Թվոց գիրք
25
Իսրայելացիները Սատիմի մէջ
1Եւ Իսրայէլ Սատիմի մէջ բնակեցաւ, ու ժողովուրդը Մովաբի աղջիկներուն հետ սկսաւ պոռնկութիւն ընել: 2Ու անոնք ժողովուրդը հրաւիրեցին իրենց աստուածներուն զոհերուն. ու ժողովուրդը զոհերէն ուտելով անոնց աստուածներուն երկըրպագութիւն ըրին: 3Եւ Իսրայէլ Բելփեգովրի յարեցաւ. ուստի Տէրոջը բարկութիւնը Իսրայէլի վրայ բորբոքեցաւ: 4Եւ Տէրը Մովսէսի ըսաւ, Ժողովուրդին բոլոր իշխանները առ, ու զանոնք Տէրոջը առջև արեւին դէմ կախէ, որպէս զի Տէրոջը սաստիկ բարկութիւնը Իսրայէլէ դառնայ: 5Եւ Մովսէս Իսրայէլի դատաւորներուն ըսաւ, Մեռցուցէք ամէն մէկդ ձեր մարդիկը որոնք Բելփեգովրի յարեցան: 6Եւ ահա Իսրայէլի որդիներէն մէկը եկաւ, ու իր եղբայրներուն Մադիանացի կին մը բերաւ` Մովսէսի աչքին առջև, ու Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովքին առջև, երբ անոնք ժողովքի խորանին դրանը քով կու լային: 7Եւ Ահարոն քահանայի որդւոյն Եղիազարի որդին Փենեհէս այս բանը տեսնելով` ժողովուրդին մէջէն ելաւ, ու ձեռքը գեղարդ մը առաւ, 8Եւ Իսրայելացի մարդուն ետեւէն սենեակը մտաւ, ու երկուքն ալ, այսինքն Իսրայելացի մարդը և կինը փորէն խոցեց. ու հարուածը Իսրայէլի որդիներէն դադարեցաւ: 9Ու հարուածէն մեռածները քսանըչորս հազար հոգի էին: 10Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի` ըսելով. 11Ահարոն քահանայի որդւոյն Եղիազարի որդին Փենեհէս իմ բարկութիւնս Իսրայէլի որդիներէն դարձուց. որովհետև անիկա ինծի համար նախանձ ունեցաւ անոնց մէջ. այսպէս ես իմ նախանձովս Իսրայէլի որդիները բնաջինջ չըրի: 12Ասոր համար ըսէ որ Ահա ես անոր կու տամ իմ խաղաղութեան ուխտս. 13Եւ անոր ու անկէ ետքը անոր սերունդին յաւիտենական քահանայութեան ուխտ մը ըլլայ, որովհետև իր Աստուծոյն նախանձը ունեցաւ, ու Իսրայէլի որդիներուն համար քաւութիւն ըրաւ: 14Եւ Մադիանացի կնոջ հետ զարնուող Իսրայելացի մարդուն անունը Զամբրի էր, որ Սալուի որդին ու Շմաւոնեանց մէկ տոհմին իշխանն էր: 15Ու զարնուող Մադիանացի կնոջ անունը Քազբի էր, որ Մադիամու մէջ ազգատոհմի իշխան եղող Սուրի աղջիկն էր: 16Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի` ըսելով, 17Մադիանացւոց թշնամութիւն ըրէք ու զանոնք զարկէք. 18Քանզի անոնք իրենց ըրած նենգութիւններովը ձեզի թշնամութիւն ըրին Փոգովրի գործին մէջ ու իրենց քրոջ գործին մէջ, այսինքն Մադիանացի իշխանին աղջկան Քազբիի, որ հարուածին օրը զարնուեցաւ Փոգովրի համար:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981