Թվոց գիրք

5

Անմաքուր մարդիկ

1Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի` ըսելով, 2Հրաման ըրէ Իսրայէլի որդիներուն որ բանակէն դուրս ձգեն ամէն բորոտը, և ամէն ծորում ունեցողը, ու մեռելէ մը ամէն եղողը: 3Արուն ալ էգն ալ դուրս ձգեցէք. բանակէն դուրս պիտի ձգէք զանոնք, որպէս զի չպղծեն իրենց բանակները` որոնց մէջտեղը ես կը բնակիմ: 4Եւ Իսրայէլի որդիները այնպէս ըրին, ու բանակէն դուրս ձգեցին զանոնք. ինչպէս Տէրը Մովսէսի խօսեցաւ, այնպէս ըրին Իսրայէլի որդիները:

Սխալներու հատուցում

5Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի` ըսելով, Խօսէ Իսրայէլի որդիներուն, 6Երբ մարդ մը կամ մը մարդոց ամէն մեղքերէն մէկը գործելով` Տէրոջը դէմ մեղանչէ, ու այդ անձը յանցաւոր ըլլայ, 7Այն ատեն իր ըրած մեղքը պիտի խոստովանի, և անիկա իր ըրած վնասը լման պիտի հատուցանէ, ու անոր վրայ հինգերորդ մաս մը ավելցնէ. ու զանիկա վնասը քաշողին պիտի տայ: 8Եւ եթէ այն վնաս քաշող մարդուն մէկ ազգականն ալ չըլլայ, որու այս վնասը հատուցուի, այն ատեն եղած վնասը Տէրոջը հատուցուելով, քահանային պիտի ըլլայ բաց ի քաւութեան խոյէն, որով այն յանցաւոր մարդուն համար քաւութիւն պիտի ըլլայ: 9Եւ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր սուրբ բաներուն ամէն ընծան զոր կը բերեն քահանային, անոր պիտի ըլլայ: 10Եւ ամէն մէկուն սուրբ բաները անոր պիտի ըլլան. ամէն մարդ ինչ որ տայ քահանային, անոր ըլլայ:

Կասկածոտ ամուսիններու կիներու պարագաներ

11Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով, 12Խօսէ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ անոնց, Եթէ մարդու մը կինը խոտորի ու անոր անհաւատարմութիւն ընէ, 13Եւ մէկը անոր հետ պառկելով զուգաւորի, ու անոր այրը տեսած չըլլալով բանը գաղտուկ մնայ, և անոր պղծուած ատենը տեսնող մը չըլլայ, ու կինը չբռնուի, 14Եւ էրկանը վրայ նախանձաւորութեան գալով` իր կնոջ պղծուելուն համար նախանձի, կամ կինը պղծուած չըլլալով էրկանը վրայ նախանձաւորութեանը ոգի գայ ու նախանձի, 15Այն ատեն այն մարդը իր կինը քահանային պիտի բերէ, և անոր ընծային համար գարիի ալիւրէն արդուին տասներորդ բաժինը պիտի բերէ. իւղ պիտի չթափէ անոր վրայ, ոչ ալ դնէ վրան, վասն զի նախանձաւորութեան ընծայ մըն է այն, յիշատակի ընծայ որ մեղքը կը յիշատակէ: 16Եւ քահանան կինը պիտի մօտեցնէ, ու Տէրոջը առջև կայնեցնէ: 17Եւ քահանան հողէ ամանով սուրբ պիտի առնէ. ու քահանան խորանին յատակը եղած հողէն պիտի առնէ, և ջուրին մէջ դնէ: 18Եւ քահանան Տէրոջը առջև պիտի կայնեցնէ կինը, ու կնոջ գլուխը բանայ, և յիշատակի ընծան, այսինքն նախանձաւորութեան ընծան, անոր ձեռքը պիտի տայ. ու անէծքին լեղի ջուրը քահանան իր ձեռքը պիտի ունենայ. 19Եւ քահանան անոր ընել պիտի տայ, ու ըսէ կնոջը, Եթէ մարդ մը քեզի հետ չպառկեցաւ, և եթէ քու էրկանդ անհաւատարմութիւն ընելով չպղծուեցար, անէծքին այս լեղի ջուրը քեզի վնաս մը չընէ. 20Բայց եթէ քու էրկանդ անհաւատարմութիւն ընելով պղծուեցար, և քու այրէդ զատ ուրիշ մարդ մը քեզի հետ պառկեցաւ, 21(Այն ատեն քահանան կնոջ անէծքի երդում ընել պիտի տայ, և քահանան կնոջ պիտի ըսէ,) Տէրը քեզ քու ժողովուրդիդ մէջտեղը անէծքի ու երդումի համար պիտի դնէ, երբ Տէրը քու զիստդ փտեցնէ ու քու փորդ ուռեցնէ. 22Եւ այս անէծքին ջուրը քու աղիքներուդ մէջ պիտի երթայ, որպէս զի քու փորդ ուռեցնէ, ու քու զիստդ փտեցնէ. և կինը պիտի ըսէ, Ամէն, ամէն: 23Եւ քահանան այս անէծքները գիրքի մը մէջ պիտի գրէ, ու այն լեղի ջրովը պիտի աւրէ: 24Եւ անէծքին լեղի ջուրը այն կնոջ պիտի խմցնէ. ու անէծքին ջուրը անոր ներսիդին պիտի երթայ` լեղի ըլլալու համար: 25Եւ քահանան կնոջ ձեռքէն նախանձաւորութեան ընծան պիտի առնէ, ու Տէրոջը առջև երերցնէ ընծան, և սեղանին մօտեցնէ զայն: 26Եւ քահանան ընծայէն իր ձեռքը լեցուն պիտի առնէ յիշատակի համար, ու սեղանին վրայ պիտի այրէ զայն. ու ետքը այն ջուրը կնոջը պիտի խմցնէ: 27Եւ ջուրը անոր խմցնելէն ետև` եթէ անիկա պըղծուած է, ու իր էրկանը անհաւատարմութիւն ըրած է, անէծքին ջուրը լեղի ըլլալով` երբ մտնէ անոր ներսիդին, անոր փորը պիտի ուռենայ, ու անոր զիստը փտի, և կինը իր ժողովուրդին մէջ անիծեալ պիտի ըլլայ: 28Իսկ եթէ կինը պղծուած չըլլալով մաքուր է, վնաս պիտի չկրէ, ու զաւակ պիտի ծնանի: 29Նախանձաւորութեան օրէնքը այս է, երբ կինը մը իր էրկանը անհաւատարմութիւն ընելով պղծուի, 30Կամ երբ մարդու մը վրայ նախանձաւորութեան ոգի գայ ու իր կնոջ վրայ նախանձի, Տէրոջը առջև պիտի կայնեցնէ կինը, և քահանան կատարէ այս բոլոր օրէնքը անոր վրայ. 31Եւ այն մարդը ազատ պիտի ըլլայ յանցանքէն, և կինը իր յանցանքը պիտի կրէ:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981