Թվոց գիրք
8
Լապտերներուն զետեղումը
1Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով, 2Խօսէ Ահարոնի ու ըսէ անոր, Երբ ճրագները վառես, եօթը ճրագները աշտանակին առջևի կողմէն լոյս պիտի տան: 3Եւ Ահարոն այնպէս ըրաւ. անոր ճրագները աշտանակին առջեւի կողմը վառեց, ինչպէս Տէրը Մովսէսի պատուիրեց: 4Եւ աշտանակին շէնքը այսպէս էր. կռածոյ ոսկիէ էր. անոր բունէն մինչև անոր ծաղիկները կռածոյ էին. Տէրոջը Մովսէսի ցուցուցած գաղափարին պէս` այնպէս շինեց աշտանակը:
Ղեւտացիներուն սրբագործումը և նուիրագործումը
5Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի` ըսելով, 6Իսրայէլի որդիներուն մէջէն Ղեւտացիները առ, ու մաքրէ զանոնք: 7Եւ զանոնք մաքրելու համար այսպէս պիտի ընես անոնց. մաքրութեան ջուր սրսկես անոնց վրայ, ու անոնք իրենց բոլոր մարմինները թող ածիլեն, և իրենց հանդերձները լուան ու մաքրուին: 8Ետքը զուարակ մը թող առնեն ու անոր հացի ընծային համար իւղով շաղուած բարակ ալիւր. դուն ալ ուրիշ զուարակ մը պիտի առնես մեղքի պատարագի համար: 9Ու Ղեւտացիները ժողովքի խորանին առջև մօտեցնես. և Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովքը ժողվես: 10Ու Ղեւտացիները Տէրոջը առջև մօտեցնես, ու Իսրայէլի որդիները իրենց ձեռքերը Ղեւտացիներուն վրայ դնեն: 11Եւ Ահարոն Իսրայէլի որդիներուն կողմէն` Ղեւտացիները Տէրոջը առջև ընծայ պիտի մատուցանէ*, և անոնք Տէրոջը պաշտօնը կատարելու համար ըլլան: 12Ու Ղեւտացիները իրենց ձեռքերը զուարակներուն գլխուն վրայ պիտի դնեն. ու Ղեւտացիներուն քաւութիւն ընելու համար մէկ զուարակը մեղքի պատարագ, ու միւսը ողջակէզ մատուցանես Տէրոջը: 13Եւ Ղեւտացիները Ահարոնի ու անոր որդիներուն առջև կայնեցնես, ու զանոնք ընծայ մատուցանես Տէրոջը: 14Այսպէս պիտի զատես Ղեւտացիները Իսրայէլի որդիներուն մէջէն, ու Ղեւտացիները իմս պիտի ըլլան: 15Եւ անկէ ետև Ղեւտացիները ժողովքի խորանին գործը ընելու մտնեն: Այսպէս պիտի մաքրես զանոնք, և ընծայ մատուցանես զանոնք. 16Քանզի անոնք բոլորովին ինծի տրուած են Իսրայէլի որդիներուն մէջէն. Իսրայէլի որդիներուն մէջ մօրը արգանդը բացող բոլոր անդրանիկներուն տեղ ինծի առի զանոնք: 17Վասն զի Իսրայէլի որդիներուն բոլոր անդրանիկները, թէ° մարդու և թէ° անասունի, իմս են. Եգիպտոսի երկրին մէջ բոլոր անդրանիկները զարկած օրէս` զանոնք սրբեցի ինծի համար: 18Եւ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր անդրանիկներուն տեղ Ղեւտացիները առի: 19Եւ Իսրայէլի որդիներուն մէջէն Ղեւտացիները բոլորովին Ահարոնի ու անոր որդիներուն տուի, որպէս զի ժողովքի խորանին մէջ Իսրայէլի որդիներուն պաշտօնը ընեն, և Իսրայէլի որդիներուն համար քաւութիւն ընեն, որպէս զի Իսրայէլի որդիներուն վրայ հարուած չգայ` երբ Իսրայէլի որդիները սրբարանին մօտենան: 20Եւ Մովսէս ու Ահարոն և Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովքը Ղեւտացւոց վրայով Տէրոջը Մովսէսի բոլոր պատուիրածին պէս ըրին Ղեւտացիներուն. Իսրայէլի որդիները այնպէս ըրին անոնց. 21Ու Ղեւտացիները մաքրուեցան, և իրենց հանդերձները լուացին, և Ահարոն ընծայ մատուց զանոնք Տէրոջը առջև. ու Ահարոն անոնց համար քաւութիւն ըրաւ, որպէս զի զանոնք մաքրէ: 22Եւ անկէ ետև Ղեւտացիները ժողովքի խորանին մէջ մտան` Ահարոնի ու անոր որդիներուն առջև իրենց պաշտօնը ընելու համար. Ղեւտացւոց վրայով Տէրոջը Մովսէսի պատուիրածին պէս, այնպէս ըրին անոնց: 23Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի` ըսելով, 24Ղեւտացւոց կանոնը այս ըլլայ. Քսանըհինգ տարեկանէ վեր եղողները ժողովքի խորանին պաշտօնը ընելու գունդին մէջ պիտի մտնեն. 25Եւ յիսուն տարեկան ըլլալէ ետքը պաշտօնին գունդէն պիտի դադարին, ու ալ ծառայելու չեն. 26Սակայն ժողովքի խորանին մէջ պահպանութիւնը պահելու պիտի օգնեն իրենց եղբայրներուն, և ծառայութիւն պիտի չընեն. այսպէս պիտի ընես Ղեւտացիներուն իրենց պահպանութիւններուն համար:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981