Թվոց գիրք

9

Երկրորդ զատիկը

1Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի Սինայի անապատին մէջ, անոնց Եգիպտոսի երկրէն ելլելուն երկրորդ տարին առաջին ամսուն մէջ` ըսելով, 2Իսրայէլի որդիները իր որոշուած ժամանակին թող ընեն զատիկը: 3Այս ամսուն չորեքտասաներորդ օրը իրիկուան դէմ պիտի ընէք զայն` իր որոշուած ժամանակին. անոր բոլոր կանոններուն ու անոր բոլոր կարգադրութիւններուն համեմատ պիտի ընէք զայն: 4Եւ խօսեցաւ Իսրայէլի որդիներուն որ զատիկը ընեն: 5Եւ անոնք առաջին ամսուն չորեքտասաներորդ օրը իրիկուան դէմ զատիկը ըրին Սինայի անապատին մէջ. Տէրոջը Մովսէսի բոլոր պատուիրածին պէս` Իսրայէլի որդիները այնպէս ըրին: 6Եւ կային ոմանք` որ մարդու մեռելէ պղծուած ըլլալով, այն օրը չկրցան զատիկը ընել. և այն օրը Մովսէսի ու Ահարոնի առջև եկան. 7Եւ այս մարդիկը ըսին անոր, Մենք մարդու մեռած մարմինէ պղծուած ենք. ինչո՞ւ համար Իսրայէլի որդիներուն մէջ Տէրոջը պատարագը իր որոշուած ժամանակին մատուցանելէն արգիլուինք: 8Եւ Մովսէս ըսաւ անոնց, Կեցէք, նայիմ Տէրը ի°նչ կը պատուիրէ ձեր վրայով: 9Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի` ըսելով, 10Խօսէ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ, Եթէ ձեզմէ կամ ձեր սերունդէն մէկը մեռած մարմինէ մը պղծուի, կամ հեռաւոր ճամբորդութեան մէջ ըլլայ, անիկա ալ զատիկը պիտի ընէ Տէրոջը. 11Երկրորդ ամսուն չորեքտասաներորդ օրը իրիկուան դէմ ընեն զայն, բաղարջով ու լեղի խոտերով ուտեն զայն. 12Անկէ մինչև առտու բան մը չթողուն, և անկէ ոսկոր մը չկոտրեն. զատկին բոլոր կանոններուն համեմատ ընեն զայն: 13Բայց եթէ մաքուր եղող ու ճամբորդութեան մէջ չեղող մարդը զատիկը ընելը զանց ընէ, այն անձը իր ժողովուրդին մէջէն պիտի կորսուի, վասն զի Տէրոջը պատարագը իր որոշուած ժամանակին չմատուց. այն մարդը իր մեղքը պիտի կրէ: 14Եւ եթէ օտարական մը ձեր մէջ պանդխտանայ, ու զատիկը ընելու ըլլայ Տէրոջը, զատկին կանոնին և անոր կարգադրութեանը համեմատ պիտի ընէ. թէ° օտարականին և թէ° երկրին բնակին համար մէկ պիտի ունենաք:

Հրեղէն ամպը

15Եւ այն օրը որ խորանը կանգնուեցաւ, վկայութեան վրանին վրայովը ամպը պատեց խորանը. ու իրիկուընէ մինչև առտու խորանին վրայ կրակի երեւութով կը կենար: 16Միշտ այսպէս էր. ցորեկը ամպը կը ծածկէր զայն, և գիշերը` կրակին երեւոյթը: 17Ու երբ ամպը խորանէն կը վերնար, անկէ ետև Իսրայէլի որդիները կը չուէին. և ուր որ ամպը կը կենար, հոն Իսրայէլի որդիները իջեւան կ’ընէին: 18Տէրոջը հրամանովը Իսրայէլի որդիները կը չուէին, և Տէրոջը հրամանովը իջևան կ’ընէին. ամպը խորանին վրայ որչափ ատեն որ կը կենար, անոնք իրենց վրաններուն մէջ կը մնային: 19Եւ երբ ամպը շատ օրեր խորանին վրայ մնար, Իսրայէլի որդիները Տէրոջը պահպանութիւնը կը պահէին, ու չէին չուեր: 20Նոյնպէս ալ երբ ամպը խորանին վրայ քիչ օր կենար, Տէրոջը հրամանին համեմատ իջեւան կ’ընէին, ու Տէրոջը հրամանին համեմատ կը չուէին: 21Նոյնպէս ալ երբ ամպը իրիկուընէ մինչև առտու մնար, առտուանց ամպին վեր ելած ատենը կը չուէին. թէ° ցորեկ ըլլար և թէ° գիշեր, ամպին ելած ատենը կը չուէին. 22Կամ երկու օր, կամ մէկ ամիս, և կամ մէկ տարի, որ ամպը խորանին վրայ կենալով մնար, Իսրայէլի որդիները իջեւան կ’ընէին ու չէին չուեր. բայց երբ վերնար, կը չուէին: 23Տէրոջը հրամանին համեմատ իջեւան կ’ընէին, և Տէրոջը հրամանին համեմատ կը չուէին. Մովսէսի ձեռքով տրուած Տէրոջը հրամանին համեմատ Տէրոջը պահպանութիւնը կը պահէին:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981