Թվոց գիրք
31
Սուրբ պատերազմ
1Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի` ըսելով, 2Մադիանացիներէն Իսրայէլի որդիներուն վրէժը առնես. ու ետքը քու ժողովուրդիդ խառնուիս: 3Եւ Մովսէս ժողովուրդին խօսեցաւ ու ըսաւ, Ձեզմէ մարդիկ պատրաստուին պատերազմի համար, ու Մադիամու վրայ երթան, որ Մադիամէ Տէրոջը վրէժը առնեն: 4Իսրայէլի բոլոր ցեղերուն ամէն մէկէն հազարական մարդ պատերազմի ղրկէք: 5Եւ Իսրայէլի հազարաւորներէն ամէն մէկ ցեղէն հազարական մարդ ընտրուեցաւ. այսինքն տասուերկու հազար հոգի պատերազմի համար պատրաստուած: 6Եւ Մովսէս պատերազմի ղրկեց զանոնք, ամէն մէկ ցեղէն հազարական մարդ. ու անոնց հետ Եղիազար քահանային որդին Փենէհէսը պատերազմի ղրկեց, որուն ձեռքն էին սուրբ անօթները ու ազդարարութեան փողերը: 7Եւ Մադիանացւոց դէմ պատերազմեցան, ինչպէս Տէրը Մովսէսի հրամայեր էր. ու անոնց բոլոր այր մարդիկը մեռցուցին. 8Եւ անոնց սպաննուածներուն հետ Մադիամու թագաւորներն ալ, Եւին, Րոկոմը, Սուրը, Ուրը և Ռօբէն, Մադիամու հինգ թագաւորները, սպաննեցին, ու Բէովրի որդին Բաղաամը սրով մեռցուցին: 9Եւ Իսրայէլի որդիները Մադիանացւոց կիները ու տղաքները գերի առին, ու անոնց բոլոր անասունները և հօտերը ու ստացուածքը աւար առին: 10Եւ անոնց բնակած բոլոր քաղաքները ու բոլոր գեղերը կրակով այրեցին: 11Եւ բոլոր աւարը ու բոլոր կողոպուտը առին մարդէ մինչև անասուն: 12Եւ գերիները ու կողոպուտը և աւարը Մովսէսի, Եղիազար քահանային ու Իսրայէլի որդիներուն ժողովքին, բանակը բերին, որ Երիքովի դիմաց Յորդանանու մօտ Մովաբի դաշտերուն մէջ էր:
Բանակը կը վերադառնայ
13Եւ Մովսէս ու Եղիազար քահանան և ժողովքին բոլոր իշխանները բանակէն դուրս ելան զանոնք դիմաւորելու: 14Եւ Մովսէս պատերազմէն դարձող զօրաց իշխաններուն, հազարապետներուն ու հարիւրապետներուն սրդողեցաւ. 15Եւ Մովսէս անոնց ըսաւ, Արդեօք բոլոր կիները ո՞ղջ թողուցիք: 16Ահա Բաղաամի խրատովը ատոնք պատճառ եղան, որ Իսրայէլի որդիները Տէրոջը դէմ մեղանչեցին Փոգովրի գործին մէջ, և Տէրոջը ժողովքին վրայ այն հարուածը եկաւ: 17Ուստի հիմա տղաքներէն ամէն արուն մեռցուցէք, ու բոլոր կիները որոնք այր մարդ գիտցած են արուի հետ պառկելով` մեռցուցէք: 18Եւ կիներէն այն բոլոր մանկահասակ աղջիկները որոնք այր մարդ գիտցած չեն արուի հետ պառկելով` ձեզի ողջ թողուցէք: 19Եւ դուք եօթը օր բանակին դուրսը մնացէք. ով որ մարդ մեռցուցեր է, ու ով որ մեռածի դպեր է, երրորդ օրը ու եօթներորդ օրը թող մաքրուի, թէ° դուք և թէ° ձեր գերիները: 20Եւ ամէն հանդերձ, ու ամէն մորթէ շինուած աման, և այծի մազէ շինուած ամէն բան, ու ամէն փայտեղէն աման մաքրեցէք: 21Եւ Եղիազար քահանան պատերազմի գացող զօրքերուն ըսաւ, Ասիկա է այս օրէնքին կանոնը` զոր Տէրը Մովսէսի հրամայեց: 22Միայն ոսկին, արծաթը, պղինձը, երկաթը, անագը ու կապարը, 23Ամէն կրակը մտնելու բանը կրակէ անցնէք, ու մաքուր պիտի ըլլայ, բայց մաքրութեան ջրով մաքրուի. սակայն կրակը չմտնող ամէն բան ջուրէ անցնէք: 24Ու եօթներորդ օրը ձեր հանդերձները լուաք և մաքուր ըլլաք, ու ետքը բանակին մէջ մտնէք:
Աւարին բաժանումը
25Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի` ըսելով, 26Դուն Եղիազար քահանային ու ժողովքին նահապետութեանց իշխաններուն հետ` առնուած կողոպուտին գումարը առ, մարդէ մինչև անասուն: 27Եւ այն կողոպուտը պատերազմի գացող պատերազմողներուն ու բոլոր ժողովքին հաւասարապէս բաժնես: 28Եւ պատերազմի գացող պատերազմողներէն Տէրոջը հասը առնես, հինգ հարիւրէն մէկը` թէ° մարդոցմէն, թէ° արջառներէն, թէ° էշերէն և թէ° ոչխարներէն: 29Այս հասը անոնց կէս բաժինէն պիտի առնես, ու Եղիազար քահանային տաս իբրև Տէրոջը ընծայ: 30Եւ Իսրայէլի որդիներուն կէս բաժինէն յիսունէն մէկը առնես, թէ° մարդոցմէն, թէ° արջառներէն, թէ° էշերէն, թէ° ոչխարներէն և թէ° ամէն անասուններէն. ու զանոնք Տէրոջը խորանին պահպանութիւնը ընող Ղեւտացիներուն տաս: 31Եւ Մովսէս ու Եղիազար քահանան Տէրոջը Մովսէսի հրամայածին պէս ըրին: 32Եւ կողոպուտը, այսինքն պատերազմող զօրքին առած աւարին գումարը այս էր. վեց հարիւր եօթանասունըհինգ հազար ոչխար, 33Եօթանասունուերկու հազար արջառ, 34Ու վաթսունըմէկ հազար էշ. 35Եւ մարդոցմէն` այր մարդու անկողին չգիտցող կիներուն ամէնը երեսունուերկու հազար հոգի էին: 36Եւ պատերազմի գացողներուն ինկած կէս բաժինը այս էր. ոչխարներուն թիւը երեք հարիւր երեսունըեօթը հազար հինգ հարիւր էր. 37Ու ոչխարներէն Տէրոջը հասը վեց հարիւր եօթանասունըհինգ եղաւ. 38Եւ արջառները երեսունըվեց հազար ըլլալով` անոնցմէ Տէրոջը հասը եօթանասունուերկու արջառ եղաւ. 39Ու էշերը երեսուն հազար հինգ հարիւր ըլլալով` անոնցմէ Տէրոջը հասը վաթսունըմէկ էշ եղաւ. 40Եւ մարդիկը տասնըվեց հազար հոգի ըլլալով` անոնցմէ Տէրոջը հասը երեսունուերկու հոգի եղաւ: 41Եւ Մովսէս Տէրոջը նուիրուած հասը Եղիազար քահանային տուաւ, ինչպէս Տէրը Մովսէսի հրամայեր էր: 42Եւ Իսրայէլի որդիներուն կէս բաժինէն ալ, զոր Մովսէս պատերազմողներէն զատեր էր, Տէրոջը հասը առաւ: 43Եւ ժողովքին կէս բաժինը երեք հարիւր երեսունըեօթը հազար հինգ հարիւր ոչխար, 44Երեսունըվեց հազար արջառ, 45Երեսուն հազար հինգ հարիւր էշ, 46Ու տասնըվեց հազար հոգի էր: 47Եւ Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն կէս բաժինէն, թէ° մարդէն, թէ° անասունէն, յիսունէն մէկը առնելով, Տէրոջը խորանին պահպանութիւնը ընող Ղեւտացիներուն տուաւ, ինչպէս Տէրը Մովսէսի հրամայեր էր: 48Եւ զօրքին հազարաւորներուն վերակացուները, այսինքն հազարապետները ու հարիւրապետները, Մովսէսի մօտեցան. 49Ու Մովսէսի ըսին, Քու ծառաներդ մեր ձեռքին տակ եղող պատերազմողներուն գումարը առինք, ու մեզմէ մարդ մը պակաս չէ: 50Ուստի ամէն մէկս ինչ որ գտանք` Տէրոջը ընծայ բերինք, ոսկիէ զարդեր, շղթաներ, ապարանջաններ, մատնիներ, օղեր ու մանեակներ, որ Տէրոջը առջև մեր հոգիներուն քաւութիւն ընենք: 51Եւ Մովսէս ու Եղիազար քահանան անոնցմէ ոսկին առին, ամէնն ալ բանուած զարդեր էին: 52Եւ հազարապետներէն ու հարիւրապետներէն Տէրոջը մատուցուած ընծային բոլոր ոսկին տասնըվեց հազար եօթը հարիւր յիսուն սիկղ էր: 53Պատերազմողներուն ամէն մէկը իրեն համար կողոպուտ առեր էր: 54Եւ Մովսէս ու Եղիազար քահանան հազարապետներէն ու հարիւրապետներէն ոսկին առին, և ժողովքի խորանը բերին, որպէս զի Տէրոջը առջև Իսրայէլի որդիներուն յիշատակն ըլլայ:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981