Թվոց գիրք

3

Ահարոնին որդիները

1Եւ Ահարոնի ու Մովսէսի ազգաբանութիւնը այս է, Տէրոջը Մովսէսի հետ Սինա լեռանը վրայ խօսած օրը: 2Եւ Ահարոնի որդիներուն անունները ասոնք են. անդրանիկը Նադաբ, և Աբիուդ, Եղիազար ու Իթամար: 3Ասոնք էին Ահարոնի որդիներուն, քահանաներուն, անունները, որոնք օծուած օրհնուած էին քահանայութիւն ընելու: 4Եւ Նադաբ ու Աբիուդ Սինայի անապատին մէջ Տէրոջը առջև օտար կրակ մատուցած ատենին մեռան Տէրոջը առջև, ու անոնք որդի չունէին. և Եղիազար ու Իթամար իրենց հօրը Ահարոնի առջև քահանայութիւն ըրին:

Ղեւտացիները քահանաներու ծառայութեան կը սահմանուին

5Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի` ըսելով, 6Ղեւիի ցեղը մօտեցուր, ու զանոնք քահանայիÝ առջև կայնեցուր, որպէս զի անոր սպասաւորութիւն ընեն: 7Եւ անոր պահպանութիւնը ու բոլոր ժողովքին պահպանութիւնը ժողովքի խորանին առջև պիտի պահեն խորանին պաշտօնը ընելով: 8Եւ ժողովքի խորանին բոլոր կարասիները ու Իսրայէլի որդիներուն պահպանութիւնը պիտի պահեն` խորանին պաշտօնը ընելով: 9Եւ Ահարոնի ու անոր որդիներուն պիտի տաս Ղեւտացիները. ասոնք Իսրայէլի որդիներէն բոլորովին անոր տրուած են: 10Եւ Ահարոնը ու անոր որդիները իրենց քահանայական պաշտօնը կատարելու պիտի կարգես. և մօտեցող օտարականը պիտի մեռցուի: 11Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի` ըսելով, 12Եւ ես ահա Իսրայէլի որդիներուն մէջէն Ղեւտացիները առի, Իսրայէլի որդիներուն մէջ ամէն մօրը արգանդը բացող առջինեկին տեղ. ուստի Ղեւտացիները իմս պիտի ըլլան: 13Քանզի ամէն առջինեկը իմս է. երբ Եգիպտոսի երկրին մէջ բոլոր առջինեկները զարկի, Իսրայէլի մէջ բոլոր առջինեկները մարդէն մինչև անասուն սրբեցի ինծի. անոնք իմս պիտի ըլլան. ես եմ Տէրը:

Ղեւտացիներուն մարդահամարը

14Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի Սինայի անապատին մէջ` ըսելով, 15Համրէ Ղեւիի որդիները իրենց հայրերուն տուներուն և իրենց ազգատոհմերուն նայելով. մէկ ամսականէն վեր եղող ամէն արուն պիտի համրես: 16Եւ Տէրոջը խօսքին համեմատ համրեց զանոնք, ինչպէս իրեն պատուիրուեցաւ: 17Եւ Ղեւիի որդիները իրենց անուններովը ասոնք էին. Գերսոն և Կահաթ ու Մերարի: 18Եւ Գերսոնի որդիներուն անունները իրենց տոհմերովը ասոնք են. Ղոբենի ու Սեմէի: 19Եւ Կահաթի որդիները իրենց տոհմերովը Ամրամ և Իսահառ, Քեբրոն ու Ոզիէլ էին: 20Եւ Մերարիի որդիները իրենց տոհմերովը Մոողի ու Մուսի էին. Ղեւտացւոց տոհմերը իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ ասոնք են: 21Գերսոնէ Ղոբենեանց տոհմը և Սեմէեանց տոհմը եղաւ. Գերսոնեանց տոհմերը ասոնք են: 22Ասոնցմէ համրուածները, մէկ ամսականէն վեր եղող բոլոր արուներուն թիւին համեմատ համրուածները, եօթը հազար հինգ հարիւր էին: 23Գերսոնեանց տոհմերը խորանին ետեւի կողմը դէպ ի արեւմուտք իջեւան պիտի ընեն: 24Եւ Գերսոնեանց հօրը տանը իշխանը Լայէլի որդին Եղիասափ պիտի ըլլայ: 25Եւ ժողովքի խորանին մէջ Գերսոնի որդիներուն պահպանութեանը յանձնուած բանէրը ասոնք էն. խորանը ու վրանը, անոր ծածկոցը և ժողովքի խորանին դրանը վարագոյրը, 26Խորանին և սեղանին բոլորտիքը եղած սրահին վարագոյրները, և սրահին դրանը վարագոյրը, և անոր ամէն գործին համար եղած չուանները: 27Եւ Կահաթէ Ամրամեանց տոհմը ու Իսահառեանց տոհմը և Քեբրոնեանց տոհմը ու Ոզիէլեանց տոհմը եղաւ. Կահաթեանց տոհմերը ասոնք են. 28Մէկ ամսականէ վեր եղող բոլոր արուները իրենց թիվին համեմատ` ութ հազար վեց հարիւր հոգի էին, որոնք սրբարանին պահպանութիւնÁ կ’ընէին: 29Կահաթի որդիներուն տոհմերը խորանին հարաւային կողմը իջեւան պիտի ընեն: 30Եւ Կահաթեանց տոհմերուն հօրը տանը իշխանը Ոզիէլի որդին Եղիսափան ըլլայ: 31Եւ անոնց պահպանութ»անը յանձնուած բաները ասոնք են. տապանակը ու առաջաւորութեան հացին սեղանը և աշտանակը ու սեղանները և սրբարանին գործիքները, որոնցմով պաշտօն կ’ընեն, և վարագոյրը ու անոր վերաբերեալ ամէն բաները: 32Եւ Ղեւտացւոց իշխաններուն իշխանը` Ահարոն քահանային որդին Եղիազար պիտի ըլլայ, որ սրբարանին պահպանութիւնը ընողներուն վրայ վերակացու պիտի ըլլայ: 33Մերարիէ Մոողեանց տոհմը և Մուսեանց տոհմը եղաւ. ասոնք են Մերարիի տոհմերը: 34Եւ անոնց համրուածները, մէկ ամսականէն վեր եղող բոլոր արուները իրենց թիւին համեմատ, վեց հազար երկու հարիւր հոգի էին: 35Եւ Մերարեանց տոհմերուն հօրը տանը իշխանը Աբիքէլի որդին Սուրիէլ ըլլայ. ասոնք խորանին հիւսիսային կողմը իջեւան պիտի ընեն: 36Եւ Մերարիի որդիներուն պահպանութեանը յանձնուած բաները ասոնք են. խորանին տախտակները, ու անոր նիգերը և սիւները ու խարիսխները, և անոր բոլոր գործիքները ու անոր վերաբերեալ ամէն բաները, 37Եւ շուրջանակի սրահին սիւները, անոնց խարիսխները և ցիցերը ու անոնց չուանները: 38Եւ խորանին առջեւի կողմը, այսինքն ժողովքի խորանին առջև դէպ ի արեւելք, իջեւան ընողները Մովսէս ու Ահարոն և անոր որդիները պիտի ըլլան, որ սրբարանին պահպանութիւնը Իսրայէլի որդիներուն պահպանութեանը համար պահպանեն. ու մօտեցող օտարականը պիտի մեռցուի: 39Ղեւտացւոց բոլոր համրուածները, որոնք իրենց տոհմերովը Տէրոջը խօսքին համեմատ Մովսէս ու Ահարոն համրեցին, մէկ ամսականէն վեր եղող բոլոր արուները քսանուերկու հազար էին:

Ղեւտացիները անդրանիկներուն տեղը կը գրաւէն

40Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսի, Իսրայէլի որդիներուն մէկ ամսականէ վեր բոլոր առջինեկ արուները համրէ, ու անոնց անուններուն թիւը առ: 41Եւ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր առջինեկներուն փոխարէն` Ղեւտացիները պիտի առնես ինծի համար. ես եմ Տէրը. ու Ղեւտացւոց անասունները` Իսրայէլի որդւոց անասուններուն բոլոր առջինեկներուն տեղ: 42Եւ Մովսէս համրեց Իսրայէլի որդիներուն բոլոր առջինեկները, ինչպէս Տէրը իրեն պատուիրեց: 43Եւ բոլոր առջինեկ արուները իրենց անուններուն թիւին համեմատ, մէկ ամսականէ վեր համրուողները, քսանուերկու հազար երկու հարիւր եօթանասունուիրեք հոգի էին: 44Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի` ըսելով, 45Իսրայէլի որդիներուն մէջ ամէն առջինեկներուն տեղ Ղեւտացիները, և անոնց անասուններուն տեղ Ղեւտացւոց անասունները առ, որպէս զի Ղեւտացիները իմս ըլլան. ես եմ Տէրը: 46Եւ Ղեւտացւոց թիւէն աւելցած` Իսրայէլի որդիներուն երկու հարիւր եօթանասունուիրեք առջինեկներուն փրկանք ըլլալու համար, 47Մարդ գլուխ հինգ սիկղ պիտի առնես. սրբարանին սիկղին համեմատ պիտի առնես. մէկ սիկղը քսան կերատ է: 48Եւ անոնց մէջ աւելցածներուն փրկանքին ստակը Ահարոնի ու անոր որդիներուն տաս: 49Եւ Մովսէս Ղեւտացիներով փըրկուածներուն աւելցածներէն փրկանքին ստակը առաւ: 50Իսրայէլի որդիներուն առջինեկներէն սրբարանին սիկղին համեմատ, հազար երեք հարիւր վաթսունըհինգ սիկղ արծաթ առաւ: 51Եւ Մովսէս Տէրոջը խօսքին պէս` փրկուածներուն ստակը Ահարոնի ու անոր որդիներուն տուաւ, ինչպէս Տէրը Մովսէսի պատուիրեր էր:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981