Թվոց գիրք

36

Ամուսնացած կիներուն ժառանգութիւնը

1Եւ Յովսէփի որդիներուն տոհմերէն Մանասէի որդւոյն Մաքիրի որդւոյն Գաղաադու որդիներուն տոհմին իշխանները մօտեցան, ու Մովսէսի առջև և Իսրայէլի որդիներուն նահապետութեանց իշխաններուն առջև խօսեցան, 2Ու ըսին, Տէրը մեր տէրոջ հրամայեց, որ երկիրը Իսրայէլի որդիներուն վիճակով ժառանգութիւն տայ. ու Տէրը մեր տէրոջ հրամայեց, որ մեր եղբօրը Սալպաադի ժառանգութիւնը անոր աղջիկներուն տայ: 3Արդ եթէ անոնք Իսրայէլի որդիներուն ուրիշ ցեղի մը որդւոց ըլլան, անոնց ժառանգութիւնը մեր հայրերուն ժառանգութենէն պիտի վերնայ. ու ո°ր ցեղի մարդոց որ կին ըլլան, այն ցեղին ժառանգութեանը պիտի խառնուի, ու մեր ժառանգութեան վիճակէն պիտի վերնայ: 4Եւ Իսրայէլի որդիներուն Յոբելեան տարին` անոնց ժառանգութիւնը իրենց այրերուն ցեղին ժառանգութեանը պիտի խառնուի. ու այս կերպով անոնց ժառանգութիւնը մեր հայրերուն ցեղին ժառանգութենէն պիտի վերնայ: 5Եւ Տէրոջը հրամանով Իսրայէլի որդիներուն պատուիրեց ու ըսաւ, Յովսէփի որդիներուն ցեղը շիտակ կը խօսի: 6Սալպաադի աղջիկներուն վրայով Տէրոջը հրամայած ու ըսած խօսքը այս է. Որոնց որ կը հաճին անոնք, թող անոնց կին ըլլան, միայն թէ իրենց հօրը ցեղէն եղողներուն կին ըլլան. 7Որպէս զի Իսրայէլի որդիներուն ժառանգութիւնը մէկ ցեղէ ուրիշ ցեղ չանցնի. քանզի Իսրայէլի որդիներուն ամէնն ալ իրենց հայրերուն ցեղին ժառանգութեանը պիտի յարին: 8Եւ ամէն աղջիկ` որ Իսրայէլի որդւոց ցեղերուն մէջ կալուածքի մը ժառանգ կ’ըլլայ, իր հօրը ցեղէն եղող մէկուն կին ըլլայ, որպէս զի Իսրայէլի որդիներուն ամէն մէկը իր հայրերուն ժառանգութիւնը ժառանգէ. 9Եւ ժառանգութիւնը մէկ ցեղէ ուրիշ ցեղ չանցնի, բայց Իսրայէլի որդւոց ցեղերուն ամէն մէկը իր ժառանգութեանը յարի: 10Եւ Տէրը Մովսէսի ինչպէս հրամայեց, Սալպաադի աղջիկները այնպէս ըրին: 11Քանզի Սալպաադի աղջիկները, Մաալա, Թերսա, Էգղա, Մեղքա ու Նուա, իրենց հօրեղբօրորդիներուն հետ ամուսնացան: 12Այսպէս Յովսեփեան Մանասէի որդիներուն տոհմերէն եղողներու կին եղան, ու անոնց ժառանգութիւնը իրենց հօրը ցեղին և ազգատոհմին մէջ մնաց: 13Ասոնք են այն պատուիրանքները ու դատաստանները, զորոնք Տէրը Մովաբի դաշտերուն մէջ Երիքովի դիմաց Յորդանանու մօտ` Մովսէսի ձեռքով Իսրայէլի որդիներուն պատուիրեց:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981