Թվոց գիրք

28

Կանոնաւոր ընծաները (Ելից 29:38-46)

1Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի` ըսելով, 2Պատուիրէ Իսրայէլի որդիներուն ու անոնց ըսէ, Իմ անուշահոտ պատարագներուս ընծայուած հացը` որոշուած ատեն ինծի մատուցանելու զգուշութիւն ընէք: 3Ու անոնց ըսես, Ասոնք են այն պատարագները զորոնք Տէրոջը պիտի մատուցանէք. Օրը երկու հատ մէկ տարեկան անարատ գառներ մշտնջենաւոր ողջակէզի համար: 4Մէկ գառը առտուանց մատուցանես, ու միւս գառը իրիկուան դէմ մատուցանես: 5Եւ մէկ արդուին տասներորդ մասը բարակ ալիւրով հացի ընծայ ընես, որ շաղուած պիտի ըլլայ հիմէնի մը քառորդ ծեծուած իւղով: 6Ասիկա Սինա լեռանը վրայ սահմանուած մշտնջենաւոր ողջակէզ է, Տէրոջը անուշահոտ ըլլալու համար: 7Ու անոր թափելու նուէրը մէկ գառին համար` հիմէնի մը չորրորդ մասն ըլլայ. օղին սուրբ տեղին մէջ թափելու նուէր ընես Տէրոջը. 8Եւ միւս գառը իրիկուան դէմ մատուցանես. ու առտուան հացի ընծային ու անոր թափելու նուէրին պէս ընես, Տէրոջը անուշահոտ պատարագ ըլլալու:

Շաբաթ օրուան ընծան

9Բայց օրը մէկ տարեկան երկու անարատ գառներ, ու իւղով շաղուած երկու բարակ ալիւր հացի ընծայի համար, ու անոր թափելու նուէրը պիտի մատուցանէք: 10Ասիկա մշտնջենաւոր ողջակէզէն ու անոր թափելու նուէրէն զատ ամէն շաբաթ օրուան ողջակէզը պիտի ըլլայ:

Ամսագլխու ընծան

11Եւ ձեր ամսագլուխներուն մէջ Տէրոջը ողջակէզ մատուցանէք երկու զուարակ, մէկ խոյ ու եօթը հատ մէկ տարեկան անարատ գառներ. 12Եւ ամէն մէկ զուարակին համար իւղով շաղուած երեք տասանորդ բարակ ալիւր հացի ընծայ, և մէկ խոյին համար իւղով շաղուած երկու տասանորդ բարակ ալիւր հացի ընծայ, 13Ու ամէն մէկ գառին համար իւղով շաղուած մէյմէկ տասանորդ բարակ ալիւր հացի ընծայ մատուցանէք, Տէրոջը ողջակէզ ու անուշահոտ պատարագ ըլլալու: 14Եւ անոնց թափելու նուէրները` ամէն մէկ զուարակին համար կէս հիմէն, ու մէկ խոյին համար հիմէնին երրորդ մասը, և ամէն մէկ գառին համար հիմէնին չորրորդ մասը պիտի ըլլայ. ասիկա տարւոյն ամիսներուն համար ամսէ ամիս մատուցուելու ողջակէզն է: 15Եւ մշտնջենաւոր ողջակէզէն զատ` մեղքի պատարագի համար այծերէն նոխազ մը իր թափելու նուէրովը մէկտեղ մատուցուի Տէրոջը:

Բաղարջակերաց տօնին ընծաները (Ղեւտ.23:5-14)

16Եւ առաջին ամսուն չորեքտասաներորդ օրը զատիկ է Տէրոջը: 17Ու այն ամսուն հնգետասաներորդ օրը տօն է. եօթը օր ուտուի: 18Առաջին օրը սուրբ ժողով պիտի ըլլայ, բնաւ ծառայական գործ մը չընէք. 19Եւ Տէրոջը պատարագ ու ողջակէզ մատուցանէք, երկու զուարակ, մէկ խոյ ու եօթը հատ մէկ տարեկան գառներ. անարատ ըլլան ձեզի. 20Եւ անոնց հացի ընծան իւղով շաղուած բարակ ալիւր ըլլայ. ամէն մէկ զուարակին համար երեք տասանորդ, ու մէկ խոյին համար երկու տասանորդ մատուցանէք: 21Եօթը գառներէն ամէն մէկ գառին համար մէյմէկ տասանորդ մատուցանէք. 22Եւ ձեզի քաւութիւն ընելու համար մէկ նոխազ մեղքի պատարագ մատուցանէք: 23Ասոնք մշտնջենաւոր ողջակէզ եղող առտուան ողջակէզէն զատ պիտի մատուցանէք: 24Այն եօթը օրերուն ամէն մէկ օրը ասոնց պէս Տէրոջը անուշահոտ պատարագ ընէք. մշտնջենաւոր ողջակէզէն զատ ասիկա ու ասոր թափելու նուէրը պիտի մատուցուին: 25Եւ եօթներորդ օրը սուրբ ժողով պիտի ըլլայ ձեզի, բնաւ ծառայական գործ մը չընէք:

Հունձքի տօնին ընծաները

26Եւ երախայրիներուն օրը, երբ ձեր շաբաթներուն տօնին մէջ Տէրոջը նոր հացի ընծայ կը մատուցանէք, սուրբ ժողով ըլլայ ձեզի, բնաւ ծառայական գործ մը չընէք. 27Ու Տէրոջը անուշահոտ ողջակէզի համար երկու զուարակ, մէկ խոյ ու մէկ տարեկան եօթը հատ գառներ մատուցանէք. 28Եւ անոնց հացի ընծան` ամէն մէկ զուարակին համար երեք տասանորդ, մէկ խոյին համար երկու տասանորդ, 29Եօթը գառներէն ամէն մէկ գառին համար մէյմէկ տասանորդ իւղով շաղուած բարակ ալիւր մատուցանէք: 30Եւ ձեզի քաւութիւն ընելու համար այծերէն մէկ նոխազ մատուցանէք: 31Մշտնջենաւոր ողջակէզէն ու անոր հացի ընծայէն զատ, ասոնք ալ իրենց թափելու նուէրներովը մատուցանէք. անարատ ըլլան ձեզի:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981