յակոբէ Աստղ մը պիտի ծագի, Ու Իսրայէլէ իշխանութեան գաւազան մը պիտի ելլէ, Եւ Մովաբի իշխանները պիտի զարնէ, Ու Սեթի բոլոր որդիները բնաջինջ պիտի ընէ: 18Նաև Եդովմ պիտի նուաճի, Սէիր ալ իր թշնամիներէն պիտի նուաճի: Բայց Իսրայէլ քաջութիւն պիտի ընէ. 19Եւ Յակոբէ ելլողը պիտի իշխէ, Ու քաղաքին մէջ մնացորդը պիտի կորսընցնէ: 20Ետքը Ամաղէկի նայեցաւ, ու իր առակը սկսելով` ըսաւ, Ամաղէկ ազգերուն գլուխն է, Բայց վերջը բոլորովին պիտի կորսուի: 21Ու Կենեցիին նայեցաւ, և իր առակը սկսելով` ըսաւ, Արդարև քու նստած տեղդ անառիկ է, Ու քու բոյնդ ապառաժի վրայ դրեր ես: 22Բայց Կենեցին պիտի աւրուի, Մինչև որ Ասուր քեզ գերի տանի: 23Ետքը իր առակը սկսելով` ըսաւ, Ափսո՜ս, երբ Աստւած այս բաները ընէ, ո՞վ ողջ պիտի մնայ: 24Ու նաև Կիտացւոց եզերքներէն նաւեր պիտի գան, Եւ Ասուրը պիտի չարչարեն, ու Եբերը չարչարեն. Բայց անոնք ալ բոլորովին պիտի կորսուին: 25Ետքը Բաղաամ ելաւ գնաց, ու իր տէղը դարձաւ. Բաղակ ալ իր ճամբան գնաց:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981