Սողոմոնի Առակների գիրք
13
1Իմաստուն տղան իր հօրը խրատը մտիկ կ’ընէ. Բայց ծաղր ընողը յանդիմանութիւնը մտիկ չըներ: 2Մարդը իր բերնին պտուղէն բարութիւն կ’ուտէ, Բայց անօրէններուն հոգին՝ բռնութիւն: 3Իր բերանը զսպողը իր աձը կը պահէ. Բայց շրթունքները լայն բացողը պիտի կորսուի: 4Ծոյլին հոգին կը ցանկայ ու բան մը չունի. Բայց ժրաջան մարդոց հոգին կը գիրնայ: 5Սուտ խօսքը արդարին ատելի է. Բայց ամբարիշտը ամօթալից ու խայտառակ վարք ունի: 6Արդարութիւնը կատարելութեամբ քալողները կը պաշտպանէ. Բայց չարութիւնը մեղաւորները կը կործանէ: 7Կան որ զիրենք հարուստ կը ցուցնեն ու բան մը չունին, Եւ կան որ զիրենք աղքատ կը ցուցնեն ու շատ հարստութիւն ունին: 8Մարդուն կեանքին փրկանքը իր հարըստութիւնն է. Բայց աղքատը յանդիմանութիւն չլսեր: 9Արդարներուն լոյսը զուարթ պիտի ըլլայ. Բայց ամբարիշտներուն ճրագը պիտի մարի: 10Յիրաւի հպարտութենէ կռիւ կը ծագի. Բայց խրատ մտիկ ընողներուն քով իմաստութիւն կայ: 11Անիրաւութեամբ ժողվուած հարստութիւնը պիտի պակսի. Բայց իր աշխատութիւնով ժողվողը պիտի շատցնէ: 12Ուշացած յոյսը սիրտը կը հիւանդացնէ. Բայց փափաքին հասնիլը կեանքի ծառ մըն է: 13Խօսքը արհամարհողը պիտի կորսուի. Բայց պատուիրանքէն վախցողը վարձք պիտի առնէ: 14Իմաստունին օրէնքը կեանքի աղբիւր է՝ Մահուան որոգայթներէն ազատ մնալու համար: 15Բարի խոհեմութիւնը շնորհք կու տայ. Բայց անօրէններուն ճամբան դժուարին է: 16Ամէն խելացի իմաստութեամբ կը գործէ. Բայց անմիտը յիմարութիւն կը տարածէ: 17Չար պատգամաւորը թշուառութեան մէջ կ’իյնայ. Բայց հաւատարիմ դեսպանը բժշկութիւն է: 18Խրատ անարգողը աղքատութիւն ու անարգութիւն կը կրէ. Բայց յանդիմանութիւն մտիկ ընողը պատիւ կը գտնէ: 19Փափաքին կատարուիլը հոգիին անոյշ է. Ու չարագործութենէ ետ կենալը յիմարներուն զզուելի է: 20Իմաստուններուն հետ քալողը իմաստուն կ’ըլլայ. Բայց անմիտներուն հետ ընկերացողը չար կ’ըլլայ: 21Մեղաւորներուն ետևէն ձախորդութիւն կ’երթայ. Բայց արդարներուն բարիք կը հատուցուի: 22Բարի մարդը իր որդւոց որդիներուն ժառանգութիւն կը թողու. Բայց մեղաւորին ստացուածքը արդարին համար կը պահուի: 23Աղքատներուն մշակած երկրին մէջ շատ ուտելիք կայ. Բայց մարդ կայ որ անիրաւութենէ կը կորսուի: 24Գաւազանին խնայողը իր որդին կ’ատէ. Բայց զանիկա սիրողը կանուխ կը խրատէ: 25Արդարը մինչև իր անձին կշտանալը կ’ուտէ. Բայց ամբարիշտներուն փորը կարօտութիւն պիտի քաշէ:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981