Թվոց գիրք
30
Ուխտերու օրէնքներ
1Եւ Մովսէս Իսրայէլի որդւոց ցեղերու իշխաններուն խօսեցաւ` ըսելով, 2Տէրոջը պատուիրած բանը այս է. Եթէ մարդ մը Տէրոջը ուխտ ընէ, կամ երդում ընելով իր անձը կապելու ըլլայ, իր խօսքը պարապ չհանէ. բոլոր իր բերնէն ելածին պէս ընէ: 3Եւ եթէ կին մը Տէրոջը ուխտ ընէ, ու իր մանկութեան ատենը իր հօրը տանը մէջ զինք կապելու ըլլայ, 4Եւ անոր հայրը անոր ուխտը ու անձին վրայ կապած կապը լսէ, և անոր հայրը բան մը չըսէ անոր, այն ատեն անոր բոլոր ուխտերը պիտի հաստատուին, ու անձին վրայ կապած բոլոր կապերն ալ պիտի հաստատուին: 5Բայց եթէ անոր հայրը իր լսած օրը զանիկա արգիլէ, այն ատեն անոր բոլոր ուխտերը ու անձին վրայ կապած կապերը անվաւեր պիտի ըլլան. և Տէրը անոր թողութիւն պիտի տայ. քանզի անոր հայրը զանիկա արգիլեց: 6Եւ եթէ ուխտ ըրած կամ իր շրթունքներէն իր անձը կապող անխորհուրդ խօսք մը ելած ըլլալով ամուսնանայ, 7Ու անոր այրը լսէ, և լսած օրը անոր բան մը չըսէ, այն ատեն անոր ուխտերը պիտի հաստատուին, ու իր անձին վրայ կապած կապերն ալ պիտի հաստատուին: 8Բայց եթէ անոր այրը իր լսած օրը զանիկա արգիլէ, այն ատեն անոր վրայ եղած ուխտը ու շրթունքներէն ելած անխորհուրդ խօսքը որով իր անձը կապեր էր՝ անվաւեր կ’ընէ. և Տէրը անոր թողութիւն պիտի տայ: 9Բայց որբեւարիի կամ արձակուածի մը ուխտը ու իր անձին վրայ կապած ինչեւիցէ կապը իր վրայ հաստատ պիտի մնայ: 10Եւ եթէ անիկա իր էրկանը տանը մէջ ուխտ ըրած էր, կամ երդումով իր անձին վրայ կապ կապեր էր, 11Ու անոր այրը լսելով բան մը ըսած չէր անոր և զանիկա արգիլած չէր, այն ատեն անոր բոլոր ուխտերը պիտի հաստատուին, ու իր անձին վրայ կապած կապերը հաստատ պիտի մնան: 12Բայց եթէ անոր այրը իր լսած օրը զանոնք խափանեց, այն ատեն ուխտ ընելու ու իր անձը կապելու համար անոր բերնէն ելած բոլոր խօսքերը անվաւեր պիտի ըլլան, քանզի անոր այրը խափանեց զանոնք. և Տէրը անոր թողութիւն պիտի տայ: 13Կնոջ մը ամէն ուխտը ու անձը խոնարհեցնելու համար ըրած կապող երդումը անոր այրը կրնայ հաստատել, ու անոր այրը կրնայ խափանել: 14Եւ եթէ անոր այրը օրէ օր անոր բան մը չըսէ, այն ատեն անոր ամէն ուխտերը ու վրան եղած ամէն կապերը կը հաստատէ. իր լսած օրը անոր բան մը չըսելուն համար զանոնք հաստատած կ’ըլլայ: 15Բայց եթէ լսած օրէն ետքը կերպով մը խափանէ զանոնք, այն ատեն ինք պիտի կրէ անոր անօրէնութիւնը: 16Էրկան մը ու անոր կնոջ մէջտեղ, և հօր մը ու մանկութեան ատեն իր հօրը տունը բնակող աղջկան մէջտեղ պահուելու կանոնները ասոնք են, զորոնք Տէրը Մովսէսի պատուիրեց: Մադիանացիներուն դէմ
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981