Սողոմոնի Առակների գիրք

12

1Խրատ սիրողը գիտութիւն կը սիրէ, Ու յանդիմանութիւն ատողը անմիտ է: 2 մարդը Տէրոջմէ շնորհք կը ստանայ. Բայց նենգաւոր մարդը պիտի դատապարտէ: 3Մարդը անիրաւութեամբ հաստատութիւն չունենար. Բայց արդարներուն արմատը չշարժիր: 4Առաքինի կինը իր էրկանը է. Բայց նախատինք բերողը անոր ոսկորներուն մէջի փտութեանը պէս է: 5Արդարներուն մտածութիւնները են. Բայց ամբարիշտներուն խորհուրդները նենգութիւն են: 6Ամբարիշտներուն խօսքերը արիւնի համար դարան են. Բայց ուղիղներուն բերանը զիրենք կ’ազատէ: 7Ամբարիշտները կը կործանին ու բնաջինջ կ’ըլլան. Բայց արդարներուն տունը կը հաստատուի: 8Մարդը իր խոհեմութեանը չափ կը գովուի. Բայց ծուռ սիրտ ունեցողը կ’անարգուի: 9Աննշան մարդը որ ծառայ ունի, Զինք մեծցնող ու հացի կարօտ եղողէն աղէկ է: 10Արդարը իր անասուններուն կեանքին համար հոգ կը տանի. Բայց ամբարիշտներուն աղիքները անողորմ են: 11Իր երկիրը գործողը հացով կը կըշտանայ. Բայց դատարկ մարդոց հետևողը պակասամիտ է: 12Ամբարիշտը չարերուն աւարին կը փափաքի. Բայց արդարներուն արմատը կու տայ: 13Չարը իր շրթունքներուն յանցանքովը որոգայթը կ’իյնայ. Բայց արդարը նեղութենէ կ’ելլէ: 14Մարդը իր բերնին պտուղէն բարիքներով կը լեցուի. Ու մարդուն ձեռքերուն հատուցումը իրեն պիտի դառնայ: 15Յիմարին ճամբան իր աչքերուն շիտակ է. Բայց խրատ մտիկ ընողը իմաստուն է: 16Յիմարը նոյն օրը կը յայտնէ իր բարկութիւնը. Բայց անարգանքը ծածկողը խելացի է: 17Ճշմարտութիւն խօսողը արդարութիւն կը յայտնէ, Իսկ սուտ վկան՝ նենգութիւն: 18Մարդիկ կան որոնք իրենց շատախօսութիւնովը սուրի պէս կը խոցոտեն. Բայց իմաստուններուն լեզուն բժշկութիւն է: 19Ճշմարտախօս շրթունքը միշտ հաստատ կը մնայ. Բայց ստախօս լեզուն վայրկենական է: 20Չարութիւն մտածողին սրտին մէջ նենգութիւն կ’ըլլայ. Բայց խաղաղութեան համար խորհուրդ ընողները ուրախութիւն կ’ունենան: 21Արդարին բնաւ չարիք չհասնիր. Բայց ամբարիշտները թշուառութիւններով կը լեցուին: 22Սուտ շրթունքը Տէրոջը զզուելի է. Բայց հաւատարմութիւն ընողները անոր հաճոյ են: 23Խոհեմ մարդը իր գիտցածը կը ծածկէ. Բայց յիմարներուն սիրտը յիմարութիւն կը հրատարակէ: 24Ժիր մարդոց ձեռքը կ’իշխէ, Ու ծոյլը հարկատու կ’ըլլայ: 25Մարդուն սրտին մէջ եղող վիշտը զանիկա կը ճնշէ. Բայց աղէկ խօսքը կ’ուրախացնէ զանիկա: 26Արդարը իր ընկերին ճամբայ կը ցուցնէ. Բայց ամբարիշտներուն ճամբան զիրենք կը մոլորեցնէ: 27Ծոյլը իր որսը չեփեր. Բայց ժիր մարդուն ստացուածքը պատուական է: 28Արդարութեան ճամբուն մէջ կեանք կայ. Եւ անոր շաւիղներուն ճամբուն մէջ մահ չկայ:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981