Թվոց գիրք
33
Եգիպտոսէն Մովաբ ճամբորդութիւնը
1Մովսէսի ու Ահարոնի ձեռքով Եգիպտոսի երկրէն իրենց զօրքերովը ելլող Իսրայէլի որդիներուն իջեւանները ասոնք են: 2Եւ Մովսէս Տէրոջը հրամանովը անոնց իջեւաններուն համեմատ անոնց գնացքները գրեց. ու անոնց գնացքներուն համեմատ անոնց իջեւանները ասոնք են: 3Առաջին ամսուն մէջ, այսինքն առաջին ամսուն հնգետասաներորդ օրը, Ռամսէսէ չուեցին. զատկին հետեւեալ օրը Իսրայէլի որդիները բարձր ձեռքով ելան բոլոր Եգիպտացւոց աչքերուն առջև. 4Ու Եգիպտացիք իրենց մեռելները կը թաղէին, քանզի Տէրը անոնց բոլոր անդրանիկները ջարդեց. և Տէրը անոնց աստուածներուն վրայ դատաստան ըրաւ: 5Եւ Իսրայէլի որդիները Ռամսէսէ չուելով` Սոկքովթ իջեւան ըրին: 6Ու Սոկքովթէ չուելով` անապատին ծայրը եղած Ոթոմը իջեւան ըրին: 7Եւ Ոթոմէ չուելով` դէպ ի Փիաիրօթ դարձան, որ Բէեղսեփոնի դիմացն է, ու Մագդողի առջև իջեւան ըրին: 8Եւ Փիաիրօթի առջեւէն չուելով, ու ծովուն մէջէն անցնելով` անապատը եկան, և Ոթոմի անապատին մէջ երեք օրուան ճամբայ քալելով` Մեռա իջեւան ըրին: 9Եւ Մեռայէ չուելով` Եղիմ եկան. ու Եղիմի մէջ տասուերկու ջուրի աղբիւր ու եօթանասուն արմաւենի կային. ու հոն իջեւան ըրին: 10Եւ Եղիմէ չուելով` Կարմիր ծովուն քով իջեւան ըրին: 11Եւ Կարմիր ծովէն չուելով` Սին անապատը իջեւան ըրին: 12Եւ Սին անապատէն չուելով` Դափկա իջեւան ըրին: 13Եւ Դափկայէ չուելով` Եղուս իջեւան ըրին: 14Ու Եղուսէ չուելով` Ռափիդիմ իջեւան ըրին. ու հոն ժողովուրդին համար խմելու ջուր չկար: 15Եւ Ռափիդիմէ չուելով` Սինայի անապատը իջեւան ըրին: 16Ու Սինայի անապատէն չուելով` Կիբրօթ-հաթթավա իջեւան ըրին: 17Եւ Կիբրօթ-հաթթավայէ չուելով` Ասերովթ իջեւան ըրին: 18Ու Ասերովթէ չուելով` Ռաթամա իջեւան ըրին: 19Եւ Ռաթամայէ չուելով` Ռեմօն-փարէս իջեւան ըրին: 20Ու Ռեմօն-փարէսէ չուելով` Լեբնա իջեւան ըրին: 21Եւ Լեբնայէ չուելով` Ռէսսա իջեւան ըրին: 22Ու Ռէսսայէ չուելով` Կէէլաթա իջեւան ըրին: 23Եւ Կէէլաթայէ չուելով` Սօփար լեռը իջեւան ըրին: 24Ու Սօփար լեռնէն չուելով` Քարադա իջեւան ըրին: 25Եւ Քարադայէ չուելով` Մակեղօթ իջեւան ըրին: 26Ու Մակեղօթէ չուելով` Թաաթ իջեւան ըրին: 27Եւ Թաաթէ չուելով` Թարա իջեւան ըրին: 28Ու Թարայէ չուելով` Մատեկա իջեւան ըրին: 29Եւ Մատեկայէ չուելով` Հասմօնա իջեւան ըրին: 30Ու Հասմօնայէ չուելով` Մօսերօթ իջեւան ըրին: 31Եւ Մօսերօթէ չուելով` Բանէ-յական իջեւան ըրին: 32Ու Բանէ-յականէ չուելով` Հօրգադգադ իջեւան ըրին: 33Ու Հօրգադգադէ չուելով` Ետեբաթա իջեւան ըրին: 34Եւ Ետեբաթայէ չուելով` Եբրօնա իջեւան ըրին: 35Ու Եբրօնայէ չուելով` Գասիոն-գաբեր իջեւան ըրին: 36Եւ Գասիոն-գաբերէ չուելով` Սին անապատը, այսինքն Կադէս, իջեւան ըրին: 37Եւ Կադէսէ չուելով` Հովր լեռը իջեւան ըրին, որ Եդովմի երկրին ծայրն է: 38Ու Ահարոն քահանան Տէրոջը հրամանովը Հովր լեռը ելաւ, և հոն մեռաւ, Իսրայէլի որդիներուն Եգիպտոսի երկրէն ելլելուն քառասներորդ տարին` հինգերորդ ամսուն առաջին օրը: 39Եւ Ահարոն Հովր լեռանը վրայ մեռած ատեն հարիւր քսանուիրեք տարեկան էր: 40Եւ Քանանու երկրին հարաւային կողմը բնակող Արադի Քանանիս թագաւորը Իսրայէլի որդիներուն գալը լսեց: 41Եւ Հովր լեռնէն չուելով` Սելմօնա իջեւան ըրին: 42Ու Սելմօնայէ չուելով` Փունոն իջեւան ըրին: 43Ու Փունոնէ չուելով` Ոբովթ իջեւան ըրին: 44Եւ Ոբովթէ չուելով` Մովաբի սահմանին մէջ եղող Իյէ-աբարիմ իջեւան ըրին: 45Եւ Իյէ-աբարիմէ չուելով` Դեբոն-գադ իջեւան ըրին: 46Ու Դեբոն-գադէ չուելով` Գելմոն-դէբլաթէմ իջեւան ըրին: 47Ու Գելմոն-դէբլաթէմէ չուելով` Նաբաւի առջև Աբարիմի լեռները իջեւան ըրին: 48Եւ Աբարիմի լեռներէն չուելով` Երիքովի դիմաց Յորդանանու մօտ Մովաբի դաշտերուն մէջ իջեւան ըրին: 49Ուստի անոնք Յորդանանու մօտ Մովաբի դաշտերուն մէջ իջևան ըրին, Բեթեսիմօթէ մինչև Աբէլսատիմ:
Պատուէրներ Յորդանանէն անցնելէ առաջ
50Եւ Տէրը Մովաբի դաշտերուն մէջ Երիքովի դիմաց Յորդանանու մօտ խօսեցաւ Մովսէսի` ըսելով, 51Իսրայէլի որդիներուն խօսէ ու անոնց ըսէ, Երբ Յորդանանէ Քանանացւոց երկիրը անցնիք, 52Այն երկրին բոլոր բնակիչները ձեր առջեւէն վռնտէք, ու անոնց բոլոր պատկերաւոր կոթողները կործանէք, և անոնց բոլոր թափծու կուռքերը կործանէք, ու անոնց բոլոր բարձր տեղերը փլցնէք: 53Եւ այն երկիրը ձեր իշխանութեանը տակ անցնելով` անոր մէջ բնակիք. քանզի այն երկիրը ձեզի տուի որպէս զի ժառանգէք: 54Եւ այն երկիրը վիճակով ժառանգէք ձեր տոհմերուն համեմատ. շատուոր եղողին ժառանգութիւնը շատ պիտի տաք, ու քիչուոր եղողին ժառանգութիւնը քիչ պիտի տաք. տեղի մը վիճակը որու որ ելլէ, անոր ըլլայ կալուածքը. ձեր հայրերուն ցեղերուն համեմատ ժառանգէք: 55Բայց եթէ այն երկրին բնակիչները ձեր առջեւէն չվռնտէք, այն ատեն անոնցմէ ողջ թողուցածնիդ ձեր աչքերուն փուշեր ու ձեր կողերուն տատասկներ պիտի ըլլան. ու ձեր բնակած երկրին մէջ ձեզի թշնամութիւն պիտի ընեն: 56Եւ պիտի ըլլայ որ ինչ որ անոնց ընելու մտածեր էի, նոյնը պիտի ընեմ ձեզի: