Թվոց գիրք

27

Սալպաադի աղջիկները

1Ու Յովսէփի որդւոյն Մանասէի տոհմերէն` Մանասէի որդւոյն Մաքիրի որդւոյն Գաղաադու որդւոյն Ոփերի որդւոյն Սալպաադի աղջիկները մօտեցան. ու աղջիկներուն անունները ասոնք են. Մալաա, Նուա, Էգղա, Մեղքա ու Թերսա: 2Ասոնք Մովսէսի և Եղիազար քահանային ու իշխաններուն և բոլոր ժողովքին առջև կայնեցան ժողովքի խորանին դուռը, ու ըսին, 3Մեր հայրը անապատին մէջ մեռաւ. ու անիկա Տէրոջը դէմ ժողվուածներուն ժողովքին մէջ, Կորխի ժողովքին մէջ չէր, բայց անիկա իր մեղքովը մեռաւ, ու տղաքներ չունէր: 4Ինչո՞ւ համար մեր հօրը անունը իր տոհմին մէջէն վերնայ տղայ չունենալուն համար. մեզի կալուածք տուէք մեր հօրը եղբայրներուն մէջ: 5Ու անոնց դատը Տէրոջը առջև դրաւ: 6Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի` ըսելով, 7Սալպաադի աղջիկները շիտակ խօսեցան. անպատճառ անոնց ժառանգութեան կալուածք տաս իրենց հօրը եղբայրներուն մէջ, ու անոնց հօրը ժառանգութիւնը իրենց վրայ դարձնես. 8Եւ Իսրայէլի որդիներուն խօսիս ու ըսես, Եթէ մարդ մը մեռնի, ու տղայ չունենայ, անոր ժառանգութիւնը իր աղջկան վրայ դարձնէք. 9Եւ եթէ անիկա աղջիկ ալ չունենայ, այն ատեն անոր ժառանգութիւնը իր եղբայրներուն տաք. 10Եւ եթէ եղբայրներ ալ չունենայ, այն ատեն անոր ժառանգութիւնը իր հօրեղբայրներուն տաք. 11Ու եթէ հօրեղբայրներ ալ չունենայ, անոր ժառանգութիւնը իր տոհմին մէջ իր ամէնէն մօտ ազգականին տաք, ու ան ըլլայ անոր ժառանգը. և ասիկա Իսրայէլի որդիներուն դատաստանի ըլլայ, ինչպէս Տէրը Մովսէսի պատուիրեց:

Յեսու կ’ընտրուի որպէս Մովսէսի յաջորդ (Բ Օրինաց 31:1-8)

12Ետքը Տէրը Մովսէսի ըսաւ, Այդ Աբարիմի լեռը ելիր, ու տես այն երկիրը, զոր Իսրայէլի որդիներուն պիտի տամ. 13Եւ զայն տեսնելէդ ետքը, դուն ալ քու ժողովուրդիդ պիտի խառնուիս, ինչպէս քու եղբայրդ խառնուեցաւ. 14Որովհետև դուք իմ հրամանիս դէմ ապստամբութիւն ըրիք Սին անապատին մէջ` ժողովքին հակառակութիւն ըրած ատենը, ու անոնց առջև զիս չփառաւորեցիք այն ջուրին քով (Այս է Կադէսի Մերիպայի ջուրը Սին անապատին մէջ:) 15Եւ Մովսէս խօսեցաւ Տէրոջը ու ըսաւ, 16Տէրը, բոլոր մարդոց հոգիներուն Աստուածը, այս ժողովուրդին վրայ մարդ մը կեցնէ, 17Որպէս զի անիկա անոնց առջեւէն ելլէ ու մտնէ, ու զանոնք հանէ ու մտցնէ, որպէս զի Տէրոջը ժողովքը անհովիւ ոչխարներու պէս չըլլայ: 18Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսի, Առ քեզի Նաւէի որդին Յեսուն, որուն վրայ կայ, ու անոր վրայ ձեռքդ դիր. 19Եւ զանիկա Եղիազար քահանային ու բոլոր ժողովքին առջև կայնեցուր, և անոնց աչքին առջև անոր պատուէր տուր. 20Ու քու փառքէդ անոր վրայ դիր, որպէս զի Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովքը անոր հնազանդութիւն ընեն: 21Եւ անիկա Եղիազար քահանային առջև պիտի կայնի, ու Տէրոջը առջև Ուրիմին կանոնովը անոր պիտի հարցնէ*, անոր խօսքովը պիտի ելլեն, ու անոր խօսքովը մտնեն, ինք և իրեն հետ բոլոր Իսրայէլի որդիները ու բոլոր ժողովքը: 22Եւ Մովսէս այնպէս ըրաւ, ինչպէս Տէրը անոր հրամայեր էր. առաւ Յեսուն, ու զանիկա Եղիազար քահանային ու բոլոր ժողովքին առջև կայնեցուց: 23Եւ իր ձեռքերը անոր վրայ դնելով` անոր պատուէր տուաւ, ինչպէս Տէրը Մովսէսի ձեռքով խօսեր էր:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981