Թվոց գիրք
35
Ղեւտացիներուն յատկացուած քաղաքները
1Եւ Տէրը Մովաբի դաշտերուն մէջ Երիքովի դիմաց Յորդանանու մօտ խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով, 2Պատուիրէ Իսրայէլի որդիներուն, որ իրենց ժառանգութեան կալուածքէն Ղեւտացւոց բնակելու քաղաքներ տան. նաև քաղաքներուն բոլորտիքը եղած արուարձանները Ղեւտացւոց տաք: 3Եւ քաղաքները բնակութեան համար ըլլան անոնց, ու արուարձանները անոնց արջառներուն, հօտերուն ու բոլոր անասուններուն համար ըլլան: 4Ու Ղեւտացւոց տալու քաղաքներնուդ արուարձանները քաղաքին պարիսպէն դուրս շուրջանակի հազարական կանգուն ընդարձակութիւն ունենան: 5Ուստի քաղաքին դուրսը արեւելեան կողմէն երկու հազար կանգուն, հարաւային կողմէն երկու հազար կանգուն, արեւմտեան կողմէն երկու հազար կանգուն, ու հիւսիսային կողմէն երկու հազար կանգուն չափէք. և քաղաքը մէջտեղը պիտի ըլլայ. անոնց քաղաքներուն արուարձանները այսպէս ըլլան: 6Եւ ձեր Ղեւտացւոց տալու քաղաքներէն վեցը ապաստանի քաղաք ըլլալու որոշէք, որպէս զի սպաննողը հոն փախչի. ու ասոնցմէ զատ քառասունուերկու քաղաք տաք: 7Ղեւտացւոց տալու քաղաքներնուդ ամէնը քառասունըութ քաղաք ըլլայ. զանոնք իրենց արուարձաններովը տաք: 8Եւ այն քաղաքները զորոնք Իսրայէլի որդիներուն կալուածքէն պիտի տաք, շատուոր եղողէն շատ` ու քիչուոր եղողէն քիչ առնէք. ամէն մէկը իր առած ժառանգութեանը չափովը իր քաղաքներէն Ղեւտացւոց պիտի տայ:
Ապաստանի քաղաքներ
9Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի` ըսելով, 10Իսրայէլի որդիներուն խօսիս ու անոնց ըսես, Երբ Յորդանանէ Քանանու երկիրը անցնիք, 11Ձեզի քաղաքներ որոշէք, որոնք ապաստանի քաղաքներ ըլլան ձեզի, որպէս զի սխալմամբ մարդ զարնող սպաննողը հոն փախչի: 12Եւ այն քաղաքները ձեզի ապաստանարան ըլլան արեան վրէժխնդիր եղողէն, ու սպաննողը դատաստանի համար ժողովքին առջև չերեւցած չմեռնի: 13Եւ ձեր տալու քաղաքներէն վեցը ձեզի ապաստանի քաղաք ըլլան: 14Քաղաքներէն երեքը Յորդանանու ասդիի կողմը տաք, ու քաղաքներէն երեքը Քանանու երկրին մէջ տաք, և անոնք ապաստանի քաղաքներ ըլլան: 15Այս վեց քաղաքները Իսրայէլի որդիներուն ու օտարականին և ձեր մէջ բնակող պանդուխտին ապաստանարան ըլլան, և ով որ սխալմամբ մարդ մեռցնէ` հոն փախչի: 16Իսկ եթէ մարդ մը երկաթէ գործիքով մէկը զարնէ մեռցնէ, անիկա մարդասպան է. մարդասպանը անպատճառ պիտի մեռցուի: 17Կամ եթէ մահառիթ բռնաքարով մը մէկուն զարնէ` որ մեռնի, անիկա մարդասպան է. մարդասպանը անպատճառ պիտի մեռցուի: 18Կամ եթէ ձեռքով գործածուելու փայտեղէն մահառիթ գործիքով մը զարնէ` որ մեռնի, անիկա մարդասպան է. մարդասպանը անպատճառ պիտի մեռցուի. 19Արեան վրէժխնդիրը պիտի մեռցնէ մարդասպանը. երբ անոր հանդիպի` թող մեռցնէ զանիկա: 20Կամ եթէ թշնամութեամբ հրէ մէկը, ու նենգութեամբ վրան բան մը նետելով` զանիկա մեռցնելու ըլլայ, 21Կամ թէ թշնամութեան պատճառաւ ձեռքովը զարնէ անոր` որ մեռնի, զարնողը անպատճառ մեռցուի. անիկա մարդասպան է. արեան վրէժխնդիրը երբ մարդասպանին հանդիպի` զանիկա մեռցնէ: 22Բայց եթէ յանկարծ ու առանց թշնամութեան հրէ, կամ թէ առանց նենգութեան անոր վրայ գործիք մը նետէ, 23Կամ թէ առանց տեսնելու անոր վրայ ինչեւիցէ մահառիթ քար մը ձգէ` որ մեռնի. և անիկա անոր թշնամին չէր, ու անոր չարիքը չէր ուզեր, 24Այն ատեն ժողովքը սպաննողին ու արեան վրէժխնդրին մէջտեղ այս օրէնքներուն համեմատ դատաստան ընէ: 25Եւ ժողովքը պիտի ազատէ սպաննողը արեան վրէժխնդրին ձեռքէն, ու ժողովքը զանիկա նորէն իր ապաւինած ապաստանի քաղաքը դարձնէ. ու անիկա հոն պիտի բնակի, մինչև որ սուրբ իւղով օծուած քահանայապետը մեռնի: 26Բայց եթէ սպաննողը իր ապաւինած ապաստանի քաղաքին սահմանէն երբէք դուրս ելլէ, 27Ու արեան վրէժխնդիրը զանիկա իր ապաստանի քաղաքին սահմանէն դուրս գտնէ, և արեան վրէժխնդիրը սպաննողը մեռցնելու ըլլայ, մահապարտ չսեպուի. 28Քանզի անիկա իր ապաստանի քաղաքը նստելու էր, մինչև որ քահանայապետը մեռնէր. բայց քահանայապետին մեռնելէն ետքը սպաննողը իր կալուածքին երկիրը դառնայ: 29Ասոնք ձեզի դատաստանի կանոններ ըլլան ձեր ազգերուն մէջ ու ձեր բոլոր բնակութիւններուն մէջ: 30Ով որ մարդ կը մեռցնէ, սպաննողը վկաներուն բերնով մեռցուի. բայց մարդ մը մեռցնելու համար` միայն մէկ վկայի վկայութիւնը բաւական չըլլայ: 31Եւ մահապարտ սպաննողին կեանքին համար փրկանք չառնէք. քանզի անիկա անպատճառ մեռցուելու է: 32Ու ապաստանի քաղաքը փախչողին համար փրկանք չառնէք, որպէս զի անիկա իր քաղաքը դառնայ նստի քահանայապետին մահէն առաջ: 33Ուստի ձեր բնակած երկիրը չպղծէք, քանզի արիւնը կը պղծէ երկիրը. ու անոր մէջ թափուած արիւնին համար երկրին ուրիշ բանով մը քավութիւն չըլլար, բայց եթէ` զանիկա թափողին արիւնովը: 34Ուրեմն ձեր բնակած երկիրը չպղծէք, որուն մէջտեղը ես պիտի բնակիմ. քանզի ես Տէրս կը բնակիմ Իսրայէլի որդիներուն մէջ:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981