Սողոմոնի Առակների գիրք
10
Սողոմոնի առակները
1Իմաստուն տղան իր հայրը կ’ուրախացնէ. Բայց անմիտ տղան իր մօրը տրտմութիւն է: 2Անօրէնութեան գանձերը օգուտ չեն ըներ. Բայց արդարութիւնը մահուանէ կ’ազատէ: 3Տէրը արդարին հոգին անոթի չթողուր. Բայց ամբարիշտներուն ցանկութիւնը կը խափանէ: 4Ծոյլ ձեռքով բանողը աղքատ կ’ըլլայ. Բայց ժիր մարդոց ձեռքը հարստութիւն կը բերէ: 5Ան որ ամառը կը ժողվէ, խոհեմ տղայ է. Հունձքի ատեն քնացողը ամօթի պատճառ եղող տղայ է: 6Արդարին գլխուն վրայ օրհնութիւններ կան. Բայց բռնութիւնը ամբարիշտներուն բերանը կը գոցէ: 7Արդարներուն յիշատակը օրհնեալ կ’ըլլայ. Բայց ամբարիշտներուն անունը կը փտի: 8Իմաստուն սիրտ ունեցողը պատուիրանքները կը բռնէ. Բայց յիմար շրթունք ունեցողը կը կործանի: 9Կատարելութեամբ քալողը ապահովութեամբ կը քալէ. Բայց իր ճամբաները ծռողը պիտի ճանչցուի: 10Աչքով ակնարկութիւն ընողը նեղութիւն կու տայ. Ու յիմար շրթունք ունեցողը կը կործանի: 11Արդարին բերանը կեանքի աղբիւր է. Բայց բռնութիւնը ամբարիշտներուն բերանը կը գոցէ: 12Ատելութիւնը կռիվներ կը հանէ. Բայց սէրը ամէն յանցանքները կը ծածկէ: 13Իմաստունին շրթունքներուն վրայ իմաստութիւն կը գտնուի. Բայց պակասամիտ եղողին կռնակին համար գաւազան պէտք է: 14Իմաստունները գիտութիւն կը գանձեն. Բայց յիմարին բերանը կործանման մօտ է: 15Հարուստին ճոխութիւնը իր ամուր քաղաքն է. Բայց տնանկներուն աղքատութիւնը իրենց կործանումն է: 16Արդարին գործը կեանքի համար է. Իսկ ամբարշտին արդիւնքը մեղքի համար է: 17Խրատ պահողը կեանքի ճամբուն մէջ է. Բայց յանդիմանութիւնը մերժողը կը մոլորի: 18Ատելութիւնը ծածկողը ստախօս շրթունքներ ունի, Ու բամբասանք հանողը անմիտ է: 19Շատ խօսքերու մէջ յանցանք պակաս չէ. Բայց իր շրթունքները զսպողը խելացի է: 20Արդարին լեզուն ընտիր արծաթ է. Ամբարիշտներուն սիրտը քիչ արժէք ունի: 21Արդարին շրթունքները շատերուն առաջնորդութիւն կ’ընեն. Բայց յիմարները խելքի պակսութենէ կը մեռնին: 22Տէրոջը օրհնութիւնն է որ հարստութիւն կու տայ, Ու անոր հետ տրտմութիւն չխառներ: 23Չարութիւն ընելը յիմարին զբօսանքն է. Բայց խոհեմ մարդուն՝ իմաստութիւնը: 24Չար մարդուն վախցած բանը իր վրայ կու գայ. Բայց արդարներուն փափաքը կը լեցուի: 25Մրրիկը անցնելուն պէս ամբարիշտը բնաջինջ կ’ըլլայ. Բայց արդարը յաւիտենական յիմ ունի: 26Ինչպէս քացախը ակռաներուն, և ծուխը աչքերուն, Ծոյլն ալ զինք ղրկողներուն այնպէս է: 27Տէրոջը վախը օրեր կ’աւելցնէ. Բայց ամբարիշտներուն տարիները պիտի կարճնան: 28Արդարներուն յոյսը ուրախութիւն է. Բայց ամբարիշտներուն ակնկալութիւնը պիտի կորսուի: 29Տէրոջը ճամբան արդարին զօրութիւն է. Բայց անօրէնութիւն գործողներուն կործանում է: 30Արդարը պիտի չսասանի յաւիտեան. Բայց ամբարիշտները երկրի վրայ պիտի չբնակին: 31Արդարին բերանը իմաստութիւն կը բղխէ. Բայց նենգաւոր լեզուն պիտի կտրուի: 32Արդարին շրթունքները հաճոյ բանը գիտեն, Բայց ամբարիշտներուն բերանը՝ միայն նենգութիւն: