Սողոմոնի Առակների գիրք

11

1Նենգութեան կշիռքը Տէրոջը առջև պիղծ է. Բայց ուղիղ կշիռքի քարը անոր հաճոյ է: 2Երբ հպարտութիւնը գայ, անարգութիւնն ալ կու գայ. Բայց իմաստութիւնը խոնարհներուն հետ է: 3Ուղիղներուն շիտակութիւնը անոնց առաջնորդութիւն կ’ընէ. Բայց անօրէններուն ծռութիւնը զանոնք բնաջինջ կ’ընէ: 4Բարկութեան օրը հարստութիւնը օգուտ մը չըներ. Բայց արդարութիւնը մահուանէ կ’ազատէ: 5Կատարեալներուն արդարութիւնը անոնց ճամբան կը շիտկէ. Բայց անիրաւը իր անիրաւութիւնովը կ’իյնայ: 6Ուղիղներուն արդարութիւնը զանոնք կ’ազատէ. Բայց անօրէնները իրենց չարութեանը մէջ կը բռնուին: 7Երբ չար մարդը մեռնի, անոր ակնկալութիւնը կը կորսուի. Եւ անօրէններուն յոյսը կը կորսուի: 8Արդարը նեղութենէ կ’ազատի, Ու անոր տեղ ամբարիշտը կ’երթայ: 9Կեղծաւորը բերնովը իր դրացին կը կորսնցնէ. Բայց արդարները գիտութեամբ կ’ազատին: 10Արդարներուն յաջողութեանը վրայ քաղաքը կ’ուրախանայ. Ու երբ չարերը կորսուին, ցնծութեան ձայն կը լսուի: 11Ուղիղներուն օրհնութիւնովը քաղաքը կը բարձրանայ. Բայց ամբարիշտներուն բերնովը կը կործանի: 12Պակասամիտ եղողը իր դրացին կ’արհամարհէ. Բայց խոհեմ մարդը կը լռէ: 13Բանսարկութեան պտըտողը գաղտնիքը կը յայտնէ. Բայց հաւատարիմ ունեցողը բանը կը ծածկէ: 14Ժողովուրդը առանց խոհականութեան կը կործանի. Բայց խորհրդականներու բազմութեամբ փրկութիւն կ’ըլլայ: 15Օտարականին երաշխավոր եղողը անշուշտ չարիքի կը հանդիպի. Բայց երաշխավորութիւնը ատողը ապահով է: 16Շնորհալի կինը պատիւ կը ստանայ. Եւ զօրաւոր մարդիկ հարստութիւն կը ստանան: 17Ողորմած մարդը իր անձին աղէկութիւն կ’ընէ. Բայց անողորմ մարդը իր մարմնին նեղութիւն կու տայ: 18Չար մարդը սնոտի գործ կը գործէ. Բայց արդարութիւն ցանողը ապահով վարձք կ’ունենայ: 19Ինչպէս արդարութիւնը կեանքի կ’առաջնորդէ, Նոյնպէս չարութեան հետևողը իր մահուանը կ’երթայ: 20Ծուռ սիրտ ունեցողները Տէրոջը առջև պիղծ են. Բայց ուղիղ ճամբայ քալողները անոր հաճոյ են: 21Անօրէնները թէև ձեռք ձեռքի տալով միաբանին, անպատիժ պիտի չմնան. Բայց արդարներուն սերունդը պիտի ազատի: 22Գեղեցիկ կինը՝ որ խոհեմութիւն չունի, Խոզին քիթը դրուած օղակին կը նմանի: 23Արդարներուն ցանկութիւնը միայն բարութիւն է. Բայց անօրէններուն ակնկալութիւնը բարկութիւն պիտի ըլլայ: 24Մարդ կայ որ իր ստացուածքը ցրուելով կ’աւելցնէ, Ու մարդ կայ որ չափէ դուրս կը խնայէ, բայց կարօտութեան կը հասնի: 25Բարերար աձը պիտի գիրնայ․ Եւ ան որ կ’ոռոգէ՝ ինքն ալ պիտի ոռոգուի: 26Ցորենը պահողին՝ ժողովուրդը կու տայ. Բայց զանիկա ծախողին գլխուն վրայ օրհնութիւն կ’ըլլայ: 27Աղէկութեան համար փոյթ ունեցողը շնորհք կը ստանայ. Բայց ով որ գէշութիւն կը փնտռէ, անիկա իրեն պիտի հանդիպի: 28Իր հարստութեանը վրայ յոյսը դնողը պիտի իյնայ. Բայց արդարները կանանչ տերևի պէս պիտի ծաղկին: 29Իր տանը նեղութիւն տուողը հով պիտի ժառանգէ. Ու յիմարը իմաստուն սիրտ ունեցողին ծառայ պիտի ըլլայ: 30Արդարին պտուղը կենաց ծառ է. Եւ հոգիներ վաստըկողը իմաստուն է: 31Ահա արդարը երկրի վրայ պատիժ կը կրէ. Ո՞ւր մնաց ամբարիշտը ու մեղաւորը:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)