Թվոց գիրք
32
Յորդանանի արևելքը գտնուող ցեղերը
1Եւ Ռուբէնի որդիները ու Գադի որդիները խիստ շատ անասուններ ունէին. ուստի Յազերի երկիրը ու Գաղաադու երկիրը տեսնելով, որ ահա այն տեղը անասուն պահելու յարմար տեղ մըն է, 2Գադի որդիները և Ռուբէնի որդիները գացին, ու Մովսէսի, Եղիազար քահանային և ժողովքի իշխաններուն հետ խօսելով` ըսին, 3Ատարովթ, Դեբոն, Յազեր, Նամրա, Եսեբոն, Եղէաղէ, Սեբամա, Նաբաւ ու Բէան, 4Այսինքն Տէրոջը Իսրայէլի ժողովքին առջև զարկած երկիրը, անասուն պահելու յարմար երկիր մըն է, ու քու ծառաներդ անասուններ ունին. 5Եւ ըսին, Եթէ մենք քու առջեւդ շնորհք գտանք, այս երկիրը քու ծառաներուդ կալուածքի համար տրուի. մեզ Յորդանանէ մի անցներ: 6Եւ Մովսէս Գադի որդիներուն և Ռուբէնի որդիներուն ըսաւ, Ձեր եղբայրները պատերազմի երթան, ու դուք այս տեղ նստի՞ք: 7Եւ ինչո՞ւ համար Իսրայէլի որդիներուն սիրտը կը թուլցնէք, որ չանցնին այն երկիրը զոր Տէրը անոնց տուած է: 8Ձեր հայրերն ալ այսպէս ըրին, երբ զանոնք Կադէս-բառնեայէ ղրկեցի երկիրը լրտեսելու համար: 9Քանզի անոնք մինչև Եսքողի ձորը ելան ու երկիրը տեսան, և Իսրայէլի որդիներուն սիրտը թուլցուցին, որպէս զի չմտնեն այն երկիրը զոր Տէրը անոնց տուեր էր: 10Եւ նոյն օրը Տէրոջը բարկութիւնը բորբոքեցաւ, ու երդում ընելով` ըսաւ, 11Եգիպտոսէ ելած մարդիկը, քսան տարեկանէ վեր եղողները, բոլոր սրտով ինծի չհնազանդելնուն համար, բնաւ պիտի չտեսնեն այն երկիրը, որու համար Աբրահամի, Իսահակի ու Յակոբի երդում ըրի տալու. 12Բաց ի Կենեզեան Յեփոնէի որդիէն Քաղէբէ ու Նաւէի որդիէն Յեսուէ, որոնք կատարելապէս Տէրոջը հնազանդ եղան: 13Եւ Տէրոջը բարկութիւնը Իսրայէլի վրայ բորբոքեցաւ, ու զանոնք քառասուն տարի անապատին մէջ պտըտցուց, մինչև որ Տէրոջը առջև չարութիւն ընող ազգը բոլորովին սպառեցաւ: 14Եւ ահա դուք ձեր հայրերուն տեղը ելաք մեղաւոր մարդոց զաւակներու պէս, որպէս զի Տէրոջը սաստիկ բարկութիւնը Իսրայէլի վրայ նորէն աւելցնէք: 15Վասն զի եթէ դուք անկէ խոտորիք, ան ալ նորէն այս ժողովուրդը անապատին մէջ պիտի ձգէ. ու դուք այս բոլոր ժողովուրդին կորուստին պատճառ պիտի ըլլաք: 16Եւ անոնք մօտեցան անոր ու ըսին, Մենք այս տեղ մեր անասուններուն համար փարախներ, ու մեր ընտանիքներուն համար քաղաքներ շինենք. 17Բայց մենք զէնքերնիս առնենք, ու շուտով Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն երթանք, մինչև որ զանոնք իրենց տեղերը տանինք. և մեր ընտանիքը պարսպաւոր քաղաքներու մէջ բնակին երկրիս բնակիչներուն պատճառաւ. 18Ու մինչև որ Իսրայէլի որդիներուն ամէն մէկը իր ժառանգութիւնը չժառանգէ, մենք մեր տուները չդառնանք: 19Իսկ մենք Յորդանանու անդիի կողմը անոնց հետ ժառանգութիւն պիտի չառնենք. վասն զի մեր ժառանգութիւնը Յորդանանու ասդիի կողմը դէպ ի արեւելք ինկած է: 20Եւ Մովսէս ըսաւ անոնց, Եթէ այս բանը ընէք, ու Տէրոջը առջև պատերազմի համար վրանիդ զէնք առնէք, 21Եւ Տէրոջը առջև դուք ամէնդ ալ զէնքերով Յորդանանէ անցնիք, մինչև որ անիկա իր թշնամիները իր առջեւէն վռնտէ, 22Եւ այն երկիրը Տէրոջը առջև նուաճի, անկէ ետև երբ ետ դառնաք, Տէրոջը առջև ու Իսրայէլի առջև անմեղ պիտի ըլլաք. և այս երկիրը Տէրոջը առջև ձեզի կալուածք պիտի ըլլայ: 23Բայց եթէ այսպէս չընէք, ահա Տէրոջը դէմ մեղք գործեցիք. ու գիտցէք որ ձեր մեղքը ձեզ պիտի գտնէ: 24Ձեր ընտանիքներուն համար քաղաքներ, ու ձեր հօտերուն համար փարախներ շինեցէք, ու ձեր բերնէն ելածը ըրէք: 25Եւ Գադի որդիները և Ռուբէնի որդիները խօսեցան Մովսէսի` ըսելով, Ծառաներդ մեր տէրոջը պատուիրածին պէս պիտի ընենք: 26Մեր զաւակները, մեր կիները, մեր հօտերը ու մեր բոլոր անասունները հոս Գաղաադու քաղաքներուն մէջ մնան. 27Բայց ծառաներդ մեր Տէրոջը ըսածին պէս` ամէնս ալ գունդ գունդ պատրաստուինք, ու Տէրոջը առջեւէն անցնինք պատերազմի համար: 28Այն ատեն Մովսէս Եղիազար քահանային ու Նաւէի որդւոյն Յեսուի և Իսրայէլի որդւոցը ցեղերուն նահապետութեանց իշխաններուն այս պատուէրը տուաւ անոնց վրայով. 29Եւ Մովսէս ըսաւ անոնց, Եթէ Գադի որդիները և Ռուբէնի որդիները Տէրոջը առջև ամէնն ալ պատերազմի համար պատրաստուած` ձեզի հետ Յորդանանէ անցնին, ու այն երկիրը ձեր առջև նուաճի, այն ատեն Գաղաադու երկիրը անոնց կալուածք տաք. 30Բայց եթէ պատրաստուած ձեզի հետ չանցնին, անոնց կալուածքը ձեզի հետ Քանանու երկրին մէջ ըլլայ: 31Իսկ Գադի որդիները և Ռուբէնի որդիները պատասխան տուին ու ըսին, Տէրը քու ծառաներուդ ի°նչպէս պատուիրեց` այնպէս պիտի ընենք: 32Մենք զէնքերնիս առած` Տէրոջը առջեւէն Քանանու երկիրը պիտի անցնինք. բայց մեր ժառանգութեան կալուածքը Յորդանանու ասդիի կողմը ըլլայ: 33Ուստի Մովսէս անոնց, այսինքն Գադի որդիներուն և Ռուբէնի որդիներուն և Յովսեփեան Մանասէի կէս ցեղին, տուաւ Ամօրհացւոց Սեհոն թագաւորին թագաւորութիւնը, ու Բասանի Ովգ թագաւորին թագաւորութիւնը, երկիրը իր քաղաքներովը ու երկրին քաղաքներուն բոլորտիքը եղած սահմաններովը: 34Եւ Գադի որդիները պարսպաւոր քաղաքներ շինեցին, այսինքն Դեբոնը, Ատարովթը ու Արոէրը, 35Եւ Ատրօթ-սովփանը, Յազերը ու Յօգբէհան, 36Եւ Բեթնամրան ու Բեթարանը, և հօտերու փարախներ ալ շինեցին: 37Ռուբէնի որդիներն ալ Եսեբոնը, Եղէաղէն ու Կարիաթեմը շինեցին. 38Ու Նաբաւը և Բէէլմօնը, (որոնց անունները փոխեցին,) ու Սեբաման. ու իրենց շինած քաղաքներուն իրենց անունները* դրին: 39Եւ Մանասեան Մաքիրի որդիները Գաղաադ գացին, ու առին զանիկա, և անոր մէջ բնակող Ամօրհացիները վռնտեցին: 40Եւ Մովսէս Գաղաադը տուաւ Մանասեան Մաքիրի, որ հոն բնակեցաւ: 41Ու Մանասեան Յայիր գնաց անոնց գիւղաքաղաքները առաւ, ու զանոնք Հաւօթ յայիր անուանեց: 42Եւ Նոբահ գնաց, ու Կանաթը ու անոր գեղերը առաւ, և զանիկա իր անունովը Նոբահ կոչեց:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981