Թվոց գիրք

4

Ղեւիի որդիներէն Կահաթին պարտականութիւնները

1Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի ու Ահարոնի` ըսելով, 2Ղեւիի որդիներուն մէջէն Կահաթի որդիներուն գումարը առ, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ: 3Երեսուն տարեկանէ վեր մինչև յիսուն տարեկանը, ժողովքի խորանին մէջ ծառայութիւն ընելու համար գունդին մէջ ամէն մտնողը համրես: 4Ժողովքի խորանին մէջ Կահաթի որդիներուն պաշտօնը ամենասուրբ բաները պիտի ըլլան: 5Եւ երբ բանակը չուելու ըլլայ, ու անոր որդիները պիտի գան, ու ծածկոցին վարագոյրը իջեցնեն, և անով վկայութեան տապանակը ծածկեն: 6Եւ թէհաշի մորթերէ ծածկոցը անոր վրայ պիտի դնեն, ու անոր վրայ բոլորովին կապուտակ լաթ մը տարածեն, և անոր ձողերը պիտի անցնեն: 7Եւ առաջաւորութեան սեղանին վրայ կապուտակ լաթ մը տարածեն, ու անոր վրայ սկուտեղները և խնկամանները ու գաւաթները և թափելու նուէր մատուցանելու բաժակները դնեն, ու հանապազօրեայ հացերը անոր վրայ պիտի ըլլան. 8Եւ անոնց վրայ կրկնակի կարմիրէ լաթ մը տարածեն, ու թէհաշի մորթերէ ծածկոցով ծածկեն զայն. և անոր ձողերը անցնեն: 9Եւ կապուտակէ լաթ մը առնեն, ու ծածկեն լոյսի աշտանակը և անոր ճրագները ու անոր ունելիները և բազմակալները ու անոր բոլոր իւղի ամանները, որոնցմով կը ծառայեն անոր: 10Եւ զանիկա իր ամէն գործիքներովը թէհաշի մորթերէ ծածկոցի մը մէջ դնեն, ու լծակի մը վրայ դնեն զայն: 11Եւ սեղանին վրայ կապուտակ լաթ մը տարածեն, ու թէհաշի մորթերէ ծածկոցով մը ծածկեն զայն. և անոր ձողերը անցնեն: 12Եւ սրբարանին պաշտօնին գործածուած բոլոր գործիքները պիտի առնեն, ու կապուտակ լաթի մը մէջ փաթթեն, և թէհաշի մորթերէ ծածկոցով ծածկեն զանիկա, ու լծակի մը վրայ դնեն: 13Եւ ողջակէզի սեղանէն մոխիրները հանելով` անոր վրայ ծիրանեգոյն լաթ տարածեն, 14Եւ անոր վրայ պաշտօնին համար գործածուած անոր բոլոր գործիքները, այսինքն կրակի ամանները, մսահանները ու թիակները և կոնքերը (սեղանին բոլոր գործիքները) այն լաթին վրայ դնեն, ու անոր վրայ թէհաշի մորթերէ ծածկոց մը տարածեն. և անոր ձողերը անցնեն: 15Եւ Ահարոն ու անոր որդիները բանակին չուած ատենը` սրբարանը ու սրբարանին բոլոր կարասիները ծածկելը լմնցնեն. ու ետքը Կահաթի որդիները զանոնք վերցնելու գան. բայց սուրբ բաներու չդպչին, որպէս զի չմեռնին. Կահաթի որդիներուն բեռները ասոնք պիտի ըլլան ժողովքի խորանին մէջ: 16Եւ Ահարոն քահանային որդին Եղիազար լոյսի իւղին ու անուշահոտ խունկին և հանապազօրեայ հացի ընծային ու օծման իւղին վրայ վերակացու պիտի ըլլայ. և բոլոր խորանին ու անոր մէջի ամէն բաներուն, սրբարանին ու անոր կարասիներուն վրայ վերակացու ըլլայ: 17Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի ու Ահարոնի` ըսելով, 18Ղեւտացւոց մէջէն Կահաթեանց տոհմերուն ցեղը մի կորսնցնէք. 19Բայց անոնց այսպէս ըրէք որ ամենասուրբ բաներուն մօտեցած ատեննին ողջ մնան ու չմեռնին. Ահարոն ու իր որդիները գան, ու անոնց ամէն մէկուն իր պաշտօնը ու իր բեռը որոշեն: 20Ու երբ սուրբ բաները կը ծածկեն, անոնք տեսնելու համար ներս չմտնեն, որպէս զի չմեռնին:

Ղեւիի որդիներէն Գերսոնին պարտականութիւնները

21Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի` ըսելով, 22Նաև Գերսոնի որդիներուն գումարը առ, իրենց հայրերուն տուներուն ու իրենց տոհմերուն համեմատ. 23Երեսուն տարեկանէ վեր մինչև յիսուն տարեկանը` ժողովքի խորանին մէջ ծառայութիւն ընելու համար գունդին մէջ ամէն մտնողները պիտի համրես: 24Գերսոնեանց տոհմերուն ծառայելու ու բեռ վերցնելու պաշտօնը այս է. 25Անոնք պիտի վերցնեն խորանին վարագոյրները ու ժողովքի խորանը, անոր ծածկոցը ու անոր վրայի թէհաշի ծածկոցը, և ժողովքի խորանին դրանը վարագոյրը. 26Եւ խորանին ու սեղանին բոլորտիքը եղած սրահին վարագոյրները ու սրահը մտնելու դրան վարագոյրը ու անոնց չուանները և անոնց պաշտօնին բոլոր գործիքները պիտի վերցնեն. ու ասոնց հարկաւոր եղած բոլոր սպասաւորութիւնները պիտի ընեն: 27Գերսոնեանց որդիներուն բոլոր պաշտօնը, իրենց ամէն բեռներուն ու իրենց ամէն պաշտօններուն համար, Ահարոնի ու անոր որդիներուն հրամանովը պիտի ըլլայ. և անոնց բոլոր բեռները անոնց պահպանութեանը յանձնէք: 28Գերսոնեանց որդւոցը տոհմերուն պաշտօնը այս պիտի ըլլայ ժողովքի խորանին մէջ. և անոնց պահպանութիւնը Ահարոն քահանային որդւոյն Իթամարի ձեռքին տակ պիտի ըլլայ:

Ղեւիի որդիներէն Մերարիին պարտականութիւնները

29Մերարիի որդիներն ալ համրես, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ. 30Երեսուն տարեկանէ վեր մինչև յիսուն տարեկանը` ժողովքի խորանին ծառայութիւնը ընելու համար գունդին մէջ ամէն մտնողները համրես: 31Եւ ժողովքի խորանին մէջ անոնց ամէն պաշտօններուն համեմատ` անոնց յանձնուած բեռները ասոնք են. խորանին տախտակները, ու անոր նիգերը, և անոր սիւները և խարիսխները, 32Եւ շուրջանակի սրահին սիւները, ու անոնց խարիսխները և ցիցերը ու չուանները` անոնց ամէն գործիքներովը և անոնց ամէն պաշտօնովը. անոնց պահպանութեան բեռները եղած գործիքները անուններովը պիտի յանձնէք անոնց: 33Այս է Մերարիի որդւոցը տոհմերուն պաշտօնը ժողովքի խորանին մէջ, իրենց բոլոր պաշտօններուն համեմատ, Ահարոն քահանային որդւոյն Իթամարի ձեռքին տակ:

Ղեւտացիներուն մարդահամարը

34Եւ ու Ահարոն և ժողովքին իշխանները համրեցին Կահաթեանց որդիները անոնց տոհմերուն ու անոնց հայրերուն տուներուն համեմատ, 35Երեսուն տարեկանէ վեր մինչև յիսուն տարեկանը` ժողովքի խորանին մէջ ծառայութիւն ընելու համար գունդին մէջ ամէն մտնողները. 36Ու անոնց համրուածները իրենց տոհմերովը երկու հազար եօթը հարիւր յիսուն էին: 37Ասոնք են ժողովքի խորանին բոլոր ծառայութիւնը ընող Կահաթեանց տոհմերուն համրուածները, զորոնք Մովսէս ու Ահարոն համրեցին, ինչպէս Տէրը Մովսէսի ձեռքով պատուիրեր էր: 38Եւ Գերսոնի որդիներուն համրուածները իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, 39Երեսուն տարեկանէ վեր մինչև յիսուն տարեկանը` ժողովքի խորանին մէջ ծառայութիւն ընելու համար գունդին մէջ ամէն մտնողները համրուեցան: 40Եւ անոնց համրուածները իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ երկու հազար վեց հարիւր երեսուն հոգի էին: 41Ասոնք են ժողովքի խորանին մէջ բոլոր ծառայութիւն ընող Գերսոնի որդիներուն տոհմերէն համրուածները, զորոնք Մովսէս ու Ահարոն համրեցին Տէրոջը պատուիրածին պէս: 42Եւ Մերարիի որդւոց տոհմերուն համրուածները իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, 43Երեսուն տարեկանէ վեր մինչև յիսուն տարեկանը` ժողովքի խորանին մէջ ծառայութիւն ընելու համար գունդին մէջ ամէն մտնողները համրուեցան: 44Եւ անոնց համրուածները իրենց տոհմերովը երեք հազար երկու հարիւր հոգի էին: 45Ասոնք են Մերարիի որդւոց տոհմերուն համրուածները, զորոնք Մովսէս ու Ահարոն համրեցին, ինչպէս Տէրը պատուիրեր էր Մովսէսի ձեռքով: 46Ղեւտացւոց բոլոր համրուածները` զորոնք Մովսէս ու Ահարոն և Իսրայէլի իշխանները համրեցին իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, 47Երեսուն տարեկանէ վեր մինչև յիսուն տարեկանը` ժողովքի խորանին մէջ պաշտօնը ու բեռ կրելու ծառայութիւնը ընելու ամէն մտնողները, 48Այսինքն անոնց համրուածները ութ հազար հինգ հարիւր ութսուն հոգի էին: 49Անոնք Տէրոջը պատուիրածին պէս համրուեցան Մովսէսի ձեռքով, ամէն մէկը իր պաշտօնին ու իր բեռին նայելով. այսպէս համրուեցան անոնք, ինչպէս Տէրը պատուիրեց Մովսէսի:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981