Սողոմոնի Առակների գիրք

1

Առակներուն արժէքը

1Իսրայէլի թագաւորին Դաւիթի որդւոյն Սողոմոնի առակները. 2Իմաստութիւնը ու խրատը գիտնալու համար, Հանճարին խօսքերը հասկնալու համար. 3Իմաստութեան կրթութիւնը ընդունելու համար, Այսինքն արդարութիւնը, դատաստանը և ուղղութիւնը. 4Միամիտներուն սրտմտութիւն տալու համար, Ու երիտասարդներուն գիտութիւն և հանճար: 5Իմաստունը թող լսէ ու իր իմաստութիւնը աւելցնէ, Ու հանճարեղ մարդը խոհեմութիւն ստանայ, 6Առակը ու նմանութիւնը հասկնալու համար, Նաև իմաստուններուն խօսքերը ու անոնց խրթնաբանութիւնները:

Խրատ երիտասարդին

7Իմաստութեան սկիզբը Տէրոջը վախն է, Բայց յիմարները իմաստութիւնը ու կրթութիւնը կ’անարգեն: 8Որդեակ իմ, քու հօրդ խրատը մտիկ ըրէ, Ու քու մօրդ օրէնքը մի մերժեր. 9Քանզի անոնք քու գլուխդ շնորհաց , Եւ քու պարանոցդ մանեակներ պիտի ըլլան: 10Որդեակ իմ, եթէ մեղաւորները քեզ գլխէ հանել ուզեն, Դուն անոնց հաւանութիւն մի տար: 11Եթէ ըսեն, Մեզի հետ եկուր, Արեան համար դարանամուտ ըլլանք, Անմեղ մարդուն համար առանց պատճառի ծածուկ տեղ սպասենք. 12Զանոնք գերեզմանի պէս ողջ ողջ՝ Եւ գուբը իջնողներուն պէս ամբողջ կլլենք. 13Ամէն տեսակ պատուական ստացուածք գտնենք, Ու մեր տուները աւարով լեցնենք. 14Քու վիճակդ մեր մէջ ձգէ, Ամէնս մէկ քսակ ունենանք: 15Որդեակ իմ, անոնց հետ ճամբայ մի երթար, Անոնց շաւիղէն քու ոտքերդ ետ պահէ. 16Քանզի անոնց ոտքերը չարութեան կը վազեն, Եւ արիւն թափելու կ’արտորան: 17Արդարև ամէն թռչունին աչքերուն առջև Պարապ տեղ վարմեր կը լարուին. 18Բայց անոնք իրենց արեանը համար դարան կը գործեն, Ու իրենց կեանքին համար ծածուկ տեղ կը սպասեն: 19Ամէն ագահին ճամբաները այսպէս են. Ագահութիւնը իրեն անձնատուր եղողները կը մեռցնէ:

Իմաստութիւնը կը կանչէ

20Իմաստութիւնը դուրսը բարձրաձայն կ’աղաղակէ, Ու հրապարակներու մէջ իր ձայնը կու տայ, 21Անիկա բազմութիւն եղած տեղերուն գլուխը Եւ դռներուն մուտքերուն մէջ կ’աղաղակէ, Ու քաղաքին մէջ իր խօսքերը կը խօսի ու կ’ըսէ, 22Ով անմիտներ, մինչև ե՞րբ անմտութիւնը պիտի սիրէք, Մինչև ե՞րբ ծաղր ընողները ծաղր ընելով պիտի զուարճանան, Ու յիմարները գիտութիւնը ատեն: 23Իմ յանդիմանութեանս դարձէք. Ահա իմ հոգիս ձեր վրայ պիտի թափեմ, Իմ խօսքերս ձեզի պիտի հասկցնեմ: 24Որովհետև ես կանչեցի, ու դուք չուզեցիք լսել. Ձեռքս երկնցուցի, ու մտիկ ընող չեղաւ. 25Հապա իմ բոլոր խրատներս մերժեցիք, Եւ իմ յանդիմանութիւնս չուզեցիք. 26Ես ալ ձեր թշվառութեանը վրայ պիտի ծիծաղիմ, Ու ձեր վախը հասնելուն՝ ծաղր պիտի ընեմ. 27Երբ ձեր վախը հեղեղի պէս հասնի, Ձեր թշուառութիւնը մրրիկի պէս պատահի, Եւ ձեր վրայ նեղութիւն ու տառապանք գայ, 28Այն ատեն ինծի պիտի աղաղակեն, Ու պատասխան պիտի չտամ. Զիս պիտի փնտռեն ու պիտի չկրնան գտնել. 29Որովհետև գիտութիւնը ատեցին, Ու Տէրոջը վախը չընտրեցին. 30Իմ խրատներս չուզեցին, Ու բոլոր յանդիմանութիւնս անարգեցին. 31Ուրեմն անոնք իրենց ճամբուն պտուղէն պիտի ուտեն, Ու իրենց խորհուրդներէն պիտի կշտանան: 32Վասն զի անմիտներուն խոտորիլը զիրենք պիտի մեռցնէ, Եւ յիմարներուն անհոգութիւնը զիրենք պիտի կորսնցնէ: 33Բայց ինծի մտիկ ընողը ապահովութեամբ պիտի բնակի, Ու չարիքներու վախէն հանդարտ պիտի ըլլայ:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981