Թվոց գիրք
34
Երկրին սահմանները
1Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով, 2Իսրայէլի որդիներուն պատուիրես ու անոնց ըսես, Երբ դուք Քանանու երկիրը մտնէք, ձեզի ժառանգութիւն իյնալու երկիրը այս պիտի ըլլայ, Քանանու երկիրը իր սահմաններովը. 3Եւ ձեր հարաւային սահմանը Սին անապատէն մինչև Եդովմ ըլլայ, և ձեր հարաւային սահմանը արեւելքէն` Աղի ծովուն ծայրէն սկսի. 4Ու ձեր հարաւային սահմանը Ակ-րաբիմի զառ ի վերը պտըտելով մինչև Սին հասնի, ու անկէ ելլելով Կադէս-բառնեայի հարաւային կողմը երթայ, ու Ասար-ադդարէ ելլելով Ասեմոն հասնի. 5Եւ Ասեմոնէ մինչև Եգիպտոսի հեղեղատը պտըտելով` ծովուն մէջ լմննայ սահմանը: 6Իսկ ձեր արեւմտեան սահմանը մեծ ծովն ըլլայ. ձեզի արեւմտեան սահման այն ըլլայ: 7Եւ ձեր հիւսիսային կողմի սահմանը այս ըլլայ. մեծ ծովէն մինչև Հովր լեռը նշանակէք. 8Հովր լեռնէն մինչև Եմաթ նշանակէք, ու անկէ սահմանը մինչև Սեդադ հասնի. 9Եւ այն սահմանը մինչև Զեփրոն ելլէ, ու Ասար-ենանի մէջ լմննայ. ձեր հիւսիսային սահմանը այս ըլլայ: 10Եւ ձեր արեւելեան սահմանին համար Ասար-ենանէ մինչև Սեփամ նշանակէք. 11Ու այս սահմանը Այինի արեւելեան կողմէն` Սեփամէ Ռեբղա իջնէ. ու այս սահմանը արեւելքի կողմէն իջնելով` մինչև Քեներեթի ծովուն եզերքը հասնի. 12Եւ այս սահմանը Յորդանան իջնէ, ու Աղի ծովուն մէջ վերջանայ: Երկիրը իր շրջակայ սահմաններովը ձեզի այս ըլլայ: 13Եւ Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն պատուիրեց ու ըսաւ, Ասիկա է այն երկիրը զոր դուք վիճակով պիտի ժառանգէք, ինչպէս Տէրը հրամայեց ինն ու կէս ցեղի տալու զանիկա. 14Քանզի Ռուբէնի որդիներուն ցեղը իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, ու Գադի որդիներուն ցեղը իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, և Մանասէի կէս ցեղը իրենց ժառանգութիւնը առին: 15Այս երկուք ու կէս ցեղը իրենց ժառանգութիւնը առին Երիքովի դիմաց Յորդանանու ասդիի կողմը դէպ ի արեւելք:
Երկրին բաժանման պատասխանատուներուն անունները
16Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի` ըսելով, 17Ասոնք են այն մարդոց անունները՝ որոնք երկիրը ժառանգութեան համար ձեզի պիտի բաժնեն. Եղիազար քահանան ու Նաւէի որդին Յեսու. 18Եւ ամէն ցեղէն ալ մէյմէկ իշխան առնէք, այն երկիրը ժառանգութեան բաժնելու: 19Եւ այն մարդոց անունները ասոնք են. Յուդայի ցեղէն Յեփոնէի որդին Քաղէբ, 20Շմաւոնի որդիներուն ցեղէն Ամիուդի որդին Սամուէլ, 21Բենիամինի ցեղէն Քասղօնի որդին Ելդադ, 22Դանի որդիներուն ցեղէն իշխան` Եգղիի որդին Բոկկի, 23Յովսէփի որդիներէն Մանասէի որդիներուն ցեղէն իշխան` Եփօտի որդին Անիէլ, 24Ու Եփրեմի որդիներուն ցեղէն իշխան` Սափաթանի որդին Կամուէլ, 25Եւ Զաբուղոնի որդիներուն ցեղէն իշխան` Փառնակի որդին Եղիսափան, 26Եւ Իսաքարի որդիներուն ցեղէն իշխան` Ազանի որդին Փաղտիէլ, 27Ու Ասերի որդիներուն ցեղէն իշխան` Սելօմիի որդին Աքիուդ, 28Ու Նեփթաղիմի որդիներուն ցեղէն իշխան` Ամիուդի որդին Փադայէլ: 29Ասոնք են այն մարդիկը` որոնց Տէրը հրամայեց որ Քանանու երկրին մէջ Իսրայէլի որդիներուն ժառանգութիւն բաժնեն:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981