Թվոց գիրք
6
Ուխտաւորներու կանոններ
1Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի` ըսելով, 2Խօսէ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ անոնց, Եթէ մարդ մը կամ կին մը ինքզինք Տէրոջը նուիրելու համար ուխտաւորի մեծ ուխտ ընելու ըլլայ, 3Գինիէ և օղիէ պիտի զգուշանայ. գինիի քացախ կամ օղիի քացաք չխմէ, և բնաւ խաղողի օշարակ չխմէ, ու խաղող կամ չամիչ չուտէ: 4Ինքզինք նուիրելուն բոլոր օրերը որթէն եղած բան մը չուտէ, կուտերէն մինչև կեղեւը: 5Ինքզինք նուիրելու ուխտին բոլոր օրերը իր գլխուն ածելի չդպցնէ. մինչև ինքզինք Տէրոջը նուիրած օրերուն լմննալը ինք սուրբ ըլլայ. և իր գլխու մազերուն վարսքը թող տայ որ աճի: 6Ինքզինք Տէրոջը նուիրած բոլոր օրերը մեռած մարմինի մը չմօտենայ. 7Իր հօրը համար կամ մօրը համար, իր եղբօրը կամ իր քրոջը համար ինքզինք պիտի չպղծէ, երբ անոնք մեռնին, քանզի իր Աստուծոյն ուխտը իր գլխուն վրայ է: 8Ինքզինք նուիրելուն բոլոր օրերը ինք սուրբ է Տէրոջը: 9Եւ եթէ իր քով յանկարծ մարդ մը մեռնի, ու իր նուիրած գլուխը պղծուի, իր մաքրուելու օրը իր գլուխը ածիլէ. եօթներորդ օրը ածիլէ զայն. 10Եւ ութերորդ օրը ժողովքի խորանին դուռը երկու տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ բերէ քահանային: 11Եւ քահանան մէկը մեղքի պատարագ ու միւսը ողջակէզ պիտի մատուցանէ, և մեռելին պատճառաւ եղած մեղքին համար քաւութիւն պիտի ընէ անոր. ու նոյն օրը պիտի սրբէ անոր գլուխը: 12Եւ իր ուխտին օրերը Տէրոջը նուիրէ, ու յանցանքի պատարագի համար մէկ տարեկան գառնուկ մը բերէ. և առաջուան օրերը պիտի չհամրուին, որովհետև իր ուխտը պղծուեցաւ: 13Եւ ուխտաւորին օրէնքը այս է. Երբ ինքզինք նուիրելուն օրերը լմննան, անիկա ժողովքի խորանին դուռը պիտի բերուի. 14Եւ իր զոհը Տէրոջը պիտի մատուցանէ, մէկ տարեկան անարատ արու գառնուկ մը ողջակէզի համար, ու մէկ տարեկան անարատ էգ գառնուկ մը մեղքի պատարագի համար, և անարատ խոյ մը խաղաղութեան զոհի համար. 15Եւ սակառ մը բարակ ալիւրէ իւղով շաղուած անխմոր շօթեր, ու իւղով օծուած անխմոր լաւաշներ, և անոնց հացի ընծան ու թափելու նուէրը մատուցանէ: 16Եւ քահանան անոր մեղքի պատարագը ու անոր ողջակէզը Տէրոջը առջև մօտեցնելով պիտի մատուցանէ: 17Եւ խոյը խաղաղութեան զոհ պիտի մատուցանէ Տէրոջը` անխմոր հացին սակառովը. ու քահանան անոր հացի ընծան ու թափելու նուէրը մատուցանէ: 18Եւ ուխտաւորը իր նուիրած գլուխը պիտի ածիլէ ժողովքի խորանին դուռը. ու իր նուիրած գլխուն մազը առնէ և խաղաղութեան զոհին տակ եղած կրակին մէջ դնէ: 19Եւ քահանան խոյէն` եփած թևը, և սակառէն մէկ անխմոր շօթ ու մէկ անխմոր լաւաշ առնէ, և ուխտաւորին ձեռքերուն վրայ դնէ մազերուն ածիլուելէն ետքը. 20Եւ քահանան երերցնելու ընծայ մատուցանէ զանոնք Տէրոջը առջև. ասոնք երերցնելու երբուծով ու բարձրացնելու զիստով քահանային համար սուրբ են. և անկէ ետև ուխտաւորը գինի թող խմէ. 21Ուխտաւորի մը ու անոր նուիրուելուն համար Տէրոջը խոստացած իր ընծային օրէնքը այս է, իր ձեռքը հասածէն զատ. անիկա իր ըրած խոստմունքը իր նուիրուելուն օրէնքովը պիտի կատարէ:
Քահանայական օրհնութիւն
22Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի` ըսելով, 23Խօսէ Ահարոնի ու անոր որդիներուն և ըսէ, Այսպէս պիտի օրհնէք Իսրայէլի որդիները` ըսելով անոնց, 24Տէրը օրհնէ քեզ, և պահէ քեզ. 25Տէրը պայծառացնէ իր երեսը քու վրադ, ու ողորմի քեզի. 26Տէրը իր երեսը քու վրադ վերցնէ, և խաղաղութիւն տայ քեզի: 27Եւ իմ անունս Իսրայէլի որդիներուն վրայ պիտի դնեն, ու ես պիտի օրհնեմ զանոնք:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981