Թվոց գիրք
29
Ամանորի տօնին ընծաները
1Եւ եօթներորդ ամսուն մէջ ամսուն առաջին օրը սուրբ ժողով ըլլայ ձեզի, բնաւ ծառայական գործ մը չընէք. փող հնչեցնելու օր ըլլայ ձեզի: 2Եւ Տէրոջը անուշահոտ ողջակէզի համար մէկ զուարակ, մէկ խոյ ու եօթը հատ մէկ տարեկան գառներ մատուցանէք: 3Եւ անոնց հացի ընծան մէկ զուարակին համար երեք տասանորդ, ու մէկ խոյին համար երկու տասանորդ, 4Եւ եօթը գառներէն ամէն մէկ գառին համար մէյմէկ տասանորդ իւղով շաղուած բարակ ալիւր ըլլայ. 5Եւ ձեզի քաւութիւն ընելու համար այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագ մատուցանէք: 6Ասոնք Տէրոջը անուշահոտ պատարագ մատուցանէք, ամսամուտի ողջակէզը ու անոր հացի ընծան, և մշտնջենաւոր ողջակէզը ու անոր հացի ընծան, և ասոնց թափելու նուէրները իրենց կանոնովը մատուցանելէն զատ:
Քաւութեան օրուան ընծաները
7Եւ այս եօթներորդ ամսուն տասներորդ օրը սուրբ ժողով ըլլայ ձեզի. ու ձեր անձերը պիտի խոնարհեցնէք, ու ամենեւին գործ մը չընէք: 8Եւ Տէրոջը անուշահոտ ողջակէզի համար մէկ զուարակ, մէկ խոյ ու եօթը հատ մէկ տարեկան գառներ մատուցանէք. անոնք ձեզի անարատ ըլլան. 9Եւ անոնց հացի ընծան մէկ զուարակին համար երեք տասանորդ, մէկ խոյին համար երկու տասանորդ, 10Եօթը գառներէն ամէն մէկ գառին համար մէյմէկ տասանորդ իւղով շաղուած բարակ ալիւր ըլլայ: 11Ու այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագ մատուցանէք, բաց ի քաւութեան օրը մատուցուած մեղքի պատարագէն ու մշտնջենաւոր ողջակէզէն և անոր հացի ընծայէն ու անոնց թափելու նուէրներէն:
Տաղաւարահարաց տօնին ընծաները (Ղեւտ. 23:33-44)
12Եւ եօթներորդ ամսուն հնգետասաներորդ օրը սուրբ ժողով ըլլայ ձեզի, բնաւ ծառայական գործ մը չընէք, ու եօթը օր Տէրոջը տօն պահէք: 13Եւ Տէրոջը ողջակէզ ու անուշահոտ պատարագի համար տասուիրեք զուարակ, երկու խոյ ու մէկ տարեկան տասնըչորս գառներ մատուցանէք. անոնք անարատ պիտի ըլլան. 14Եւ անոնց հացի ընծան տասուիրեք զուարակներէն ամէն մէկ զուարակին համար երեք տասանորդ, ու երկու խոյերէն ամէն մէկ խոյին համար երկու տասանորդ, 15Եւ տասնըչորս գառներէն ամէն մէկ գառին համար մէյմէկ տասանորդ իւղով շաղուած բարակ ալիւր ըլլայ. 16Ու այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագ մատուցանէք, բաց ի մշտնջենաւոր ողջակէզէն ու անոր հացի ընծայէն և թափելու նուէրէն: 17Եւ երկրորդ օրը տասուերկու զուարակ, երկու խոյ ու մէկ տարեկան տասնըչորս անարատ գառներ մատուցանէք. 18Եւ անոնց հացի ընծան ու թափելու նուէրները, զուարակներուն, խոյերուն ու գառներուն համար, իրենց թիւին համեմատ, ըստ օրինի պիտի ըլլան. 19Ու այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագ մատուցանէք, բաց ի մշտնջենաւոր ողջակէզէն և անոր հացի ընծայէն ու թափելու նուէրներէն: 20Եւ երրորդ օրը տասնըմէկ զուարակ, երկու խոյ ու մէկ տարեկան տասնըչորս անարատ գառներ մատուցանէք. 21Եւ անոնց հացի ընծան ու թափելու նուէրները, զուարակներուն, խոյերուն ու գառներուն համար, իրենց թիւին համեմատ, ըստ օրինի պիտի ըլլան. 22Ու մէկ նոխազ մեղքի պատարագ մատուցանէք, բաց ի մշտնջենաւոր ողջակէզէն և անոր հացի ընծայէն ու թափելու նուէրէն: 23Եւ չորրորդ օրը տասը զուարակ, երկու խոյ ու մէկ տարեկան տասնըչորս անարատ գառներ մատուցանէք. 24Անոնց հացի ընծան ու թափելու նուէրները, զուարակներուն, խոյերուն ու գառներուն համար, իրենց թիւին համեմատ, ըստ օրինի պիտի ըլլան. 25Ու այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագ մատուցանէք, բաց ի մշտնջենաւոր ողջակէզէն և անոր հացի ընծայէն ու թափելու նուէրէն: 26Եւ հինգերորդ օրը ինը զուարակ, երկու խոյ ու մէկ տարեկան տասնըչորս անարատ գառներ մատուցանէք. 27Եւ անոնց հացի ընծան ու թափելու նուէրները, զուարակներուն, խոյերուն ու գառներուն համար, իրենց թիւին համեմատ, ըստ օրինի պիտի ըլլան. 28Ու մէկ նոխազ մեղքի պատարագ մատուցանէք, բաց ի մշտնջենաւոր ողջակէզէն և անոր հացի ընծայէն ու թափելու նուէրէն: 29Եւ վեցերորդ օրը ութ զուարակ, երկու խոյ ու մէկ տարեկան տասնըչորս անարատ գառներ մատուցանէք. 30Եւ անոնց հացի ընծան ու թափելու նուէրները, զուարակներուն, խոյերուն ու գառներուն համար, իրենց թիւին համեմատ, ըստ օրինի պիտի ըլլան. 31Ու մէկ նոխազ մեղքի պատարագ մատուցանէք, բաց ի մշտնջենաւոր ողջակէզէն և անոր հացի ընծայէն ու թափելու նուէրներէն: 32Եւ եօթներորդ օրը եօթը զուարակ, երկու խոյ ու մէկ տարեկան տասնըչորս անարատ գառներ մատուցանէք. 33Եւ անոնց հացի ընծան ու թափելու նուէրները, զուարակներուն, խոյերուն ու գառներուն համար, իրենց թիւին համեմատ, ըստ օրինի պիտի ըլլան. 34Ու մէկ նոխազ մեղքի պատարագ մատուցանէք, բաց ի մշտնջենաւոր ողջակէզէն և անոր հացի ընծայէն ու թափելու նուէրէն: 35Ութերորդ օրը ձեզի տոնախմբութիւն ըլլայ. բնաւ ծառայական գործ մը չընէք: 36Եւ Տէրոջը ողջակէզ ու անուշահոտ պատարագի համար, մէկ զուարակ, մէկ խոյ ու մէկ տարեկան եօթը անարատ գառներ մատուցանէք. 37Եւ անոնց հացի ընծան ու թափելու նուէրները, զուարակին, խոյին ու գառներուն համար, իրենց թիւին համեմատ, ըստ օրինի պիտի ըլլան. 38Ու մէկ նոխազ մեղքի պատարագ մատուցանէք, բաց ի մշտնջենաւոր ողջակէզէն և անոր հացի ընծայէն ու թափելու նուէրէն: 39Ձեր տօներուն մէջ ասոնք պիտի մատուցանէք Տէրոջը, ձեր ուխտերուն ու ձեր կամաւոր ընծաներուն ողջակէզներէն, հացի ընծաներէն, թափելու նուէրներէն ու խաղաղութեան զոհերէն զատ: 40Եւ Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն պատմեց այն ամէնը զոր Տէրը Մովսէսի պատուիրեր էր:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981